Դատախազ Ղատա Աուն Կը Պաշտօնազրկուի
Դատաստանական պատժական գերագոյն խորհուրդը որոշեց Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աունը պաշտօնազրկել` հիմնուելով անոր դէմ դատական իշխանութեան քննչական մարմինին ներկայացուած շարք մը բողոքներու վրայ: Այս որոշումը ենթակայ է վերաքննութեան` Դատաստանական պատժական գերագոյն խորհուրդին մօտ: Ղատա Աուն ունի 15 օրուան պայմանաժամ` վերաքննութեան դիմում ներկայացնելու, իսկ իր պաշտօնազրկումի որոշումը անմիջապէս չի գործադրուիր: Միւս կողմէ, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի հրապարակեց դատական...




















