Երէկ առաւօտեան «Ինթըրփոլ»-ը իր կարգին ձերբակալման հրամանագիր մը արձակեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ:
Հրամանագիրը հասաւ Լիբանանի ընդհանուր դատախազութեան, եւ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ յայտնեց, որ իրենք կը սերտեն այդ հրամանագիրը գործադրելու միջոցները` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի ճշդեն դատական լսումի նիստ մը, որուն հիման վրայ պիտի դիմեն օրինական միջոցառումներու:
Ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի իր կարգին յայտնեց, որ «Ինթըրփոլ»-ի ձերբակալման հրամանագիրը ստանձնած են եւ զայն պիտի գործադրեն, երբ լիբանանեան դատական իշխանութիւնները այդ գծով որոշում տան:
Միւս կողմէ, Սալամէ յայտնեց, որ պիտի պահանջէ վերատեսութեան ենթարկել Ինթըրփոլի հրամանագիրը եւ զայն չեղեալ նկատել:


