Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Կոչերու Կարծրացման Լոյսին Տակ. Նախագահի Ընտրութեան Գծով Շփումները Թափ Կ՛առնեն Լիբանանեան Հարթակին Վրայ

Յունիս 2, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը լիբանանեան շրջանակներու կողքին հետզհետէ կը մտահոգէ նաեւ արտաքին ազդեցիկ կողմերը: Արդարեւ, ամերիկեան վարչամեքենայի Միջին Արեւելքի հարցերու բաժանմունքի պատասխանատու Պարպարա Լիֆ վերջերս շեշտեց Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հրամայականը` յիշեցնելով նախագահի ընտրութեան նիստը «ձգձգող» լիբանանցի պատասխանատուներու դէմ պատժամիջոցներու տնօրինումը: Լրատուական աղբիւրներու համաձայն, արդէն իսկ պատրաստուած է ցանկ մը պատժամիջոցներու «թեկնածու» լիբանանցի 19 անձնաւորութիւններու, որոնց կարգին կայ նաեւ, ըստ նոյն աղբիւրներուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի անունը: Այս ծիրին մէջ երեսփոխան Մարք Տաու թուիթըրեան գրառումով ուղղակիօրէն մատնանշեց Պըրրիի անունը, թէ խորհրդարանի նախագահը կ՛արգելակէ նախագահական ընտրութեան նիստի կայացումը: Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գրասենեակը երէկ` հինգշաբթի, 1 յունիսին հաղորդագրութեամբ մը վերահաստատեց, որ խորհրդարանի դռները չեն փակուած, եւ նախագահական նիստը  կը գումարուի, երբ առնուազն երկու լուրջ թեկնածուներու անուններ ներկայացուին: Հաղորդագրութիւնը թելադրեց խուսափիլ անհիմն լրատուութիւններով տրամադրութիւնները հրահրելու ոճէն:

Փոխադարձաբար իրազեկ աղբիւրներու կարծիքով` նախագահական ընտրութիւնը արգելակողները նոյնինքն արտաքին կողմերն են, որոնք կը փորձեն ժամանակ շահիլ: Փաստօրէն Միջին Արեւելքը եւ առհասարակ միջազգային քաղաքական իրավիճակը փոփոխութեան եւ միաբեւեռ դրութեան վերացման փոխանցումի շրջան կ՛ապրին: Այս իմաստով առանցքային է սուրիացի տեղահանուածներու կարգավիճակի տնօրինման հարցը, որ տակաւին չէ դասաւորուած: Այս գծով ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան միջինարեւելեան բաժանմունքի բանբեր Սամուէլ  Ուերպըրկ վերջերս կատարած իր պատկերասփռուած յայտարարութեամբ կանխահաս նկատեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը` նշելով, որ անոնց (Սուրիոյ մէջ) բնակած վայրերու ապահովական վիճակը տակաւին խախուտ է: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, նախագահական ընտրութիւնը պիտի ձգձգուի, այնքան ատեն որ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը չէ կարգաւորուած:

Այս իմաստով, երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ բոլոր կողմերուն համար ձեռնտու է արգելակել նիստի կայացումը` դիտել տալով, որ ընդդիմադիր երեսփոխաններ կրնան նիստին ներկայանալ, սակայն լքել ժողովասրահը, երբ պարզուի, թէ առաջադրուող թեկնածուն իրենց «որոշած» անունը չէ:

Նմանապէս տարբեր չէ Ֆրանսայի կեցուածքը, որ ընդունելով լիբանանեան տարբեր կողմերու ներկայացուցիչներ, անոնց յայտնած է նախագահական ընտրութեան փութացման հրամայականը: Ֆրանսացի պատասխանատուներ բացայայտօրէն զօրակցութիւն յայտնելով Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան, կը շեշտեն Լիբանանի քրիստոնեայ «ներկայութեան» պահպանումն ու ամրագրումը, անկախ նախագահական թեկնածուի ինքնութենէն: Աւելի՛ն, կը թուի, թէ Ֆրանսա առաւել շեշտակիօրէն փոխանցած է իր կեցուածքը  լիբանանցի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս որ կը ցոլացնէր երէկ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտարարութիւնը, թէ` «պիտի խորհրդակցինք բոլորի՛ն հետ, նոյնիսկ` Հըզպալլայի հետ»: Ռայի պատրիարքը թախանձագին կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահին` փութացնելու նախագահի ընտրութեան նիստը` ընդգծելով, որ Լիբանան գերիշխան երկիր է»: Այս մասին լիբանանցի մեկնաբան Ֆայսալ Ապտել Սաթէր յայտնեց, որ Ֆրենժիէի թեկնածութեան վերացման պարագային «այլ նախաձեռնութիւն» մը պիտի ներկայացուի:

Նոյն ծիրին մէջ ուշագրաւ էր երէկ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի հանդիպումը Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ: Հանդիպման ընթացքին խորհրդակցութիւնները շեշտեցին միջլիբանանեան համերաշխութեան կարեւորութիւնը: «Այն կրօնը, որ կը բաժնէ ու կը հրահրէ, ցեղապաշտ ու յետամնաց է», ընդգծեց շէյխ Խաթիպ` այս առիթով նշելով, որ կրօնական հոգեւոր ղեկավարները իրենց քարոզներուն մէջ պէտք է ըլլան չափաւորական եւ շեշտեն քաղաքացիութեան  ու հայրենասիրութեան գաղափարը:

Քուէներու հաշուարկի ծիրին մէջ, Փաղանգաւոր, Վերանորոգում, Հզօր հանրապետութիւն եւ ընդդիմադիր ու փոփոխութեան երեսփոխաններ ու պլոքներու ներկայացուցիչներ երէկ միասնաբար խորհրդակցած են նախագահական ընտրութեան նիստի կայացման հոլովոյթին գծով հասարակաց թեկնածուի շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու առաջադրանքով:

Նոյն ծիրին մէջ, նախագահական թեկնածու նկատուող նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր, ընդառաջելով կարգ մը երեսփոխաններու իրեն հետ տեսակցելու դիմումին, որոշած է անձամբ եւ անջատաբար տեսակցիլ բոլոր անոնց հետ, որոնք կ՛ուզեն իրեն հետ հանդիպիլ: Նմանապէս, ան միացեալ առցանց խորհրդակցութիւն պիտի ունենայ ընդդիմադիր երեսփոխաններուն եւ անոնց ընկերակից կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ: Ազուր վերահաստատեց, ինք կը մերժէ «մարտահրաւէր կարդալ» այլ թեկնածուի` ակնարկելով  Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան: Այս ծիրին մէջ ընդդիմադիր նշեալ երեսփոխանները երէկ երեկոյեան խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը կայացնելով խորհրդակցեցան հասարակաց թեկնածուի մը շուրջ համախոհութեան յանգելու կարելիութեան շուրջ:

Նմանապէս, ուշագրաւ էր երէկ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հանդիպումը Ամալ շարժումի նախկին ղեկավար սէյիտ Մուսա Սատրի քրոջ` Ռապապ Սատրի հետ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Ազրպէյճան Եւ Հայաստան Որոշեցին Արեւմուտքի Մէջ Հաշտուիլ Եւ Ոչ Թէ Ռուսիոյ» Կը Գրէ «Վզկլիատ»

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?