Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը Կարելի Է Իրականացնել Արաբական Ճիգերու Մէկտեղումով, Միջազգային Հովանաւորութեամբ Եւ Սուրիոյ Հետ Գործակցութեամբ»

May 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ Ժետտայի մէջ նախագահեց Արաբական 32-րդ վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը բերող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան:

Վեհաժողովին ընթացքին Միքաթի արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Արաբական այս վեհաժողովը վէրքեր բուժելու վեհաժողով է:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան կը յարգէ միջազգային բանաձեւերը, եղբայր երկիրներու շահերն ու անոնց գերիշխանութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ դէպի այդ երկիրներ արգիլուած նիւթերու արտածումը կասեցնելու իր յանձնառութիւնը:

Միքաթի արաբական երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ օժանդակութիւնը խնդրեց` Լիբանանի տագնապին լուծման եւ անոր վերստին բարգաւաճման առումով:

Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին ան յայտնեց, որ տունդարձը կարելի է իրականացնել արաբական ճիգերու մէկտեղումով, միջազգային հովանաւորութեամբ եւ Սուրիոյ հետ գործակցութեամբ:

Միւս կողմէ, Միքաթի Ժետտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Սիսի հաստատեց, որ Եգիպտոս միշտ կը զօրակցի Լիբանանին եւ անոր բարգաւաճումին: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կարելի ըլլայ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:

Իր կարգին, Միքաթի բարձր գնահատեց Եգիպտոսի մնայուն զօրակցութիւնը եւ օժանդակութիւնը Լիբանանին:

Ան ողջունեց նաեւ Եգիպտոսի ջանքերը` արաբական միասնականութիւնը ամրապնդելու, Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու, ինչպէս նաեւ Սուտանի տագնապը լուծելու իմաստով:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շայյահ Սուտանիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Սուտանի Միքաթիին արտայայտեց Լիբանանի հանդէպ իր սէրը` հաստատելով, որ իրեն համար Իրաքն ու Լիբանանը երկուորեակներ են:

Միքաթի շեշտեց, որ Իրաք միշտ օժանդակութեան ձեռք երկարած է Լիբանանին, յատկապէս անոր դիմագրաւած դժուար կացութեան ընթացքին:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի` Լիբանանին անոր տրամադրած բոլոր օժանդակութիւններուն համար:

Միքաթի հաստատեց, որ վերջերս Իրաքին` կողմէ  Լիբանանին տրամադրուած յաւելեալ նաւթի նախաձեռնութիւնը հսկայական օժանդակութիւն մըն է, որուն կարիքը ունին բոլոր լիբանանցիներն ու արդիւնաբերական բոլոր մարզերը:

«Մենք շնորհակալ ենք Իրաքին նաեւ այն իրականութեան համար, որ ան կը դիւրացնէ լիբանանեան բեռնատարներուն փոխադրութիւնը դէպի Ծոցի երկիրներ», յատնեց ան` նշելով, որ մօտիկ ապագային Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ պիտի ստորագրուի փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը:

Նախորդը

Ռիատ Սալամէի Ձերբակալման Հրամանագիր` «Ինթըրփոլ»-էն

Յաջորդը

Ապագայ Լրագրողները Այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.