Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Ամսական Աշխատավարձը Քառապատկելու

Ապրիլ 19, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեփական Մարզի Պաշտօնեաներուն Ամսական Նուազագոյն
Աշխատավարձը Պիտի Ըլլայ 9 Միլիոն Լ. Ոսկի      

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին որոշուեցաւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձը քառապատկել, պայմանաւ որ պաշտօնեան մէկ ամսուան ընթացքին 14 օր աշխատանքի ներկայանայ:

Համաձայն Պետական խորհուրդի եւ Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի կարծիքին, կառավարութիւնը իր համաձայնութիւնը յայտնեց նաեւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն օրական փոխադրածախսը վերածել 450.000 լ. ոսկիի, պայմանաւ որ մէկ ամսուան ընթացքին անոր աշխատանքի ներկայութիւնը աւելի քան 18 օր չըլլայ:

Կառավարութիւնը համաձայնութիւն յայտնեց նաեւ սեփական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական նուազագոյն աշխատավարձը 9 միլիոն լ. ոսկիի վերածելու, իսկ սարակներու նուազագոյն օրավարձը 400 հազար լ. ոսկիի վերածելու:

Կառավարութիւնը իր համաձայնութիւն յայտնեց նաեւ սեփական մարզի պաշտօնեաներուն օրական փոխադրածախսը վերածելու 250.000 լ. ոսկիի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ կառավարութեան յառաջիկայ նիստին ընթացքին ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի իր պատկերացումը պիտի ներկայացնէ քաղաքապետական նոր ընտրութիւններուն մասին:

Մքերի նշեց, որ «Լիպանփոսթ»-ի հարցով կառավարութիւնը որոշեց կա՛մ նոր նուազուրդ մը յայտարարել եւ կա՛մ այդ մարզը տրամադրել պետութեան, հետեւաբար հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ պիտի զբաղի այս հարցին հետապնդումով:

Միւս կողմէ, կառավարութեան նիստին զուգահեռ հանգստեան կոչուած զինուորները Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որ բազմամարդ էր:

Ցոյցին ընթացքին արձանագրուեցան բախումներ` ցուցարարներուն եւ բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ, ինչ  որ մղեց ապահովական ուժերը արցունքաբեր կազեր արձակելու. այդ պատճառով արձանագրուեցան նուաղումներ եւ անհանգստութեան պարագաներ` ցուցարարներու եւ ապահովութեան ուժերու շարքերուն մէջ: Բախումներու պարագային արձանագրուեցան նաեւ վիրաւորներ:

Նիստին ընթացքին Միքաթի անդրադարձաւ  բողոքի ցոյցին` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կը քննարկէ իրեն ներկայացուած պահանջները, որոնք իրաւացի են, սակայն պահանջները վաւերացնելու եղանակը պիտի կատարուի իր կարողութիւններուն համաձայն:

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ «Պատրաստ Եմ Բոլորին Հետ Երկխօսութիւն Կատարելու, Եւ Պէտք Է Հասնինք Շրջանին Մէջ Ընթացք Առած Համաձայնութեան Գնացքին» Շեշտեց Ֆրենժիէ

Յաջորդը

Խորհրդարանը Համաձայն Գտնուեցաւ Քաղաքապետական Խորհուրդներու Եւ Թաղապետներու Նստաշրջանի Թեքնիք Երկարաձգումին` Մինչեւ 31 Մայիս 2024

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?