Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը մինչեւ օրս ճնշում կը բանեցնէ` սուրիացի տեղահանուածները պահելու Լիբանանի մէջ, որովհետեւ կը նկատէ, թէ տակաւին ժամանակը չէ հասած անոնց տունդարձին:
Ան աւելցուց, որ միջազգային ընտանիքը կը պնդէ նաեւ, որ սուրիացի տեղահանուածները պէտք է համարկուին լիբանանեան հասարակութեան մէջ, «բան մը, որ ո՛չ Լիբանանի եւ ո՛չ ալ սուրիացիներուն շահերուն կը ծառայէ», ըսաւ Սլիմ:
Ան նշեց, որ միջազգային ընտանիքին միտումները անյստակ են այս թղթածրարին հարցով, եւ աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածները միջազգային հանրութենէն ամերիկեան տոլար կը ստանան:
«Այդ մասին ես բազմիցս քննարկումներ կատարած եմ պատասխանատուներու հետ եւ հարց տուած անոնց, թէ ի՞նչն է արգելքը, որ այդ օժանդակութիւնները սուրիացիներուն հայթայթուին Սուրիոյ մէջ», ըսաւ Սլիմ:
Սլիմ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը միշտ կը ձերբակալէ Լիբանան ապօրինի մուտք գործող սուրիացի քաղաքացիները եւ զանոնք կը յանձնէ սուրիական բանակին ու պատկան մարմիններուն:
Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը կը կատարէ իր ազգային եւ դրական դերակատարութիւնը, առանց լիբանանեան կամ միջազգային որեւէ օրէնք խախտելու:
Նշենք, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեց որոշում մը, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար Էլիաս Պայսարիի կը վստահի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հոլովոյթին հետեւելու պարտականութիւնը:
Միւս կողմէ, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյի հետ:
Քննարկումի առարկայ դարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:
Հաժժար մտահոգութիւն յայտնեց, որ Թուրքիայէն Սուրիա վերադարձած սուրիացի տեղահանուածները Լիբանան գան, եթէ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ համաձայնութիւն մը գոյանայ:


