Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնենք Թմրեցուցիչի Ախտին Եւ Ահաբեկչութեան Վտանգին Դէմ Պայքարելու»

May 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց արաբ եւ օտար երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմերուն մաս կազմող զինուորական կցորդներու համախմբումը:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ հանդիպումը ցոյց կու տայ Լիբանանի բարեկամ երկիրներու հետաքրքրութիւնը Լիբանանի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին զօրակցելու նկատմամբ, յատկապէս երբ անոնք լիբանանեան բանակը կ՛անուանեն հայրենիքին ողնաշարը:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին դէմ դնելը շատ աւելի դժուար է, քան զինուորական պատերազմը, յատկապէս նկատի ունենալով վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին երկրին վկայած ժողովրդային ցոյցերն ու շարժումները, 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ընկերային կացութեան բարդութիւնները:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին պատճառով բանակի հրամանատարութիւնը իր գլխաւոր պարտականութեան վերածած է նաեւ բանակայիններուն սննդեղէնի, վառելանիւթի եւ բժշկական խնամքի ապահովումը` պահպանել կարենալու համար անոր կարողութիւնները:

«Մեր դերակատարութիւնն է պաշտպանել հայրենիքը եւ պահպանել անոր ապահովական կայունութիւնը` արգիլելով որեւէ քաղաքացիական պատերազմ, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ դնելով` թմրեցուցիչի ախտին եւ ահաբեկչութեան վտանգին դէմ պայքարելու: Լիբանանեան բանակին միասնականութիւնը հիմնական է` Լիբանանի եւ շրջանին ապահովութիւնը երաշխաւորելու», հաստատեց ան:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը պիտի տոկայ` իր նկատմամբ վստահութեան հիմամբ, եւ պիտի մնայ միասնական, որպէսզի հայրենիքը մնայ կայուն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց զինուորական կցորդներուն` անոնց ճիգերուն համար:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Լայզա Ճոնսըն` Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Թեկնածու

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.