Զօր. Ժոզեֆ Աուն. «Հայրենիքը Արժանի Է Մեծագոյն Զոհողութիւններուն»
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այցելեց Հարաւային արուարձաններու ապահովութեան գրասենեակը` «Հանրի Շհապ»-ի անուան զօրանոցին մէջ, ներկայութեամբ` բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Թոնի Քահուաժիի: Այցելութեան ընթացքին զօր. Աուն հանդիպում մը ունեցաւ զօրանոցի սպաներուն եւ բանակայիններուն հետ` անոնցմէ իմանալով իրենց գործունէութիւնն ու անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները: Բանակի հրամանատարը շնորհաւորեց բանակայինները եւ անոնց զոհողութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց իրականացուցած բացառիկ նուաճումները: «Դուք ամէնօրեայ...



















