Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպասելով Ժետտայի Վեհաժողովի Որոշումներու Արդիւնաւորման` Լիբանանցի Վարիչներ Կը Փութան Կարգաւորել Երկրի Կնճռոտ Հարցերը

Մայիս 22, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ գումարուած Արաբական Լիկայի 32-րդ վեհաժողովը կիզակէտը դարձաւ վերջին օրերու քաղաքական, պաշտօնական թէ հասարակական զրոյցներուն: Թէեւ տակաւին կանխահաս կրնայ նկատուիլ այդ վեհաժողովի արդիւնքներուն արժեւորման փորձը` այսուհանդերձ երեւութապէս անիկա «պատմական» որակուեցաւ: Անկախ անկէ, թէ որքանո՞վ  այս որակումը կ՛արդարանայ, լիբանանցիք, ժողովուրդ թէ պետութիւն, հետաքրքրուած ու մտահոգ են Լիբանանին ու անոր բազմաթիւ տագնապներուն լուծման վիճակուած որոշումներով:  Արդարեւ, նշեալ վեհաժողովը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ի միջի այլոց նաեւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` փութալու երկխօսութեան եւ նախագահական հարցի լուծման դիւրացման, «Դուք քննարկեցէք, մենք կ՛որոշենք» տողընդմէջ անուղղակի պատգամով: Գաղտնիք չէ, որ այս գծով շփումները կը շարունակուին բազմակողմանի եւ տարբեր հարթակներու ճամբով:

Տեղական մակարդակի վրայ, շաբաթավերջին երկխօսութեան ու զգաստութեան կոչերը աւելի շեշտակի էին, քան սոսկ քննարկման կամ երկխօսութեան փորձերը: Փաստօրէն, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ, իր  կիրակնօրեայ պատգամին մէջ չկրցաւ ծածկել իր ընդվզումն ու զայրոյթը` այպանելով լիբանանցի երեսփոխանները: «Կը ցաւիմ, որ ներկայիս պլոքներուն մէջ չգտնուեցաւ երեսփոխան մը, որ համարձակի «խիղճի ընդդիմութեան» ուժգնութեամբ դատապարտել աւելի քան եօթը ամիսներէ ի վեր նախագահական ընտրութեան ձախողեցման փորձերը, որոնք պետութիւնը կը տկարացնեն վասն իրենց անհատական ու հատուածական շահերուն», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը` հարց տալով երկրի կուսակցապետներուն. «Ինչպիսի՞  երիտասարդներ կը պատրաստէք Լիբանանի ապագային համար»: Նոյն ծիրին մէջ Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը դիտել տուաւ, թէ «լիբանանցիք ընդվզեցան երկրի վարիչներու կառավարման ձեւին դէմ, սակայն վերստին զանոնք ընտրեցին` իրենք զիրենք աւելի խոր տագնապի մէջ մխրճելով»: Այսուհանդերձ առնչակից կողմերու միջեւ շփումները կը շարունակուին լուսարձակներէ հեռու, ինչպէս որ Հըզպալլայի մօտիկ իրազեկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ կապերը չեն խզուած եւ շփումները կը շարունակուին: Նմանապէս, քաղաքական դիտանկիւնէն հակադիր կողմերու միջեւ եւս շփումները կը շարունակուին, ինչպէս յայտարարեց երէկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան հարցազրոյցի մը ընթացքին: Դարձեալ այս ծիրին մէջ խորհրդարանի փոխնախագահ էլիաս Պու Սաապ կը շարունակէ իր մագոգային շփումները, որոնց նորագոյնը` դէպի Մաարապ իր այցելութիւնը: Ան մօտերս դարձեալ պիտի այցելէ Մաարապ, ուր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ պիտի քննարկէ նախագահական ընտրութեան փութացման քայլերը: Պու Սաապ իր այս շփումներուն մանրամասն պիտի անդրադառնայ չորեքշաբթի երեկոյեան նախատեսուող պատկերասփռուելիք հարցազրոյցի ընթացքին:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շարունակելով իր արտաքին դիւանագիտական այցելութիւնները, երէկ` կիրակի, 21 մայիսին Իտալիայէն անցաւ Ֆրանսա: Ան երէկ երեկոյեան մամլոյ ասուլիսով մը ելոյթ ունեցաւ Փարիզէն, ուր հիմնականին մէջ անդրադարձաւ վերջին իրադարձութիւններուն, յատկապէս` ինչ կը վերաբերի նախագահական ընտրութեան եւ Ժետտայի վեհաժողովի որոշումներուն: Այս առնչութեամբ լրատուական աղբիւրներ նշեցին, որ Ֆրանսա սերտ ճիգեր կը թափէ համոզելու Պասիլը` մասնակցելու նախագահական ընտրութեան նիստին եւ դիւրացնելու այդ գործընթացը: Մինչ, երեսփոխան Ալեն Աունի համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները կրնան սպիտակ քուէ ներկայացնել ընտրութեան նիստին, համախոհութեան չգոյացման պարագային Լիբանանեան ուժերու թէ այլ առնչակից կողմերու հետ:

Իր կարգին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ  Նայիմ Քասեմ ըսաւ, որ «մենք իբրեւ թեկնածու ներկայացուցինք փորձառու անձնաւորութիւն մը»` կոչ ուղղելով համախմբուելու երկխօսութեան ու հասարակ յայտարարի շուրջ:

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի ճիգերը, նախագահական ընտրութեան հարցի դիւրացման գծով: Այս իմաստով կը նախատեսուի,  որ դեսպան Պուխարի վերսկսի լիբանանեան տարբեր կողմերու հետ իր շփումներուն:

Հրատապ հարցերու կողքին ուշագրաւ է սուրիացի տեղահանուածներու «տունդարձի» անհրաժեշտութիւնը: Փաստօրէն, աւելի քան երկու միլիոն հաշուող այդ տեղահանուածներուն աւելցան յիսուն հազարի նոր տեղահանուածներ, որոնք անցնող փետրուարին Սուրիան հարուածած երկրաշարժէն ետք ապօրինի ձեւով Լիբանան մուտք գործած են: Այս գծով ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար երէկ կոչ ուղղեց կառավարութեան` նախարարական անմիջական յանձնախումբ մը կազմելու, որ լծուի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի քայլերու դասաւորման` սուրիական իշխանութեան հետ: Ան  շեշտեց նման քայլի մը կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով այս երեւոյթի քաղաքական, ընկերային, ժողովրդագրական եւ նոյնիսկ ապահովական հետեւանքները: Արդարեւ, սուրիացի տեղահանուածներ իրենց աշխատուժի համեմատաբար աժան վարձատրութեամբ պատճառ կը դառնան բազմաթիւ լիբանանցիներու անգործութեան եւ յուսահատութեան, որ ի վերջոյ կը յանգի երկրէն արտագաղթի, ինչպէս վերջերս նշեց «Լա Պորա» կազմակերպութեան տնօրէն հայր Թոնի Խատրա: Ան դիտել տուաւ, թէ լիբանանցի քրիստոնեայ երիտասարդութեան կարեւոր մէկ համեմատութիւնը արտագաղթած է երկրէն ու ներկայիս աւելի քան 38 հազարի աշխատանքի դիմում ներկայացուած է աւարտական երիտասարդներու կողմէ: Այլ խօսքով, այնքան ատեն որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ համայնքային քաղաքականութիւնը, անհրաժեշտ է նկատի ունենալ երկրի համայնքային ժողովրդագրական հաշուարկի խախտում ցոլացնող այս տուեալները, որոնք կը սպառնան Լիբանանի իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան առաքելութեան պահպանման:

Հրատապ մէկ այլ հարց ծագեցաւ վերջին օրերուն, երբ «Ինթըրփոլ»-ը ձերբակալման հրամանագիր հրապարակեց եւ տարածեց Լիբանանի Կեդրոնական դրամական կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ: Այս գծով կը նախատեսուի, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօր նախարարական սեղմ յանձնախումբի մը հետ քննէ Սալամէի «ճակատագիրը»` ֆրանսական դիմումին ընդառաջելու թէ զայն մերժելու գծով:

Այս բոլորի լոյսին տակ դէտեր հիմնական մտավախութիւն կը յայտնեն, որ դէպքերու ներկայ ընթացքով միայն զօրաւոր ցնցում մը կամ ցունամի մը կրնայ ծագիլ նախագահական հարցի լուծումը պարտադրելու հեռանկարով: Երէկ Սայտայի ծովափին պատահած ապահովական միջադէպը մանրանկար մը կը նկատուի նման ցնցումի, որ կը սպառնայ Լիբանանի «լայիք» եւ «աւանդական» տրամադրութիւններուն:

Այս բոլոր հարցերը հիմնական օրակարգի վրայ պիտի արծարծուին յառաջիկայ հինգշաբթի նախատեսուող նախարարաց խորհուրդի նիստի ընթացքին, որուն հրաւէրը ուղղած է վարչապետ Միքաթի:

Նախորդը

«Վակներ» Կը Յայտարարէ, Թէ Գրաւած Է Պախմութը, Զելենսքի Կը Հաստատէ, Ապա Կը Հերքէ

Յաջորդը

Պայտըն. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Աջակցիլ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Կայուն Եւ Արդար Խաղաղութեան»

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?