Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով անցնող օրերուն տրուեցան շարք մը հարցազրոյցներ, որոնք լուսարձակի տակ առին Հայոց ցեղասպանութիւնը, Հայ դատի աշխատանքներն ու հայ ժողովուրդին պարզած ներկայ իրավիճակը:
Աւետիս Կիտանեան
Այս շրջագիծին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Թուրքիա ոչ միայն կը մերժէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ ցայսօր կը շարունակէ ճշմարտութիւնը ուրանալ եւ խոչընդոտել Ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուող աշխատանքները տարբեր երկիրներու եւ խորհրդարաններու մէջ:
«Աւելի՛ն. ան իր եղբօր` Ազրպէյճանի հետ այլ ձեւի ցեղասպանական արարքներ ի գործ կը դնէ այլ տեղ: Մարդկային միտքն ու տրամաբանութիւնը կ՛աշխատին այն ուղղութեամբ, որ երբ կայ ոճիր, որ ցեղասպանութեան մակարդակի է, եւ ոճրագործները ծանօթ են` ըստ 1915-ին դիւանագիտութեան իրենց առաքելութեամբ այդ շրջանին մէջ գտնուող օտար երկիրներու դեսպաններուն վաւերագրութիւններուն, իսկ Թուրքիոյ ներկայ պետութիւնը` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան օրինական ժառանգորդը, նուազագոյնը կ՛ըլլայ այն, որ անոնք ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բայց եւ այնպէս անոնք կը շարունակեն իրենց նախահայրերուն ծրագիրը, որ կը կոչուի փանթուրանական ծրագիր: Այսօր Արցախի մէջ պատահածը` Ազրպէյճանի կողմէ շրջափակումը իր կարգին փանթուրանական ծրագիրի գործադրութեան մաս կը կազմէ: Այս բոլորը շարունակութիւնն են Օսմանեան կայսրութեան օրերուն գործադրուած բնաջնջումի քաղաքականութեան, որ ի միջի այլոց Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գործադրուեցաւ սուրով, իսկ Լիբանանի մէջ` ժողովուրդը սովի ենթարկելով», շեշտեց ան:
Ա. Կիտանեան անդրադարձաւ նաեւ Հայ դատի աշխատանքներուն, որոնք ամբողջ աշխարհին մէջ կը կատարուին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում ապահովելու եւ բարձրաձայնելու Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեան մասին, ինչպէս նաեւ ճնշում բանեցնելու Թուրքիոյ վրայ` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ այն իրականութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 108 տարի ետք, Թուրքիա կը շարունակէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ իր թշնամական քաղաքականութիւնը` աւելցնելով, որ 2020-ի սեպտեմբերին ան ոգի ի բռին եւ իր բոլոր կարողութիւններով օժանդակեց Ազրպէյճանին` Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին ընթացքին, որ աւարտեցաւ 9 նոյեմբերի համաձայնագիրով, որ ՀՅ Դաշնակցութեան համար կը նկատուի յանձնուողական համաձայնագիր:
Ա. Կիտանեան անդրադարձաւ փոքր ժողովուրդներուն հանդէպ մեծ պետութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի վարուելակերպին, որուն մէջ յստակօրէն կը նշմարուին առաջնահերթութիւնները, որոնք են` Կովկասի մէջ գտնուող երկիրներուն ու պետութիւններուն շահերը, ինչպէս նաեւ նաւթի եւ բնական կազի հարստութիւնները բաժնեկցելու հոլովոյթը:
Հայ դատը եւ հայ ժողովուրդին մէջ պահանջատիրական ոգին վառ պահելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ
Ցեղասպանութեան յիսնամեակին հայ ժողովուրդը անդրադարձաւ, որ լացն ու կոծը եւ սուգը ապարդիւն են եւ ոչ մէկ հարց կը լուծեն:
«Դատը կարիքը ունի հետապնդուելու միջոցի, կամքի եւ ուժի, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ կազմակերպել Ցեղասպանութեան հեղինակ թուրք ջարդարարներուն ահաբեկումը, որ աշխարհին ուշադրութիւնը շարժեց եւ անդրադառնալ տուաւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ պահանջներուն», հաստատեց ան:
Ա. Կիտանեան անդրադարձաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ դէմ յարուցուած միջազգային դատին, որով կը պահանջուի Սիսի կաթողիկոսութեան հողերուն վերադարձը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
«Սակայն թրքական պետական մտայնութիւնը այն չէ, որ ուղղուի ընդունելու իր նախահայրերուն գործած սխալը, ընդհակառակն` ան կը շարունակէ ջարդելու եւ Ցեղասպանութիւնը ժխտելու իր քաղաքականութիւնը: Բայց եւ այնպէս հայկական միասնականութեան շնորհիւ հայ ժողովուրդը գիտէ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ եւ պահանջել իր արդարացի իրաւունքները: Ճիշդ է, որ այսօր միջազգային պայմանները ձեռնտու չեն Հայ դատի լուծման համար, սակայն մենք կը շարունակենք մեր աշխատանքը եւ Հայ դատի գործը կը պահենք հետեւողական», յայտնեց ան:
Ա. Կիտանեան ընդգծեց, որ ազգային գիտակցութիւնը, պատկանելիութիւնը, եւ ինքնութեան պահպանումն են, որոնք կ՛երաշխաւորեն հայութեան գոյատեւումը, «իսկ հայ ժողովուրդը իր պայքարը մղելու եւ իր Դատը պաշտպանելու մէջ միայն ինքն իր ուժերուն վրայ կը վստահի, որովհետեւ օտարը չէ, որ պիտի փրկէ զինք: Մենք ականատես ենք, որ 130 օրէ ի վեր Արցախը եւ 120.000 արցախահայ շրջափակուած են, իսկ Արեւմուտքը ոչ մէկ կերպով հակազդած է այս իրողութեան», շեշտեց ան:
Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը չի զիջիր իր իրաւունքներէն, կը մնայ Հայ դատի պաշտպան, պիտի պահէ իր հաւաքական յիշողութիւնը եւ պահանջատիրական ոգիով պիտի շարունակէ իր պայքարը:
Լութֆիկ Այվազեան
Իր կարգին, Լութֆիկ Այվազեան «Սաութ Լուպնան» ռատիոկայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Հայ դատը պիտի շարունակէ վառ մնալ եւ աշխուժ, եթէ նոյնիսկ մէկ հայ մնայ աշխարհի երեսին:
«Հայ դատը միայն հայուն դատը չէ, այլ շատ մը ժողովուրդներու դատն է: Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուածը Ցեղասպանութիւն կոչուեցաւ, այսինքն` ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջումը եւ անոր ինքնութեան ոչնչացումը:
Այս է տարբերութիւնը սպանդին եւ ցեղասպանութեան: Այսինքն` ցեղասպանութիւնը միայն սպանդը չէ, այլեւ` սպանդ առաւել բնաջնջում եւ ինքնութեան ոչնչացում: Հետեւաբար այնքան ատեն որ կան հայեր, որոնք կը պահանջեն իրենց իրաւունքը` Հայ դատի աշխատանքը պիտի շարունակուի: Հայ ժողովուրդը միայն ֆիզիքապէս չսպաննուեցաւ, այլ` անոր մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը բնաջնջումի ենթարկուեցան», հաստատեց ան:
Լ. Այվազեան նկատել տուաւ, որ 108 տարի ետք Հայ դատի հետապնդումը տակաւին առկայ է, որովհետեւ հայ ժողովուրդը պահանջատէր է, իսկ Թուրքիա, որուն ախորժակները տակաւին ներկայ անկախ
Հայաստանը յօշոտելու համար սրած է, իր գրաւը դրած է ժամանակի ազդակին վրայ:
«Սակայն ցեղասպանութիւնն ու Մարդկային իրաւունքներու միջազգային օրէնքը հետապնդող խորհուրդները կը հաստատեն, որ ցեղասպանութեան հարցը անժամանցելի է: Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը մնայուն կերպով կը մերժեն Մարդկային իրաւունքներու միջազգային օրէնքը եւ իրենց հեղինակութեամբ ու այս կամ այն մեծ պետութիւնը գոհ պահելու պատրաստակամութեամբ` անվհատ կ՛աշխատին փոփոխութեան ենթարկել օրէնքին մէջ նշուած անժամանցելիութեան
կէտը», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը իր դատը հետապնդելու պայքարին մէջ պիտի չթուլնայ եւ անձնատուր պիտի չըլլայ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայ դատը զօրակցողներ ունի՞, Լ. Այվազեան ըսաւ. «Խօսքով շատեր կը զօրակցին մեզի,
կարգ մը երկիրներու խորհրդարաններ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են: Աւելի քան 25 երկիրներ ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը, սակայն ճանաչումը բան մըն է եւ ճանաչումին զուգահեռ պարտաւորութիւն ստանձնելը` այլ բան: Հետեւաբար հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ճանաչումը խօսքի սահմաններուն մէջ են», յայտնեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Ցեղասպանութենէն ետք հայերը ինչո՞ւ Լիբանանը ընտրած են իբրեւ հայրենիք, Լ. Այվազեան յայտնեց, որ հայկական ներկայութիւնը շատ աւելի հին է Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Պաղեստինի մէջ:
«Այդ ներկայութիւնը սկսած է, երբ Հայաստան ենթարկուած է սելճուքեան եւ մոնկոլ-թաթարական յարձակումներու: Սակայն հայերը մեծ թիւով հասած են Լիբանան Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, որովհետեւ թուրքերուն նպատակն էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերը փոխադրել Տէր Զօրի անապատները, որպէսզի հոն անոնք ամբողջութեամբ բնաջնջուին: Այդ պատճառով ալ նահատակուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր: Անոնցմէ տասնեակ հազարաւոր հայեր, որոնք վերապրեցան եւ կրցան փրկուիլ Ցեղասպանութենէն, ջարդերէն, սովէն ու ժանտախտէն, քալելով հասան Սուրիա եւ Պէյրութ:
Օրինակ, իմ մեծ հայրս քալելով հասած է Լիբանան եւ դարձաւ լիիրաւ քաղաքացի, երբ Լիբանանի հանրապետութիւնը հիմնուեցաւ, եւ քաղաքացիները լիբանանեան ինքնութիւն ստացան», նշեց ան:
Հայկական ինքնութեան կառչած մնալու իմաստով Լ. Այվազեան հաստատեց, որ հայոց լեզուին եւ կրօնին կառչածութիւնը ամէնէն կարեւոր ազդակներն էին հայուն ինքնութեան պահպանումին մէջ:
Որոշ փուլի մը համար կարեւոր էին նաեւ հայ որբն ու որբուհին իրարու հետ պսակելու քայլերը` պահպանելու համար հայութիւնն ու հայկականութիւնը:
(Շար. 2 եւ վերջ)