Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ. Սերտ Ճիգեր` Յստակացնելու Համար Տիրող Քաղաքական Անորոշ Մթնոլորտն Ու Հակասական Կեցուածքները

Մայիս 31, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին ամիսներուն, յատկապէս` նախկին նախագահ զօրավար Միշել Աունի պաշտօնավարութեան աւարտէն եօթը ամիսներ ետք լիբանանցիք կ՛ապրին քաղաքական ու ընկերային-տնտեսական անկայուն վիճակի մէջ, մինչ ապահովական վիճակի «բռնկեցման» վտանգը «սաստող մահակի» նման կը «սանձէ» կարծրատիպ ու ծայրայեղ քայլերը, որոնք կրնան երկիրը ներքաշել ապահովական անբաղձալի ուղղութեան մէջ:

Փաստօրէն, երկրի հրատապ հարցերու առանցքը կազմող նախագահական ընտրութեան հարցը իր իրագործումով չի սահմանափակուիր: Պէտք է անոր կողքին դասաւորել նաեւ երկրի տնտեսական ողնայարը կազմող` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի եւ անոր մեղսակիցներու «ճակատագիրը»: Նոյն ծիրին մէջ, խոստացուած բայց ինչ-ինչ պատճառներով ու հիմնաւորումներով ցարդ չիրագործուած բարեկարգչական քայլերու ձգձգումը նոյնքան հրատապ լուծման կը կարօտի:

Արդարեւ, նախագահական ընտրութեան ընդառաջ, հակառակ առնչակից կողմերու տածած յոյսերուն, Ժետտայի Արաբական վեհաժողովի լոյսին տակ կը թուի, թէ այս հարցը տակաւին երկար ճամբայ ունի կտրելիք: Խորքին մէջ այս կապակցութեամբ դրսեւորուող կեցուածքները թեր եւ դէմ են եւ գրեթէ հակասական: Այլ խօսքով, լաւատեսներ յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսեն գործնական քայլեր նախագահական ընտրութեան առաջնորդող որոշումներու գծով: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ է մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին նախաձեռնած հովուապետական այցելութեան կողքին «քաղաքական առաքելութեան» շրջապտոյտը` Յորդանանէն մինչեւ Հռոմ եւ Փարիզ` առնչակից արտաքին կողմերը խթանելով «շարժելու» Լիբանանի փրկութեան համար: Խորքին մէջ Ռայի պատրիարքը արտաքին շրջանակներու կողքին քուլիսային լուսարձակէ հեռու սերտ շփումներ կ՛ունենայ նաեւ ներքին «բանալի» ղեկավարներու հետ: Այս իմաստով ան Վատիկան իր մեկնումի նախօրեակին տեսակցած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ` փորձելով քրիստոնեայ միասնական կեցուածքով դիմել արտաքին պալատներու ղեկավարներուն: Այս գծով երէկ յետմիջօրէին Ռայի պատրիարքը տեսակցեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ, ուր խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնն ու սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, հրատապ այլ հարցերու կողքին` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի ճակատագիրն ու լիբանանցիներու օր ըստ օրէ գահավիժող օրապահիկի հարցը: Այս առիթով Ռայի պատրիարքը իրեն հետ «փոխանցած» է նախագահական հաւանական թեկնածուներու հինգ անուններ` երեսփոխաններ  Իպրահիմ Քանաան, Նաամաթ Ֆրեմ, զօրավար Ժոզեֆ Աուն, նախկին նախարարներ Զիատ Պարուտ եւ Ժիհատ Ազուր: Այս ցանկը ի միջի այլոց նաեւ կը միտի Ֆրանսային ուղղել այն պատգամը, թէ նախագահի աթոռին արժանի միայն մէկ թեկնածու չէ, որ կը ներկայացուի (ակնարկելով Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի կողմէ առաջադրուող Մարատա հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Սլէյման Ֆրենժիէին), այլ` կան նաեւ նոյնքան ատակ ու կարող այլ թեկնածուներ:

Իսկ լիբանանեան հարթակի վրայ ընդդիմադիր ու փոփոխութեան երեսփոխաններու հանդիպումները նոյնպէս կը շարունակուին Ազգային ազատ հոսանքի, Լիբանանեան ուժերու եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարներուն միջեւ` փորձելով հասարակաց թեկնածուի մը անուան շուրջ համախոհութիւն գոյացնել: Այստեղ ալ հակասական կեցուածքները տիրական են արծարծուող անուններու եւ մանաւանդ այդ անուններու «ընտրութեան» գծով այս կողմերու նախանձախնդրութիւնը քուէարկելու եւ խուսափելու սպիտակ քուէի «խանգարիչ» քայլէն: Այս ուղղութեամբ եւս երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստի գումարման ընթացքին քուլիսային խորհրդակցութիւն ունեցած է Լիբանանեան ուժերու փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուանի հետ:

Մինչ այլ կողմեր անհաւանական կը նկատեն մօտերս նախագահական ընտրութեան կայացումը նշելով, որ կատարուածը ժամավաճառութիւն եւ դիւանագիտական խուսանաւում է:  Այս դիտանկիւնէն պէտք է ըմբռնել կարգ մը պատասխանատուներու կեցուածքները, ինչպէս օրինակ խորհրդարանի նախագահի այն յայտարարութիւնը, թէ 15 յունիսին նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստի գումարման խոստմնալից քայլեր չկան տակաւին: Եւ կամ` Արաբական Թաուհիտ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահամի այն խօսքը, թէ լուծման շոգեկառքը տակաւին Լիբանան չէ հասած:

Ապահովական Սպառնալիք

Այս բոլորին զուգահեռ նոյնքան մտահոգիչ ու ժխտական մթնոլորտ կը ստեղծեն մերթ ընթ մերթ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ պատահող ապահովական երեւութապէս «անցողակի» դէպքերը, որոնք կրկնութեան կամ շարունակման պարագային կրնան վտանգել երկրի ապահովական կայունութիւնը, յատկապէս ամառնային զբօսաշրջութեան վրայ դրուած մեծ յոյսերուն` հինգ միլիոնի հասնող զբօսաշրջիկներու ժամանման հաւանականութեան գծով:

Ապահովական բազկերակը քննող այդ քայլերէն մէկն էր առեւանգումը սէուտցի քաղաքացիի մը, որ շնորհիւ լիբանանեան բանակի պատկան ուժերուն կարելի եղաւ ազատել 24 ժամուան ընթացքին: Առեւանգման դէպքը համալիբանանեան դատապարտումի ալիք ստեղծեց: Դէտեր այդ քայլին մէջ նկատեցին Սէուտական Արաբիոյ դէմ ուղղուած պատգամ մը, որ կրնայ վտանգել երկկողմանի յարաբերութիւնները` վնասելով նաեւ երկրի զբօսաշրջութեան մարզին: Այս գծով երէկ երեկոյեան իմացուեցաւ, թէ հիւսիսային Աքքարի Շարաունէ աւանին մէջ զինեալ բախումներ արձանագրուած են լիբանանեան բանակին եւ շրջանի բնակիչներուն միջեւ, որոնք փորձած են զինեալ յարձակում գործել բանակային դիրքի մը եւ լիբանանցի զինուորականի մը բնակարանին վրայ:

 

Նախորդը

Տէր Ղուկասեան. «25 Մայիսը Պատմական Օր Է, Որ Կը Ցոլացնէ Լիբանանի Ժողովուրդին Պայքարն Ու Դիմադրութեան Դերը»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Նուրհան Պատրիարքին Հետ

RelatedPosts

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին  Արեւելեան Սահմանները Զննեց  Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը
Լիբանանեան

Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին Արեւելեան Սահմանները Զննեց Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը

Մայիս 9, 2025
«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը  Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ  Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ
Լիբանանեան

«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?