Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Նախագահեց Ելեկտրականութեան Սակին Վերաբերող Ժողովի Մը

June 7, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական ժողովի մը, որ կը վերաբերէր ելեկտրականութեան սակին:

Ժողովին ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ, Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեք եւ ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Մաարաուի:

Ժողովէն ետք Ֆայեատ յայտնեց, որ այս ժողովը ընդառաջումն է իր պահանջին` աւելցնելով, որ ինք նախապէս հանդիպումներ ունեցած է կարգ մը հեղինակութիւններու հետ, որոնց շարքին` Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութիւնը, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց կշիռը ունեցող երեսփոխանական պլոքներ ու համախմբումներ:

Ֆայեատ նշեց, որ անոնց արտայայտած մտահոգութիւնները իրենք լրիւ կը բաժնեն, յատկապէս յունուար եւ փետրուար ամիսներուն ընթացքին սպառուած ելեկտրականութեան սակին վերաբերեալ:

Ֆայեատ յայտնեց, որ յանգած են կարգ մը արդիւնքներու, որոնք կրնան գործադրուիլ Ելեկտրականութեան ընկերութեան կողմէ: Ան նկատել տուաւ, որ ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ ելեկտրական հոսանքի ծառայութեան համար ճշդուած սակը առիթ կու տայ ուժանիւթի նախարարութեան, որ հաստատ կերպով գանձուելիք  գումարին կողքին սպառուած ելեկտրական հոսանքի քանակին համար վճարումը փոփոխութեան ենթարկուի` ըստ նաւթի սակին:

Ֆայեատ յայտնեց, որ ելեկտրականութեան սակի վճարումը ամսական դրութեամբ պիտի կատարուի, որպէսզի այդ վճարումը քաղաքացիներուն համար ծանր չըլլայ:

Ան ընդգծեց, որ նախարարութիւններն ու պետական կառոյցները եւս պէտք է կանոնաւոր կերպով վճարեն իրենց սպառած ելեկտրականութեան սակը` աւելցնելով, որ ժողովին ընթացքին իրենք անհրաժեշտ նկատած են նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու եւ պաղեստինցի գաղթականներու գաղթակայաններուն օգտագործած ելեկտրական հոսանքին գումարը ստանալ:

Հանդիպում` Անթուան Հապիպի Հետ

Միքաթի ընդունեց նաեւ Բնակարանային վարկերու դրամատան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Հապիպը:

Հանդիպումէն ետք Հապիպ յայտնեց, որ Բնակարանային վարկերու դրամատունը պիտի կարենայ լիբանանցիներուն ամերիկեան տոլարով բնակարանային վարկեր տրամադրել:

Հապիպ նշեց, որ Բնակարանային վարկերու դրամատունը 40 հազար տոլարի վարկ պիտի տրամադրէ սահմանափակ եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն, իսկ 50 հազար տոլարի վարկ` միջին եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն, պայմանով որ անոնք Լիբանանի մէջ իրենց անուամբ արձանագրուած ոչ մէկ կալուած ունենան եւ ոչ մէկ այլ վարկի պարտաւորութիւն:

ՆՇԵՆՔ, որ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Նետիմ Ապտել Մալաքի հետ, որմէ ստացաւ 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին մշակուած վերջնական տեղեկագիրը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ:

 

Նախորդը

Ապպաս Հաժ Հասան Սուրիացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Նախագահ Ասատ Ընդունեց Նախկին Նախագահ Զօր. Միշել Աունը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.