ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.200 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 11.000 լ. ոսկիով, մազութը` 11.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 1000 լ. ոսկիով:
Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.621.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.663.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.383.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 847.000 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մախզումի մաղթեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահական ընտրութեան նիստերը բաց կը պահէ մինչեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ալի Հիժազիի հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները` յատկապէս նախագահական ընտրութեան հետ կապուած: Քննարկուեցաւ նաեւ լիբանանեան-արաբական յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ Լիբանանը դարձեալ տնտեսական քարտէսին վրայ զետեղելու կարեւորութիւնը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական, երեսփոխան Թիմ Ուացի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ռաժի Սաատ յայտնեց, որ պլոքը իր նիստը պիտի գումարէ վաղը` հինգշաբթի, 8 յունիս 2023-ին, որպէսզի 14 յունիսի նախագահական ընտրութեան նիստին վերաբերեալ իր որոշումը տայ:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ քաղաքական հակառակորդ ուժերուն կողմէ մրցակից նախագահական թեկնածուի մը առաջադրումը կը միտի խոչընդոտել նախագահական ընտրութիւնը եւ քաղաքական մարտահրաւէրի ենթարկել մթնոլորտը` նպատակ ունենալով ձախողեցնել Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Խաուաժա յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան եւ կը զօրակցին անոր` հաստատելով, որ ան այս փուլին լաւագոյն թեկնածուն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Իպրահիմ Մնայմնէ յայտնեց, որ իբրեւ Փոփոխութեան երեսփոխաններ, իրենք Ժիհատ Ազուրը իրենց թեկնածուն չեն նկատեր` ի մտի ունենալով անոր քաղաքական անցեալն ու գործունէութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ամէն ջանք ի գործ դրած է, որպէսզի ինք երեսփոխանական ընտրութիւններուն ձախողի: Ան հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածուն Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յանձնառու մնացած է սահմանադրական ու օրինական սկզբունքներուն եւ խորհրդարանը հրաւիրած է նախագահական նիստի մը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին Սուրի մէջ տեղի ոնեցած քաղաքական հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար լիբանանցիները պէտք ունին համախոհութեան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի յայտնեց, որ Ազգային չափաւորականութեան պլոքը պիտի մասնակցի 14 յունիսի նախագահական ընտրութեան նիստին, իսկ անոր քուէարկութիւնը գաղտնի պիտի կատարուի, այնպէս ինչպէս կը թելադրէ երկրին սահմանադրութիւնը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ իր կարծիքով, եթէ Միացեալ Նահանգներ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրեն, ապա Լիբանանի պատասխանը մագլցողական պիտի ըլլայ եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա պիտի վտարուի երկրէն:
ԺԱՄԱԱ իսլամիէի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Պասսամ Համմուտ ընդունեց նախկին երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց Սայտայի վերաբերող հարցեր եւ բարգաւաճման կարիքներ:


