Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լայզա Ճոնսըն` Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Թեկնածու

Մայիս 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Լայզա Ճոնսըն յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները կ՛ընդգրկեն բացայայտ եւ տարածուած փտածութիւնը, երկրին հարցերուն անպարկեշտ տնօրինումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովութեան ու գերիշխանութեան դէմ Հըզպալլայի սպառնալիքը:

«Դժբախտաբար Լիբանան այսօր կը գտնուի փուլ գալու սեմին եւ կը պայքարի տնտեսական այնպիսի տագնապի մը դէմ, որ Միջազգային դրամատան բնորոշումով անցնող 150 տարիներուն ընթացքին աշխարհի վատագոյն երեք տնտեսական տագնապներուն մէջ կ՛իյնայ:

Այս յայտարարութիւնները Ճոնսըն կատարեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստին ընթացքին, որ գումարուեցաւ 16 մայիս 2023-ին:

Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանցիները կը վճարեն իրենց ղեկավարներուն գործած սխալներուն գինը:

«Լիբանանցի ղեկավարները ձախողած են Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ պահանջուած տնտեսական անմիջական բարեկարգումները գործադրելու, մինչդեռ այդ բարեկարգումները միակ իրապաշտ առանցքը կը նկատուին` երկրին ապաքինումը ապահովելու իմաստով», հաստատեց ան:

Ճոնսըն նկատել տուաւ, որ լիբանանցի ղեկավարները տակաւին հանրապետութեան նախագահ չեն ընտրած եւ կառավարութիւն չեն կազմած, ինչ որ կը նշանակէ, թէ լիբանանցին ղեկավարութիւն չունի, այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ ժողովուրդը ամէնէն աւելի ղեկավարութեան կարիքը ունի:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի որդեգրելիք ճամբան յստակ է, Լիբանան պէտք է նախագահական ընտրութիւն կատարէ եւ կազմէ կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն ունենայ բարեկարգումներ կատարելու:

Ճոնսըն ընդգծեց, որ զինք դեսպան նշանակելու պարագային ինք պատրաստ է շարունակելու Լիբանանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին օժանդակելու Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ լիբանանեան բանակին օժանդակութիւնը, որպէսզի ան շարունակէ պաշտպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, պայքարի ահաբեկչութեան դէմ եւ դիմադրէ այն սուտ հեքիաթին, որ Հըզպալլան ու անոր ապօրինի զէնքը անհրաժեշտ են պաշտպանելու համար Լիբանանը:

Ճոնսըն ընդգծեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ նախանձախնդիր կը մնան ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութիւնը պաշտպանելու` հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու համար:

Ան շեշտեց, որ ինք հաստատ գիտէ, թէ Լիբանանի դիմաց ճամբան երկար է` ապաքինումի հասնելու համար, եւ աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգները յանձնառու կը մնան թմրեցուցիչի մաքսանենգները հալածելու:

Ճոնսըն նշեց, որ կայ լաւատեսութեան առիթ մը` նկատել տալով, որ Լիբանան ծովային սահմանագծում կատարած է Իսրայէլի հետ` ամերիկեան միջնորդութեամբ:

 

 

Նախորդը

Զօր. Աուն. «Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնենք Թմրեցուցիչի Ախտին Եւ Ահաբեկչութեան Վտանգին Դէմ Պայքարելու»

Յաջորդը

Ռիատ Սալամէի Ձերբակալման Հրամանագիր` «Ինթըրփոլ»-էն

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?