Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով անցնող օրերուն տրուեցան շարք մը հարցազրոյցներ, որոնք լուսարձակի տակ առին Հայոց ցեղասպանութիւնը, Հայ դատի աշխատանքներն ու հայ ժողովուրդին պարզած ներկայ իրավիճակը:
ՎԱՐԴԻՆԷ ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Այս շրջագիծին մէջ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան «Լըպնան Հըր» ռատիոկայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը ունի հազարաւոր պատմութիւններ` Ցեղասպանութեան իրողութեան եւ թրքական ոճիրներուն հետ կապուած` աւելցնելով, որ այդ պատմութիւնները ոչ ոքի սեփականութիւնը կը նկատուին, այլ` կը պատկանին իւրաքանչիւր հայու:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց, որ տարագիր հայ ժողովուրդը իր հասած երկիրներուն, յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ դարձած է այդ երկիրներուն հիմնական բաղկացուցիչը նկատուող տարր:
«Հայ ժողովուրդը շրջանցած է լեզուի դժուարութիւնը, աղքատութիւնն ու կարիքաւոր ըլլալու իրականութիւնը եւ իր աշխատասիրութեամբ, իմաստութեամբ ու հայկական ինքնութեան կառչածութեամբ կառուցած է դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ, ինչպէս նաեւ կրցած է մաս կազմել լիբանանեան ընկերութեան` պահպանելով իր հայկական իւրայատկութիւնը», ըսաւ ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան նկատել տուաւ, որ եթէ միջազգային ընտանիքը չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա ան Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի առիթ տուած պիտի ըլլայ յարձակելու մշակոյթներու եւ հաւաքական յիշողութեանց վրայ, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը հետեւանք է շրջանին մէջ ծաւալապաշտական նպատակներ հետապնդող թրքական երազին, որ ունի տնտեսական, քաղաքական եւ ազգայնական շահեր:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց, որ ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջնջելու միտումով գործուած այս Ցեղասպանութիւնը ժողովուրդի մը ինքնութիւնը սպաննելու փորձ է եւ անիկա պիտի չյաջողի, որովհետեւ հայ նորահաս սերունդները տէրն են իրենց Դատին եւ Թուրքիայէն կը պահանջեն ճանչնալ իր գործած արարքը, հայ ժողովուրդին վերադարձնել անոր բռնագրաւուած հողերը եւ հատուցումներ կատարել:
Ան խստիւ դատապարտեց միջազգային ընտանիքին լուռ պահուածքը` աւելցնելով, որ իր տնտեսական եւ քաղաքական շահերուն համար իր պարտականութիւններուն մէջ թերացող միջազգային հասարակութիւնը կը քաջալերէ շրջանի ժողովուրդներուն դէմ գործուող թրքական եւ ազրպէյճանական յարձակումները:
«Հայ ժողովուրդը կ՛առաջնորդուի արդարութեան կարգախօսով ու տեսլականով եւ իր գոյապայքարը կը շարունակէ վստահելով հաւաքական յիշողութեան: Իբրեւ լիբանանցիներ մենք այսօր կ՛ապրինք տնտեսական ու ելեւմտական ցեղասպանութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ կը հաստատենք, որ պէտք չէ ենթակայ մնայ միջազգային ճնշումներուն, այլ` Լիբանանի ջահը բարձրացնել եւ հաստատել, որ լիբանանցին դիմադրող ժողովուրդ է, որ կ՛ուզէ գոյատեւել իր երկրին մէջ», հաստատեց ան:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան նկատել տուաւ, որ այսօր տխուր օր չէ, այլ` Հայ դատի ուխտը վերանորոգելու օր, որովհետեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին հայութիւնը շատ աւելի զօրաւոր է` քաղաքական, մշակութային ու դիւանագիտական առումով եւ պատրաստ է պաշտպանելու իր դատը:
Իր խօսքը ուղղելով հայ երիտասարդութեան, Վ. Օհանեան-Գէորգեան ըսաւ. «Մեզի համար Լիբանան վերջնական հայրենիք է, եւ պէտք չէ ենթարկուիլ քաղաքական ու տնտեսական ճնշումներու: Լիբանան մեզմէ իւրաքանչիւրին կարիքը ունի` յառաջդիմելու համար»:
Նշենք, որ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն Վ. Օհանեան-Գէորգեան կատարեց նաեւ գրառում մը, որուն մէջ հաստատեց, որ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակէն 108 տարիներ անցած են, իսկ Հայ դատի ջահը կը մնայ անմար, որովհետեւ արդարութիւնը հարց մըն է, որ չի մեռնիր:
Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցումներ կատարէ, որպէսզի իրաւունքը հասնի իրաւատիրոջ:
ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Իր կարգին, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան «Չերիթի» եւ «Ալ եաում» պատկերասփիւռի կայաններուն, ինչպէս նաեւ «Սաութ Լուպնան» ռատիոկայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցներուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայ դատի պարզած միջազգային եւ օրինական ներկայ իրավիճակին:
«Հայ դատը ունի իր մարդկային, քաղաքական, պատմական եւ օրինական տարողութիւնները, որոնք ունին իրենց տարբեր ճիւղաւորումները:
Այսօր սակայն պէտք է անդրադառնալ Հայոց ցեղասպանութեան` նկատի ունենալով, որ կը նշենք անոր 108-ամեակը:
Տարբեր երկիրներու եւ պետութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի ջանքերը կը շարունակուին:
Ինչպէս գիտէք, կան շարք մը երկիրներ, որոնք կը ճանչնան 1915-1921 Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութիւնը, որուն պատճառով նահատակուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր:
Վերջերս շարք մը երկիրներ, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներ, ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն այդ ճանաչումով նշեալ երկիրները յաւելեալ պարտաւորութիւններ ստանձնելու վիճակին մէջ չեն ըլլար, այլ` անոնց ճանաչումը Թուրքիոյ վրայ բանեցուած բարոյական ճնշում մը կը նկատուի, որպէսզի ի վերջոյ Թուրքիան եւս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ պատասխանատուութիւն ստանձնէ:
Անշուշտ այս ճանաչումը ուղղակիօրէն կախեալ է Թուրքիոյ պետութեան պատրաստակամութենէն: Հայ ժողովուրդը կ՛ապրէր Անատոլուի արեւելեան շրջանին մէջ, որ խորքին մէջ Արեւմտեան Հայաստանն է: Հայ ժողովուրդը Օսմանեան կայսրութեան բնակիչ կը նկատուէր, եւ Թուրքիա պէտք էր ապահովէր իր բնակիչներու անվտանգութիւնը եւ ոչ թէ սպաննէր զանոնք:
Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը կը մնայ պակասաւոր, եթէ Թուրքիա չճանչնայ իր գործած Ցեղասպանութիւնը եւ չշրջէ իր պատմութեան սեւ էջը: Իսկ ճանաչումէն ետք կու գան օրինական միւս հարցերը, որովհետեւ այս հարցը քաղաքական է եւ կ՛ենթադրէ, որ Թուրքիա բացայայտ կերպով ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայ ժողովուրդին կատարէ նիւթական ու բարոյական հատուցումները:
Միջազգային օրէնքին մէջ այս քայլը ունի իր կարեւորութիւնը, սակայն դժբախտաբար կան քաղաքական շահեր ու հաշիւներ: Այսօր միջազգային օրինականութիւնը իրաւամբ չի գործեր. եթէ միջազգային օրէնքն ու միջազգային հանրութիւնը եթէ իսկապէս կամենար այս հարը լուծելու, ապա Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրարը լուծուած կ՛ըլլար եւ անշուշտ այլ ցեղասպանութիւններ կը կանխարգիլուէին, նկատի ունենալով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր:
Եթէ Միջազգային հանրութիւնը օրին պատժէր Թուրքիան եւ հայոց իրաւունքը վերադարձներ, ապա այլ ժողովուրդներ սպանդի չէինք ենթարկուէր եւ քաղաքական դաւադրութիւններու զոհ չէին երթար»:
(Շար. 1)