Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յ. Բագրատունի Մասնակցեցաւ Ապտոլլահեանի Հետ Կայացած Խորհրդարանի Անդամներու Հանդիպումին

April 29, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան Լիբանան կատարած իր այցելութեան առիթով ունեցաւ հանդիպում մը` խորհրդարանական տարբեր պլոքներու երեսփոխաններուն հետ, որոնց շարքին էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան, Ազգային ազատ հոսանքի եւ Ազգային անկախ պլոքի երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ կարգ մը անկախ երեսփոխաններ:

Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ Ապտոլլահեան վերահաստատեց, որ Թեհրան կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահի մը, որուն շուրջ լիբանանցիները համախոհութիւն կը գոյացնեն:

Հանդիպումին ընթացքին Ապտոլլահեան լսեց հանդիպումին մասնակից երեսփոխաններուն կեցուածքներն ու տեսակէտները` իրանեան-սէուտական համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ընդհանուր իրավիճակին մասին:

Ապտոլլահեան անդրադարձաւ շրջանին մէջ իրանեան-սէուտական համաձայնութեան ունենալիք դրական արդիւնքներուն եւ շրջանային առումով նոր պատգամներ ուղղեց ներկաներուն:

Ապտոլլահեան ընդգծեց Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ներքին լիբանանեան հարց է:

Ան ընդգծեց, որ Թեհրան պատրաստ է ելեկտրականութեան մարզին հարցով օժանդակել ու Լիբանանին` զարմանք յայտնելով պատժամիջոցներու մտավախութիւններուն մասին:

Այս առիթով Յ. Բագրատունիի արտասանած խօսքը պիտի հրատարակենք յաջորդիւ:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Առիթով Տրուած Հարցազրոյցներ

Յաջորդը

Փաշինեան Եւ Միշել Խօսած Են Հայաստան-Ազրպէյճան Բանակցային Հոլովոյթին Մասին

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.