Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Նախագահեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Վերաբերող Զոյգ Նիստերու

Ապրիլ 27, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց զոյգ նիստերու, որոնք կը վերաբերէին սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին:

Առաջին նիստին ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի, աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Մուսթաֆա, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն գնդապետ-զօրավար Եուսեֆ Մուտաուար:

Երկրորդ նիստին ներկայ գտնուեցան Հաժժար եւ Մաուլաուի, Էլիաս Պայսարի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու ներկայացուցիչ Օմար Ռիզա, Լիբանանի մէջ տեղահանուածներու հարցերով ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Իվօ Ֆրայկըսըն եւ Անթուան Շքէյր:

Նիստերուն ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ կան սուրիացիներէ բաղկացած աւազակախումբեր, որոնք Պեքաայի կամ Աքքարի կողմերէն ապօրինի կերպով մուտք կը գործեն Լիբանան` ստանալով նիւթական հսկայ գումարներ, մինչդեռ Լիբանան չի կրնար այլեւս տեղահանուածներու բեռը հանդուրժել:

Զոյգ նիստերէն ետք Հաժժար յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի յատուկ նախարարական յանձնախումբը գումարեց նիստ մը, որուն հիման վրայ Լիբանանի մէջ տեղահանուածներու հարցերով ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութենէն պահանջեց ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացնել սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող տեղեկութիւնները` առաւելագոյնը մէկ շաբթուան ընթացքին:

Հաժժար ընդգծեց, որ նախարարական յանձնախումբը ապահովական կառոյցներէն պահանջած է խիստ հետապնդում կատարել ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործած սուրիացիներուն հարցով, ինչպէս նաեւ գործադրել 24 ապրիլ 2019-ին Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները, որոնց հիման վրայ բանակն ու ապահովական ուժերը պիտի արգիլեն ապօրինի կերպով սուրիացիներուն մուտքը Լիբանան:

Հաժժար յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու կամովին տունդարձը պիտի շարունակուի` նկատի ունենալով միջազգային համաձայնագիրներու ճշդած չափանիշները, որոնք կը վերաբերին տեղահանուածներու արժանապատիւ տունդարձին:

Հաժժար նշեց նաեւ, որ աշխատանքի նախարարութենէն պիտի պահանջուի Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին հետ աշխատանքը համակարգել` հսկելու համար, որ սուրիացի տեղահանուածներուն աշխատանքի կարելիութիւնները ընձեռուին միայն անոնց արտօնուած մարզերուն մէջ:

Նախարարական յանձնախումբը ապահովութեան ուժերէն պահանջեց խիստ վերաբերիլ բոլոր այն տեղահանուածներուն նկատմամբ, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած են Լիբանան:

Հաժժար նշեց, որ այս որոշումներուն գործադրութեան հետեւելու պարտականութիւնը վստահուած է ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատարներուն, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին եւ  Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատարին:

Միւս կողմէ, Մաուլաուի, որ երէկ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, Տար Ֆաթուայէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ կոչ ուղղեց սուրիացի տեղահանուածներուն յանձնառու մնալու օրէնքին:

Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին եւ պետութեան դէմ գրգռութիւններու հրահրումը եւ սադրանքներու նախապատրաստութիւնը արտօնելի չեն:

Ան ընդգծեց, որ ապահովութեան ուժերն ու ոստիկանները ապահովական անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները պիտի որդեգրեն սուրիացի տեղահանուածներու գաղթակայաններուն դիմաց:

Այս մասին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ հաստատելու դաւադրութեան առանձինն  դիմադրած են` աւելցնելով, որ զանոնք բռնի ուժով Լիբանանէն հեռացնելու դաւադրութեան եւս պիտի դիմադրեն:

«Մենք համաձայն ենք սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով եւ արժանապատիւ տունդարձին` ըստ լիբանանեան եւ միջազգային օրէնքներուն, եւ կը մերժենք տեղահանուածներու բնակեցումը: Շրջանային պայմանները կ՛արտօնեն տեղահանուածներուն արժանապատիւ տունդարձը, իսկ այդ առիթը կորսնցնելու փորձերն ու անմարդկային վարուելակերպի ցուցաբերումը պիտի չարտօնենք», շեշտեց Պասիլ:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Առիթով Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Կատարած Գրառումները

Յաջորդը

Զօրավար-Գնդապետ Լենցով` Արցախի Մէջ Ռուս Խաղաղապահներու Նոր Հրամանատար

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?