Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարին Հարցով Լիբանանի Մէջ Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Պիտի Զօրակցինք» Շեշտեց Ապտելլահեան

April 28, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան, որ աշխատանքային պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Լիբանան, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ միջինարեւելեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ Պէյրութ-Թեհրան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Իր կարգին, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ապտելլահեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին եւ Ապտելլահեանի ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Ապտելլահեան այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պու Հապիպ յայտնեց, որ իրանցի իր պաշտօնակիցը ներկայացուցած է սէուտական-իրանեան համաձայնութեան մանրամասնութիւնները եւ յոյս յայտնած, որ անոր բարիքները քաղէ նաեւ Լիբանանը:

Պու Հապիպ լաւատեսութիւն յայտնեց գոյացած համաձայնութիւններուն մասին` աւելցնելով, որ Լիբանանի դրացի երկիրներուն միջեւ գոյացած որեւէ համաձայնութիւն օգտակար է:

Ան նկատել տուաւ, որ սէուտական-իրանեան համաձայնութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ նաեւ Եմէնի եւ Լիբանանի վրայ, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան դատին հարցով:

Պու Հապիպ շեշտեց, որ այս համաձայնութիւնը շրջանին մէջ խաղաղութեան համար կարեւոր համաձայնութիւն մըն է:

Պու Հապիպ նշեց, որ Ապտելլահեան առաջարկած է Թեհրանի օժանդակութիւնը` բարելաւելու համար լիբանանեան ելեկտրականութեան մարզը, ինչպէս նաեւ նաւթ նուիրելու Լիբանանին: Ան աւելցուց, որ ինք այս առաջարկը պիտի ներկայացնէ կառավարութեան մէջ այլ պատասխանատուներու, իսկ Ապտելլահեան այդ մասին անձամբ տեղեակ պիտի պահէ Միքաթին:

Ապտելլահեան յայտնեց, որ Պու Հապիպի հետ քննարկած են շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին իրավիճակը յուզող հարցերն ու շրջանային եւ միջազգային տագնապները:

Ապտելլահեան շեշտեց, որ Իրան միշտ բարիք կը մաղթէ Լիբանանին` հաստատելով, որ Թեհրան կը քաջալերէ լիբանանեան քաղաքական ուժերը` համաձայնելու նախագահական ընտրութեան շուրջ:

«Նախագահական ընտրութեան թղթածրարին հարցով Լիբանանի մէջ գոյանալիք որեւէ համաձայնութեան պիտի զօրակցինք եւ կոչ կ՛ուղղենք օտար կողմերուն` նաեւ զօրակցելու նախագահական ընտրութեան այս հոլովոյթին, առանց ներքին լիբանանեան հարցերուն միջամուխ դառնալու», ըսաւ ան:

Ապտելլահեան ընդգծեց, որ Պու Հապիպի հետ քննարկած է Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ ամբողջական գործակցութեան հեռանկարները` շեշտելով, որ Թեհրան պատրաստ է Լիբանանի հետ գործակցութեան իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու` բոլոր մարզերուն, յատկապէս` տնտեսական, առեւտրական, զբօսաշրջական եւ ուսումնական բնագաւառներուն մէջ:

Ապտելլահեան ըսաւ նաեւ, որ Պու Հապիպի հետ քննարկած է Իրան-Սէուտական Արաբիա համաձայնութեան, Պաղեստինեան իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ, Սուտանի եւ Լիպիոյ տագնապներուն վերաբերող հարցեր:

Նշենք, որ Ապտելլահեան նախանցեալ երեկոյեան հասած էր Լիբանան եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարած իր յայտարարութեան ընթացքին հաստատած էր, որ Պէյրութ կատարած իր այցելութեան նպատակն է զօրակցութիւն յայտնել լիբանանեան բանակին, լիբանանցիներուն եւ Դիմադրութեան:

Ան նշած էր, որ իրենց երկկողմանի յարաբերութիւններուն շրջագիծին մէջ ունին կարգ մը միտքեր եւ նախաձեռնութիւններ, որոնք կ՛օժանդակեն Լիբանանի կացութիւնը բարելաւելու:

Նախորդը

Մորիս Սլիմ. «Ժամանակն Է, Որ Սուրիացի Տեղահանուածները Տունդարձ Կատարեն, Իսկ Լիբանանեան Բանակը Կը Կատարէ Իր Ազգային Դերակատարութիւնը»

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելած Է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.