Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով կազմակերպուած ոգեկոչման ձեռնարկներուն կողքին 24 ապրիլին հայահոծ շրջաններուն մէջ գտնուող շուկաներն ու վաճառատուները մնացին փակ:
Նշենք, որ լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններն ու մամուլը, ինչպէս նաեւ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին հովանաւորութեամբ եւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ժողովրդային ոգեկոչումին:
Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակը յարգելու նպատակով լիբանանահայութեան զօրակցական արտայայտութիւններ ունեցան մեծ թիւով լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ, իրաւաբաններ, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ հաստատութիւններ, որոնք ընկերային ցանցերու` Դիմատետրի, Ինսթակրամի եւ Թուիթըրի իրենց էջերուն վրայ տեղադրեցին Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած լուսանկարներ եւ կատարեցին գրառումներ:
Այս սիւնակներով կ՛անդրադառնանք քաղաքական անձնաւորութիւններուն կատարած գրառումներուն եւ տեղադրած յիշատակի լուսանկարներուն:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «108 տարիէ ի վեր մեր սրբադասուած նախահայրերը կը գտնուին հաւաքական գերեզմանատուներու մէջ եւ մինչեւ օրս չեն յանձնուած: 108 տարիէ ի վեր միջազգային հանրութիւնը կը մնայ լուռ` քսաներորդ դարուն գործուած ամօթի մեծագոյն կնիքին հանդէպ, որն է կեանքը սիրող ժողովուրդի մը ցեղասպանութիւնը: Իսկ այսօր Արցախի մէջ կը պատահի այն, ինչ որ կը պատահէր 1915-ին, իսկ միջազգային հանրութիւնը դարձեալ կը մնայ լուռ` զուտ առեւտրական շահերու պատճառով:
108-րդ անգամ ըլլալով կը հաստատենք, որ մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ 108 տարիէ ի վեր անձնատուր չենք եղած, չենք տկարացած եւ պիտի շարունակենք պահանջել Թուրքիայէն` ճանչնալ իր գործած Ցեղասպանութիւնը:
24 ապրիլ 1915-ը ամօթալի թուական մըն է, նոյնիսկ եթէ ոճրագործ Թուրքիան կը կարծէ, թէ կրնայ կրկնել իր ոճիրը` ազրպէյճանցի իր եղբօր հետ, որ բռնագրաւած է հայկական հողերը եւ Արցախի հայութեան դէմ ոճիրներ կը գործէ:
24 ապրիլ 2023-ին կը հաստատենք, որ այս ժողովուրդը կը մնայ ողջ եւ չի մահանար: Իսկ միջազգային հանրութեան կը յայտնենք, թէ կը մերժենք, որ մարդկային իրաւունքներն ու հայ ժողովուրդին իրաւունքները ենթակայ ըլլան այնպիսի չափանիշներու, որոնք կը ծառայեն մեծ երկիրներու շահերուն»:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի թուիթըրեան իր հաշիւին ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Աստուած իմ, դուն վերջ տուր հայ ազգին դէմ գործուող անիրաւութեան»:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ տեղադրած էր Ծիծեռնակաբերդի անշէջ հուրը խորհրդանշող լուսանկար մը եւ անոր կցած հետեւեալ գրութիւնը. «Ձեր Դատը կը ծաղկի մոխիրներու ընդերքէն»:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Դիմատետրի պաշտօնական էջին վրայ տեղադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող լուսանկար մը, որուն կցուեցաւ հետեւեալ գրառումը. «Իրաւունքը չի մեռնիր. Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին»:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ թուիթըրեան իր հաշիւով տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը անկարելի է մոռնալ»:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ տեղադրեց Ծիծեռնակաբերդէն լուսանկար մը, որուն կցեց հետեւեալ գրառումը. «Պիտի չմոռնանք դիմադրութիւնը այն ժողովուրդին, որ դէմ յանդիման կանգնեցաւ զինք բնաջնջելու որոշումին եւ դիմադրեց անոր գոյատեւման կամքով ու իր ինքնութիւնը կրեց իրեն հետ` ամէնուր:
Հաւատարիմ մնալով սպանդներու եւ ճիւաղային ոճիրներու զոհ գացած բոլոր նահատակներու յիշատակին, կը պահանջենք վաւերացնել այն օրինագիծը, որ ներկայացուցած ենք` 24 ապրիլը վերածելու համար ազգային օրուան մը, որուն ընթացքին կ՛ոգեկոչուին Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ քաղդէացիներու սպանդներուն յիշատակները»:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ թուիթըրեան իր հաշիւով տեղադրեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն լուսանկար մը, որուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Ապրիլ 24-ի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով, չենք մոռնար նահատակները: Աւելի քան դար մը ետք, ի վերջոյ պիտի կատարուի այն, ինչ որ ճիշդ է եւ իրաւացի»:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Ժահժահ շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակն է արդէն, եւ տակաւին այդ Ցեղասպանութեան ճանաչում չկայ, եւ հատուցումներ չեն կատարուած: «Ճանաչումն ու հատուցումը կը մնան միակ միջոցները` սրբագրելու համար անմեղ զոհերու, կիներու եւ երեխաներու դէմ գործուած Ցեղասպանութեան: Ինչպէս միշտ կ՛ըսեմ, աւելի քան դար մը ետք, ի վերջոյ պիտի կատարուի այն, ինչ որ ճիշդ է եւ իրաւացի: Հայ ժողովուրդին իրաւունքը պիտի չկորսուի, որովհետեւ այդ ժողովուրդը կը շարունակէ պայքարիլ իր իրաւունքներուն համար: Թող բոլոր նահատակները խաղաղ ննջեն Աստուծոյ մօտ:
24 ապրիլին զուգադիպող այս ցաւալի ոգեկոչումին առիթով, լիբանանցիներէն կը պահանջեմ այս օրը նկատել ազգային օր մը, որ կը պատկանի մեզմէ իւրաքանչիւրիս: Այս օրը միայն յիշատակի օր չէ, որովհետեւ մեր հայ եղբայրները տարբեր ժամանակի ընթացքին տառապանքի ենթարկուեցան նոյն դահիճին կողմէ: Մեր բաժնած հասարակ յայտարարը կը մնայ պայքարի շարունակութիւնը` բռնագրաւողին եւ անիրաւին դէմ:
Եթէ այս պայքարը չըլլար, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը մոռցուած կ՛ըլլար, իսկ Հայ դատը` մահացած»:
Այս առիթով Ժահժահ իր խօսքը ուղղեց ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց խորհուրդին` պահանջելով հետաքննութեան միջազգային յանձնախումբ մը, որ զբաղի Հայոց ցեղասպանութեան հարցով եւ պատրաստէ պատասխանատուութեան վճիռ արձակելու, ինչպէս նաեւ բանաձեւեր պատրաստելու այդ Ցեղասպանութիւնը գործողներուն դէմ, ինչպէս նաեւ դահիճները դնէ հատուցումներ կատարելու յանձնառութեան տակ:
Իր խօսքը ուղղելով միջազգային ընտանիքին` Ժահժահ կոչ ուղղեց, որ մարդկային իրաւունքներու մասին անոնց ըմբռնումներն ու սկզբունքները չըլլան հնչեղ կարգախօսներ, որոնք պարպուած են իրենց բովանդակութենէն:
«Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը պէտք է վերածուի օրինակի մը, որ իւրաքանչիւր ջարդարար ու բռնագրաւող կողմ ենթակայ է պատիժի, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել այլ ցեղասպանութիւններ», ըսաւ ան:
Ժահժահ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան շարքերուն մաս կազմող լիբանանահայ անդամներուն եւ բարձր գնահատեց անոնց պայքարը` ի խնդիր Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան պաշտպանութեան:
Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նատա Պուսթանի կատարած է գրառում մը, որուն ընդմէջէն յայտնած է, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով ներկայ գտնուած է Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին: «Ողջո՛յն հայ ժողովուրդին, որ 108 տարիէ ի վեր կը տոկայ եւ գոյապայքար կը մղէ ի խնդիր Հայ դատին: Պատմութեան արդարութիւնը չի խնայեր եւ չի մոռցուիր: Որքան ալ ժամանակը ուշանայ, իրաւունքը պիտի յաղթէ եւ ճշմարտութիւնը պիտի բացայայտուի»:
Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ տեղադրեց Հայոց ցեղասպանութեան շրջագիծին մէջ հայ ժողովուրդին ենթարկուած տարագրութեան լուսանկար մը, որուն վրայ գրուած էր` «Հայոց ցեղասպանութիւնը 1915-2023»: Ան կատարեց նաեւ հետեւեալ գրառումը. «Կը մնանք մեր հայ եղբայրներուն կողքին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու անոնց պայքարին մէջ: Իրաւունքը իր իրաւատիրոջ պիտի տրուի` նոյնիսկ 108 տարի ետք»:
Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա տեղադրեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն լուսանկար մը, որուն միացուց հետեւեալ գրութիւնը. «Ժողովուրդ մը, որ իր հզօր կամքով տապալեց զինք բնաջնջելու փորձերը եւ հալածանքէն յաղթական դուրս եկաւ: Ժողովուրդ մը, որ գիտցաւ ինչպէ՛ս տարածել իր մշակոյթը` ամբողջ աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ վերածուեցաւ միասնականութեան եւ համագործակցութեան օրինակելի տիպարի: Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով կը հաստատենք, որ իրաւունքը պիտի վերադառնայ իրաւատիրոջ, նոյնիսկ որոշ ժամանակէ մը ետք…»:
Երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ իր կատարած թուիթըրեան գրառումին ընդմէջէն հաստատեց, որ պատմութիւնը պիտի չմոռնայ հայ ժողովուրդի զոհողութիւնները` եւ արդարութիւնը պիտի հաստատուի: «Իրենց ցաւէն ստեղծագործեցին միասնական ու ամրապնդուած օրինակ մը` արդար դատին նկատմամբ: Յարգա՛նք` մեր հայ եղբայրներուն, որոնց հետ այսօր կ՛ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը: Պատմութիւնը պիտի չմոռնայ ձեր զոհողութիւնները, եւ արդարութիւնը պիտի հաստատուի»:
Մարատա հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Իրենց դատին հանդէպ անոնց հաւատքը աւելի զօրաւոր էր… Անոնք գոյատեւեցին` հակառակ անիրաւութեան ու անարդարութեան, անոնք կը տրոփեն կեանքով, նահատակութեամբ եւ յաջողութեամբ»:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Այսօր կ՛ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ կը պահանջենք վաւերացնել 2020-ին մեր ներկայացուցած օրինագիծը, որուն համաձայն` 24 ապրիլը պիտի վերածուի Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ քաղդէացիներու ջարդերուն յիշատակը յարգելու օրուան: Հայ ժողովուրդին ապրելու կամքը յաղթեց ճիւաղներու ոճիրներուն»:
Երեսփոխան Միշել Էլիաս Մըր կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով կը հաստատենք, որ Հայ դատը ժամանակի ընթացքին վերջ չի գտներ. 1915-2023»:
Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժիհատ Բագրատունի կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշողութենէն եւ խիղճէն կարելի չէ ջնջել… անիկա պիտի մնայ շարունակուող դատ` հայ նորահաս սերունդներուն համար»:
Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակէն կը սորվինք, որ արդարութիւնը դատ մըն է, որ չի մեռնիր: Անիկա սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի, եւ տարիները կամ տասնամեակները չեն ճշդեր անոր աւարտը: Ողջո՛յն բոլոր անոնց, որոնք պայքարած են եւ կը շարունակեն պայքարիլ` աւելի քան 100 տարիէ ի վեր, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչում ապահովեն եւ անոր յիշատակը վերածեն ազգային օրուան մը, որուն ընթացքին կը բիւրեղանայ յիշողութիւնը, եւ արդարութեան կը հասնին նահատակներն ու անոնց ընտանիքները»:
Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայ եւ ասորի ժողովուրդներուն դէմ գործուած ցեղասպանութեան եւ ջարդերուն յիշատակը ոգեկոչելը այլեւս անօգուտ է: Պէտք է հաշուետուութեան կանչել ցեղասպանն ու դահիճը, որովհետեւ այդ ցեղասպանութիւնն ու սպանդները գործողներուն ժառանգորդները կը շարունակեն իրենց նախահայրերուն ընթացքը, եւ պէտք է արգիլել զանոնք ներկայ դարուս նմանօրինակ ոճիրներ գործելէ»:
Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Իւրաքանչիւր 24 ապրիլի կը կրկնենք եւ կը հաստատենք, որ հայ ժողովուրդին, ասորիներուն եւ քաղդէացիներուն ենթարկուած ցեղասպանութիւնն ու ջարդերը իսկական երկխօսութեան առանցքի մը պատմական անհրաժեշտութիւն կը նկատուին: Ողջո՛յն` քաջ ժողովուրդներու, որոնք գիտցած են ինչպէ՛ս պահպանել իրենց հաւաքական յիշողութիւնը եւ գոյատեւել, ապրիլ ու գերազանց արդիւնքներով յաջողիլ` ամէնուր եւ բոլոր ժամանակներուն ընթացքին»:
Երեսփոխան Սայիտ Ասմար Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հաւատքի, իրաւունքի եւ ինքնութեան նահատակները, որոնք իրենց խաչը մեծ ուրախութեամբ կրեցին»:
Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի տեղադրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող Անմոռուկը, որուն վրայ հայերէնով եւ անգլերէնով գրեց. «24 ապրիլ 1915. Հայոց ցեղասպանութիւն»:
Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք իր կարգին կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Կենդանի ժողովուրդները անձնատուր չեն ըլլար մահուան կամ թաւալող ժամանակին: Փաստը այն է, որ հայ ժողովուրդը իր նահատակները չէ մոռցած, իսկ սուրը չէ ջնջած Սէյֆոյի նահատակներուն յիշատակը: Եթէ Թուրքիան պատժուէր` Հիթլերը, Իսրայէլը, Ասատները եւ Իրանի մոլլաները պիտի չցեղասպանէին ժողովուրդներն ու փոքրամասնութիւնները: Աշխարհ թող հաշուետուութեան կանչէ զանոնք»:
(Շար. 1)