Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տէր Ղուկասեան. «25 Մայիսը Պատմական Օր Է, Որ Կը Ցոլացնէ Լիբանանի Ժողովուրդին Պայքարն Ու Դիմադրութեան Դերը»

Մայիս 31, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«25 մայիս 2000-ի ազատագրութեան տօնը պատմական օր մըն է, որ կը մարմնաւորէ Լիբանանի ժողովուրդին պայքարը եւ Դիմադրութեան դերը` անկախութեան ու գերիշխանութեան ամրագրման մէջ, յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Պարոյր Տէր Ղուկասեան շաբաթավերջին, փոխանցելով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի խօսքը` Ղովմի կուսակցութեան կազմակերպած Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնի ոգեկոչման ձեռնարկի ընթացքին:

Ներկայացնելով դիմադրութիւն եզրի սահմանումը` Տէր Ղուկասեան յայտնեց, թէ անիկա գրաւող, բռնակալ ուժերու դէմ դիմադրող շարժում կամ խմբակ է: Թուելով դիմադրութեան տարբեր ոճերն ու բնոյթները եւ օրինակներ մէջբերելով` Տէր Ղուկասեան նշեց ՀՅԴ-ի օրինակը, երբ հայ ֆետայիներ դիմադրեցին ու պայքարեցան օսմանեան բռնակալութեան դէմ:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանցի ժողովուրդին, բանակին ու Դիմադրութեան դերը վճռական, ազդեցիկ ու առանցքային էր 25 մայիս 2000-ի յաղթանակի իրագործման մէջ: «Այսօր կը դիմակալենք նոր մարտահրաւէրներ, որոնք կը հարկադրեն մեր միասնութիւնը, համախոհութիւնն ու երկխօսութիւնը` նոր նախագահի ընտրութեան եւ երկրի բոլոր շերտերը ներկայացնող կառավարութեան ու անհրաժեշտ բարեկարգումներու իրագործման համար», շեշտեց Տէր Ղուկասեան:

«Այս փառապանծ օրուան ընթացքին եկէք վերանորոգենք մեր ուխտը Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին հետ եւ մեր յանձնառութիւնը յայտնենք` շարունակելու մեր աշխատանքը դիմադրութեան եւ ազատագրութեան ոգիով` վասն աւելի լաւ, ծաղկեալ ու հզօր Լիբանանի, որպէսզի միանանք իբրեւ մէկ ժողովուրդ ու մեր հայրենիքին շահերը գերիվեր դասենք որեւէ այլ նկատառումէ, գործենք միասնաբար` իրագործելու համար մեր երկրին ծաղկումն ու յառաջդիմութիւնը եւ ժողովուրդին ապահովելու մեր պատմութեան, իղձերուն ու յաղթանակներուն արժանի ապագան», եզրափակեց Պարոյր Տէր Ղուկասեան:

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրենժիէի Հետ

Յաջորդը

Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ. Սերտ Ճիգեր` Յստակացնելու Համար Տիրող Քաղաքական Անորոշ Մթնոլորտն Ու Հակասական Կեցուածքները

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?