Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդը նախանցեալ օր որոշեց հաստատել քաղաքապետական ընտրութեանց կայացման մէկ տարիով յետաձգման օրինագիծը, որ  հրապարակուած էր անցնող 18 ապրիլ 2023-ին: Նշեալ խորհուրդի նախագահ դատաւոր Թաննուս Մըշլեպ մամլոյ ասուլիսով  մը հիմնաւորեց խորհուրդի այս որոշումը` դիտել տալով, որ կարելի չէ երկիրը քաղաքապետական, վարչական դատարկութեան մղել` նկատի ունենալով քաղաքապետութեանց եւ թաղապետներու կարեւորութիւնը քաղաքացիներու օրէնսդրական հարցերու դասաւորման գծով: Նշենք, որ քաղաքապետութեանց ընտրութեան կայացման գծով խորհուրդի հաստատման այս որոշումը կու գայ անոր ժամկէտի աւարտէն 24 ժամ առաջ:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ երէկ յայտարարեց խորհրդարանական նոր պլոքի մը` «Ազգային համախոհութիւն» պլոքին կազմութիւնը: Այս պլոքը կողմի զօրակից կամ հետեւող ըլլալէ պիտի խուսափի եւ պիտի լծուի նշեալ շրջանի ու Լիբանանի բարօրութեան ամրագրման:

ՀԸՐՄԵԼԻ Քասր աւանին մէջ զինեալներ կրակ բացած են շրջանի մէկ բնակիչին վրայ եւ ծանրօրէն խոշտանգելով վիրաւորած են զայն: Ականատեսներ վիրաւորեալը տարած են հիւանդանոց, իսկ ապահովական աղբիւրներ քննութիւն բացած են դէպքին շուրջ:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան պատկան ուժեր վերջերս Ռաշայայի մէջ ձերբակալած են կարգ մը անձեր, որոնք շահարկելով սուրիացի տեղահանուածներու վիճակը, գումարներ կը պահանջեն անոնցմէ` զիրենք արտասահմանեան ապահով  երկիր ղրկելու կեղծ խոստումներով:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլի Նախագահը Իրանը Շրջանին Համար «Սպառնալիք», Իսկ Ազրպէյճանը` «Շրջանային Կայունութեան Խարիսխ» Կը Յայտարարէ

Յաջորդը

Նախագահական «Սպիտակ Ծուխի» Սպասման Միջոցին` Առնչակից Կողմեր Կը Բացայայտեն Իրենց Խաղաքարտերը

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ.  Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի  Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունին Իր Յղած Նամակին Մէջ. Թրամփ. «Կը Հիանամ Ներկայ Փուլին Լիբանանի Ձեր Վճռական Ղեկավարութեամբ»

September 23, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը  Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»
Լիբանանեան

Նիւ Եորքի Մէջ Սալամի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Էրտողան. «Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Այլընտրանքը Եղող Միջազգային Նախաձեռնութեան Մը Կարիքը Կայ»

September 23, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն,  Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական  Հեռացման Յանգեցնեն»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Բանակցութիւններուն, Եթէ Աստիճանական Կամ Ամբողջական Հեռացման Յանգեցնեն»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.