Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Համաձայն Գտնուեցաւ Քաղաքապետական Խորհուրդներու Եւ Թաղապետներու Նստաշրջանի Թեքնիք Երկարաձգումին` Մինչեւ 31 Մայիս 2024

Ապրիլ 19, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին  նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, նախարարներ եւ 73 երեսփոխաններ:

Նախքան նիստին գումարումը, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին երեսփոխաններ Ապտալլա Ամինի եւ Միխայէլ Տահերի յիշատակը:

Ապա ներկայացուեցաւ երեսփոխաններ Սաժիհ Աթիէի եւ Ժիհատ Սամատի կողմէ բանաձեւուած կրկնակ աճապարանօք օրինագիծը, որուն համաձայն նշուած է, թէ ներկայիս գործող քաղաքապետական խորհուրդներու եւ թաղապետներու նստաշրջանը առաւելագոյնը 31 մայիս 2024-ին կ՛աւարտի:

Խորհրդարանը համաձայն գտնուեցաւ քաղաքապետական խորհուրդներուն եւ թաղապետներուն նստաշրջանի թեքնիք երկարաձգումին` մինչեւ 31 մայիս 2024:

Սակայն նախքան խորհրդարանին կողմէ օրինագիծի վաւերացումը, արձանագրուեցան բանավէճեր կարգ մը երեսփոխաններու եւ Միքաթիի միջեւ:

Երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը խաբած է լիբանանցիները այն սուտով, որ ինք պատրաստ է կայացնելու քաղաքապետական ընտրութիւնները, իսկ այսօր եկած է խորհրդարան եւ անոր ետին կը փորձէ թաքնուիլ:

Միքաթի պատասխանեց Սաատին` շեշտելով հետեւեալը. «Դուք բոլորդ կը խաբէք լիբանանցիները»:

Սաատ առաջարկեց յետս կոչել քաղաքապետական խորհուրդներու եւ թաղապետներու պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կրկնակ աճապարանօք օրինագիծը, ինչպէս նաեւ առաջարկեց, որ կառավարութիւնը ներկայացնէ այդ ընտրութիւնները յետաձգելու օրինագիծ:

Միւս կողմէ, խորհրդարանին մէջ արձանագրուեցաւ նաեւ այլ բանավէճ մը, երբ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա յայտնեց, թէ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերու միացեալ նիստին ընթացքին արտայայտուած է, թէ նախարարութիւնը պատրաստ չէ քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու, սակայն հանրութեան կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ միշտ կը հաստատէ, որ ինք կը փափաքի այդ ընտրութիւնները կատարել:

Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ պէտք չէ իրարու մեղադրել` աւելցնելով, որ ինք բազմիցս հաստատած է, որ պատրաստ է այդ ընտրութիւնները կայացնելու, սակայն երկիրը ելեւմտական երկարատեւ տագնապ մը կը դիմագրաւէ:

Միքաթի յայտնեց, որ ապրիլ ամսուան ընթացքին արձակուրդները շատ էին, եւ ատիկա պատճառ դարձաւ, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու թեկնածուներ իրենց թեկնածութիւնը չառաջադրեն:

Ան նշեց, որ խորհրդարանին կողմէ քաղաքապետական խորհուրդներու եւ թաղապետներու նստաշրջանի թեքնիք երկարաձգումին համաձայն գտնուելու պարագային, իրենք կը խոստանան ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարել այդ ընտրութիւնները` ճշդուած ժամկէտին ընթացքին:

Միքաթի իր խօսքը ուղղելով կարգ մը երեսփոխաններու յայտնեց, որ եթէ անոնք իսկապէս չեն փափաքիր քաղաքապետական ընտրութիւնները յետաձգել, ներկայ չէին գտնուեր խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, եւ անոր օրինաթիւը չէին գոյացներ:

«Ո՛վ որ չ՛ուզեր քաղաքապետական ընտրութիւնները յետաձգել, ապա ներկայ չի գտնուիր այս նիստին», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումն ու Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը, ինչպէս նաեւ փոփոխութեան կարգ մը երեսփոխաններ մերժեցին ներկայ գտնուիլ նիստին` հաստատելով, որ խորհրդարանին կողմէ գումարուած այդ նիստը հակասահմանադրական է:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ «ցաւ ի սիրտ կ՛ըսեմ, որ ոչինչ կ՛արգիլէր կառավարութեան` ամիսներ առաջ պատրաստուելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն»:

Նիստէն ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի նիստին իրենց մասնակցութիւնը կը բխի դատարկութեան փուլին վերջ տալու եւ ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ յաւելեալ դժուարութիւններ չկուտակելու իրենց պատասխանատուութենէն:

Միւս կողմէ, Մաուլաուիի տեղեկատուական գրասենեակը նիստէն ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ նախարարութիւնը պատրաստ է քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու` աւելցնելով, որ խորհրդարանին մէջ արձանագրուած յաւելաբանութիւններէն ետք կարեւոր է ընդգծել, որ քաղաքապետական խորհուրդներու եւ թաղապետներու պաշտօններու թափուր մնալու փուլը շրջանցելու լաւագոյն ձեւը քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելն է, զանոնք յետաձգելու փոխարէն:

Աւելի ուշ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Մաուլաուի յայտնեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու ֆինանսաւորումին վաւերացուելէն անմիջապէս ետք ինք կազմ ու պատրաստ պիտի ըլլայ այդ ընտրութիւնները կատարելու:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Ամսական Աշխատավարձը Քառապատկելու

Յաջորդը

Հալէպի Հայ Երեք Համայնքապետները Հանդիպում Ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?