Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժետտայի Վեհաժողովի «Կանաչ Լոյս»-էն Ետք. Դիւանագիտական Ուշագրաւ «Զօրաշարժ»` Լիբանանի Մէջ

Մայիս 23, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանցիք մեծ յոյսեր կը կապեն վերջերս Սէուտական Արաբիոյ ժետտա քաղաքին  մէջ գումարուած Արաբական 32-րդ վեհաժողովին, որ արգասիքն էր միջարաբական «զերօ հարցերու» հեռանկարով սկսած սէուտական արտաքին քաղաքականութեան: Փաստօրէն, Սէուտական Արաբիոյ, յատկապէս անոր գահաժառանգի` իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի ցուցաբերած բարեկարգչական ու փոփոխութեան պատրաստակամութեան առթած մթնոլորտի լոյսին տակ անցնող շաբաթներուն իրականացաւ Չինաստանի հովանաւորած Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ անկիւնադարձային հանդիպումը: Իսկ աւելի քան տասնամեակ մը բացակայութենէ ետք Սուրիոյ վերադարձը Արաբական լիկայի իր «աթոռին» ուշագրաւ քայլ էր արաբական խոստմնալից նախաձեռնութիւններու առնչութեամբ շրջանին եւ յատկապէս Լիբանանի ուղղութեամբ: Արդարեւ, նշեալ վեհաժողովի վաղորդայնին արդէն իսկ արտաքին կողմեր սկսան «շարժիլ» Լիբանանի ուղղութեամբ: Այս դիտանկիւնէն պէտք է դիտել Պահրէյնի ճիգերը Լիբանանի հետ դիւանագիտական յարաբերութեանց վերահաստատման գծով: Այս կապակցութեամբ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ յայտարարեց, թէ մօտերս Պահրէյն պիտի վերահաստատէ իր ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ, եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները պիտի վերահաստատուին Մանամայի եւ Պէյրութի միջեւ ամենակարճ ժամանակամիջոցին մէջ, ինչպէս որ հաստատած է Պահրէյնի իր պաշտօնակիցը` Ժետտայի վեհաժողովի քուլիսային հանդիպումի մը ընթացքին: Միւս կողմէ, Պու Հապիպ երէկ հասաւ Հռոմ,  ուր անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի պատասխանատուներուն, յատկապէս` Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար կարտինալ Փոլ Ռիչըրտ Կալակերի հետ: Խորհրդակցութեանց առանցք կազմեցին շրջանային ու տեղական իրավիճակի կողքին նաեւ Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռի հարցը: Այս առիթով Վատիկան վերահաստատած է իր զօրակցութիւնը Լիբանանին` շեշտելով նախագահական ընտրութեան շուտափոյթ իրագործման անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ մեկնարկ Լիբանանի բարեկարգչական եւ երկխօսութեան քայլերու իրականացման:

Նոյն առաջադրանքով, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ  Եոհաննա Վրոնեցքա երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր վարչապետ Միքաթիի հետ խորհրդակցեցաւ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակին վերաբերեալ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Ժետտայի վեհաժողովի արդիւնքներուն եւ հարաւային Լիբանանի կացութեան: Այս առիթով նոյնպէս շեշտուեցաւ նախագահական ընտրութեան եւ բարեկարգչական խոստումներու գործադրութեան փութացման կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Փաուլօ Պորժիան: Այս առիթով եւս արծարծուեցան նախագահական ընտրութեան եւ այլ հրատապ հարցերու քայլերն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Այս բոլորին զուգահեռ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը կը շարունակէ իր տեսակցութիւնները ֆրանսացի պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս` Փաթրիք Տիւրել եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Նմանապէս Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի այս օրերուն վերստին պիտի տեսակցի նախագահական ընտրութեան առնչակից «բանալի» կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ:

Միւս կողմէ, փոխադրամիջոցներու եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպանատան գործավար Ամին Ապտել Իլահ Նասրաուին` ընկերակցութեամբ դեսպանատան ընդհանուր քարտուղարին: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկկողմանի յարաբերութեանց եւ փոխադարձ գործակցութեան գործնական քայլերուն վրայ: Այս գծով իրաքցի դիւանագէտը վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան ամրապնդման եւ յատկապէս վառելանիւթի, նաւթի օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը: Այս գծով նոյնպէս իրաքցի գործավարը յայտնեց, թէ յառաջիկայ յունիս ամսուան առաջին կիսուն Լիբանան պիտի այցելէ Իրաքի փոխադրամիջոցներու նախարարը` խորհրդակցելու համար փոխադարձ գործակցութեան մանրամասնութեանց շուրջ եւ այս գծով նախապատրաստական քայլերը ընթացքի մէջ են:

Դիւանագիտական այս շփումներու ծիրին մէջ իսլամ քարոզիչ սէյիտ Ալի Ֆատլալլա երէկ ընդունեց Իրանի իսլամական դաւանանքներու համաշխարհային հիմնարկի տեղակալ Մոհամետ Ռիտա Մուրթատաուին, որուն հետ քննարկեց շրջանի ու Լիբանանի նորագոյն իրադարձութիւններն ու միջիսլամական միասնականութեան միտող քայլերը: Սէյիտ Ալի Ֆատլալլա երէկ նոյնպէս ընդունեց Սուրիոյ «Իսլահ» (Բարեկարգում) կուսակցութեան նախագահ Հիւսէյն Ռաղեպը:

Իր կարգին, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ երէկ ընդունեց Քանատայի դեսպանը, որուն հետ խորհրդակցեցաւ երկկողմանի յարաբերութեանց եւ տիրող ընդհանուր իրավիճակին շուրջ: Այս առիթով շէյխ Խաթիպ ընդգծեց, որ Լիբանանին մատուցուող լաւագոյն օժանդակութիւնը կը կայանայ անոր համայնքային քաղաքականութեան վերացման զօրակցութեան մէջ:

Նախորդը

Դեսպան Աթաբեկեան Այցելեց Զօր. Ժոզեֆ Աունին

Յաջորդը

Ալիեւ Դրական Ակնկալիքներ Ունի Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Շուրջ Բանակցութիւններէն

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?