Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 23, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց նախարարարց խորհուրդի նիստի գումարման ուրբաթ, 26 մայիսին:

ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ եւ երեսփոխան Էլիաս Սապա 93 տարեկանին երէկ իր մահկանացուն կնքեց:

ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի երէկ կոչ ուղղեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին հրաժարելու իր պաշտօնէն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցապետ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ վերջերս խորհրդարան ներկայացուցած է Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնավարութիւնը միայն մէկ անգամով երկարաձգել կամ վերընտրել խուսափելու եւ փտածութեան ու կամայականութեան տրամադրութիւնները կանխարգիլելու վերաբերեալ օրինագիծ մը:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ տոլարին սակագինը երէկ լիբանանեան սեւ շուկային մէջ տարուբերեցաւ 94.300 եւ  94.600 լիբ. ոսկիի միջեւ:

ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ընդհանուր տնօրէնութեան հրապարակած տեղեկութեանց համաձայն, սպառողական նիւթերու սակագիներու ցուցանիշը 8,55 առ հարիւր համեմատութեամբ աճած է ապրիլ 2023-ին, բաղդատաբար մարտ 2023-ի ցուցանիշին:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար երէկ Լիբանանի Պաթրուն քաղաքը թեկնածու յայտարարեց իբրեւ արաբական ամառնային զբօսաշրջութեան մայրաքաղաք: Այս գծով նշենք, որ ընթացիկ ամրան երկու միլիոն զբօսաշրջիկներու Լիբանան  այցելութիւնը կը նախատեսուի այս մարզի փորձագէտներու կարծիքով:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ պատկան մարմիններ վերջին օրերուն ձերբակալած են երկու անձեր, որոնք կը փորձէին հեռաձայնի եւ համացանցի հաղորդակցութեան թելեր գողնալ: Նմանապէս անոնք ձերբակալած են ինքնաշարժներու եւ հեծանիւերու գողութեան աւելի քան յիսուն գործողութիւն կատարած աւազակախումբի մը անդամները:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Իսրայէլի Ներքին Գործոց Նախարարին Աքսայի Մզկիթ Այցելութիւնը

Յաջորդը

Դեսպան Աթաբեկեան Այցելեց Զօր. Ժոզեֆ Աունին

RelatedPosts

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

October 13, 2026
Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը  Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ  Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»

October 13, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Բոլոր Տագնապներու Լուծման Մեր Զէնքը Ազգային Միասնականութիւնն Է»

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.