Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովին Եւ Խորհրդարանը Հրաւիրեց Օրէնսդրական Նիստի Մը

Ապրիլ 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն աւարտին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ երեքշաբթի, 18 ապրիլի խորհրդարանի նիստը պիտի գումարուի` քննարկելու համար քաղաքապետական ընտրութիւնները:

Քաղաքապետական ընտրութիւններուն համար առաջարկուելիք օրէնքը քաղաքապետական խորհուրդներուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումը չէ, այլ` քաղաքացիի շահերուն ծառայելու եւ թափուր դրութենէն խուսափելու նպատակ կը հետապնդէ:

Պու Սաապ ընդգծեց, որ իրենք չեն փափաքիր քաղաքապետական խորհուրդներուն գործունէութեան առումով դատարկութեան փուլ մը վկայել` աւելցնելով, որ երբ կառավարութիւնը յարմար նկատէ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն կայացումը, թող կատարէ զանոնք:

Երեսփոխանական կարգ մը պլոքներու եւ քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու տրամադրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Սաապ յայտնեց, որ սահմանադրական օրէնքներուն համաձայն, որեւէ քաղաքական ուժ կրնայ պոյքոթի ենթարկել այդ ժողովը:

«Սակայն օրէնսդրական նիստին նպատակն է անհրաժեշտութեան օրէնսդրութիւն կատարել, եւ այդ մէկը խորհրդարանը նախապէս կը կատարէր` հանրապետութեան նախագահի բացակայութեան պարագային: Իսկ այն պլոքներն ու ուժերը, որոնք ներկայիս կը մերժեն ներկայ գտնուիլ այդ ժողովին, նախապէս ներկայ կը գտնուէին այդ նիստերուն: Բայց եւ այնպէս, եթէ անոնք պոյքոթի ենթարկելով իրենց ներկայութիւնը, միայն կեցուածք արձանագրելու նպատակ կը հետապնդեն, ապա անոնք կը հակադրուին իրենց նախկին կեցուածքներուն», շեշտեց ան:

Պըրրիի այցելեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 18 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի շարք մը օրինագիծեր բովանդակող օրակարգ մը:

ՆՇԵՆՔ, որ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ ժողովի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 18 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:

Ժողովին ընթացքին պիտի գումարուի 9 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Մաուլաուին Եւ Զօր. Աունը

Յաջորդը

Ընկերական Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?