Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատ Սալամէ Հարցաքննուեցաւ Եւ Ազատ Կացուցուեցաւ

May 25, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան վճռաբեկ ատեանի դատախազ Իմատ Քապալան երէկ` չորեքշաբթի, 24 մայիսի յետմիջօրէին կէսօրէ ետք հարցաքննեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, աւարտին Սալամէ ազատ արձակուեցաւ սակայն անոր լիբանանեան եւ ֆրանսական անցագիրները «գրաւուեցան» եւ անոր արգիլուեցաւ Լիբանանէն դուրս մեկնում: Այս գծով իմացուեցաւ, թէ Սալամէ դատական ատեանէն խնդրած է զինք չյանձնել ֆրանսական դատական իշխանութեանց: Միւս կողմէ, Գերմանիոյ մէջ լիբանանեան ծագումով դատախազ Ռանա Իսքանտար հաստատեց, որ Սալամէի դէմ նաեւ գերմանական իշխանութեանց կողմէ ձերբակալման հրամանագիր հրապարակուած է, մեղսակից հինգ այլ անձնաւորութիւններու կողքին: Իսկանտար ընդգծեց, որ գերմանական իշխանութիւնները նման քայլի կը դիմեն հաստատ ու փաստարկեալ տուեալներու հիման վրայ:

Ան աւելցուց, որ գերմանական իշխանութիւնները նաեւ ձեռք դրած են Գերմանիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ գտնուող Սալամէի սեփական կալուածներուն վրայ: Նշենք, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի կարգավիճակին «ճակատագիրը» երկար ու բազմակողմանի կարծիքներու դուռ բացաւ: Այս գծով թէեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նախանցեալ օր նախարարական սեղմ ժողովի մը նախագահեց, սակայն կարելի չեղաւ համախոհական որոշումի յանգիլ` ներկաներուն միջեւ տիրող տարակարծութեանց պատճառով: Փաստօրէն, նշեալ ժողովի մասնակիցներուն մէկ մասը դէմ էր ընդառաջելու Ֆրանսայի եւ «Ինթըրփոլ»-ի դիմումներուն` մեկնելով Լիբանանի գերիշխան կեցուածքի սկզբունքներէն, ինչպէս վերջերս յայտարարեց նախկին դատախազ Հաթեմ Մատի` նշելով, որ Լիբանան հարկադրուած չէ ընդառաջելու ֆրանսական դիմումին: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան,  եւրոպական վեց պետութիւններ հետաքննութիւն բացած են Սալամէի եւ իր մեղսակիցներու նիւթական «արարքներուն» դէմ:  Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, Ռիատ Սալամէ մինչեւ իր պաշտօնավարութեան ժամկէտի աւարտը` 31 յուլիս 2023 պիտի շարունակէ իր աշխատանքը բնականոն կերպով: Սակայն արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի կողքին նաեւ այլ նախարարներ ու պետական դէմքեր անխուսափելի կը նկատեն Սալամէի հրաժարումը կամ պաշտօնանկութիւնը` խուսափելու համար յաչս

արտաքին աշխարհին Լիբանանի վարկը առաւել եւս նսեմացնելու հետեւանքէն: Այս ընթացքով Լիբանանի անունը կրնայ նշուիլ «մոխրագոյն ցանկի» վրայ, ըստ «Ռոյթըրզ»-ի: Այլ խօսքով, Լիբանանեան դրամատուները աւելի քան տասնվեց ամիս կրնան մնալ  միջազգային հետաքննական պատկան մարմիններու հսկողութեան տակ:

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Հիւսիսարեւելեան Սուրիան ՔԱԿ-էն Մաքրելու Համար Պիտի Գործակցինք Սուրիական Կառավարութեան Հետ»

Յաջորդը

Ազատագրութեան Տարեդարձին Առիթով. Պըրրի. «Վերստին Ներգրաւեցէ՛ք Յաղթանակի Խթաններն Ու Դիմակալեցէ՛ք Լիբանանը Դատարկութեան Ու Անզօրութեան Մղելու Միտող Փորձերը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.