Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Թէ Արտաքին Ճնշումներու Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանանեան Նախագահական Թնճուկի Առնչակից Կողմեր Կը Շարունակեն Ընտրութեան «Գնդակը» Փոխանակել Իրարու Միջեւ

Յունիս 5, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը թուի, թէ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը տակաւին երկար ատեն պիտի զբաղեցնէ տեղական թէ արտաքին առնչակից կողմերու ուշադրութիւնը: Արդարեւ, խորհրդարանական, յատկապէս Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան հակադրուող տարբեր համախմբումներու երեսփոխաններ երէկ երեկոյեան մամլոյ միացեալ ասուլիսով մը յայտարարեցին իրենց զօրակցութիւնը Ժիհատ Ազուրի թեկնածութեան: Արդարեւ, նախագահական «անդրանիկ» թեկնածու երեսփոխան Միշել Մուաուատ երէկ` կիրակի, 4 յունիսի երեկոյեան իր բնակարանին մէջ հիւրընկալելով ընդդիմադիր երեսփոխանները, խօսք առաւ ու յայտարարեց, թէ յետս կը կոչէ իր թեկնածութիւնը: Պարզելով իր նախագահական ծրագիրին ծալքերը` ան մաղթեց, որ իր երկարած ձեռքը յաջողի իր նպատակին մէջ: Այս առիթով Մուաուատ քուէներու հաշուարկով պարզեց ի նպաստ Ազուրի զօրակցող երեսփոխաններու թուական պատկերը:

Ապա ընդդիմադիր երեսփոխան Մարք Տաու խօսք առնելով բարձր գնահատեց երեսփոխան Միշել Մուաուատի զիջումի եւ զոհողութեան «համարձակ» կեցուածքը: Տաու յայտնեց, որ խորհրդարանի տարբեր համախմբումներու անդամ 32 երեսփոխաններու անունով զօրակցութիւն կը յայտնէ Ժիհատ Ազուրի թեկնածութեան: Ան նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն նոր երեսփոխաններ պիտի միանան իրենց այս քայլին:

Նախքան այդ, ընդդիմադիր այլ երեսփոխաններ, որոնք հիւսիսային թէ հարաւային շրջաններու պլոքներու անդամներ են, նոյնպէս հաղորդագրութեամբ մը համախոհութիւն յայտնեցին ընտրելու նախագահ մը, որ հեռու է մարտահրաւէր կարդալու կարգավիճակէն` անուղղակիօրէն ակնարկելով Սլէյման Ֆրենժիէին եւ զօրակցութիւն յայտնելով  ի նպաստ Ժիհատ Ազուրի:

Նման կեցուածքով ելոյթ ունեցած էր նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շաբաթ երեկոյեան Ժիպէյլի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին: Պասիլ ընդունելով հանդերձ Ազգային ազատ հոսանքին մէջ կարգ մը երեսփոխաններու ընդդիմութիւնը Ազուրի թեկնածութեան զօրակցութեան, յայտնեց, թէ կը ձայնակցի Ազուրի թեկնածութեան` «մեծամասնութեան կարծիքը գերիվեր նկատելու» հիմնաւորումով: Խորքին մէջ, Ազգային ազատ հոսանքի անդամ  առնուազն հինգ երեսփոխաններ բացայայտօրէն դէմ արտայայտուած են Ազուրի թեկնածութեան` պահանջելով այս հոսանքի անդամ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի թեկնածութեան որդեգրումը: «Ճիշդ է, որ Ազուր մեր (Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան) թեկնածուն չէ, սակայն մեր եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններու կեցուածքներուն միջեւ խաչաձեւում կայ», ընդգծեց Պասիլ` մաղթելով, որ Ազուրի ընտրութեամբ կարելի ըլլայ լուծել երկիրը յուզող տագնապները:

Նոյն ծիրին մէջ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը Փարիզէն իր վերադարձին, սերտ քայլերու դիմելով շաբաթավերջին երկու կղերականներ` գլխաւորութեամբ մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսին, «գործուղած» է Հըզպալլայի մօտ: Պատուիրակութիւնը տեսակցած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ եւ անոր փոխանցած Ռայի պատրիարքին Հռոմէն ու Փարիզէն թելադրուած «պատգամը»: Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոս լուսարձակէ հեռու պիտի շարունակէ իր շփումները առնչակից բոլոր կողմերուն հետ` Վատիկանի թելադրանքով ու Փարիզի զօրակցութեամբ, ինչպէս նշեցին Պքերքէի մօտիկ աղբիւրներ: Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներու կարծիքով, սակայն, Հըզպալլա կառչած կը մնայ Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան եւ ան երկրորդ ծրագիր չունի: Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը խստօրէն քննադատած էր խորհրդարանի նիստերու առկախումը` նման երեւոյթ «խեղկատակութիւն» որակելով: Իսկ երէկ, կիրակնօրեայ իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց նախագահական նիստի կայացումը արգելակող կողմերուն`  փութացնելու նախագահական նիստին կայացումը: Ռայի պատրիարքը գոհունակութիւն յայտնեց ընդդիմադիր երեսփոխաններու միակամ զօրակցութիւնը երկրորդ թեկնածուին` ընդգծելով, որ «ժողովուրդը ոչխար չէ»: Ռայի պատրիարքը իր շփումներու ծիրին մէջ նաեւ խորհրդարանի նախագահին հետ հաղորդակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեց:

Նմանօրինակ կեցուածք ցուցաբերեց նաեւ Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը, որ դիտել տուաւ, թէ արգելակումը ապարդիւն է եւ կը վնասէ տարուող ճիգերուն:

Արդ, շաբաթավերջին ի նպաստ Ժիհատ Ազուրի նախագահական թեկնածութեան դրսեւորուած կեցուածքները խթանեցին գրեթէ տեղքայլի մէջ եղող խորհրդարանական նիստի կայացման հաւանականութիւնը:

Այս իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պատրաստակամութիւն յայտնեց «շարժելու»` ըստ ընդդիմադիր կողմերու ցուցաբերելիք կեցուածքին, եւ ըստ այնմ որոշելու նախագահի ընտրութեան 12-րդ նիստին թուականը: Աւելի՛ն, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներուն համաձայն, ան իր գլխաւորած պլոքի երեսփոխաններուն թելադրած է մօտերս երկրէն չհեռանալ` ակնարկելով նախագահական մօտալուտ նիստի կայացման: Այս գծով կը նախատեսուի, որ Նեպիհ Պըրրի յառաջիկայ հինգշաբթի օր նախագահական նիստի թուական յայտարարէ:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը իր կարգին շարունակելով իր քուլիսային շփումները շաբաթավերջին լուսարձակէ հեռու հանդիպում ունեցած է խորհրդարանի փոխնախագահ, երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապի հետ:

Իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը եւ յատկապէս Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը վաղը`  երեքշաբթի, 6 յունիսին իր նախատեսուող նիստին պիտի բացայայտէ իր կեցուածքը նախագահական թեկնածուներուն գծով: Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, նշեալ հանդիպումի ղեկավար Թէյմուր Ժոմպլաթ առաջին նիստին սպիտակ քուէով պիտի ներկայանայ խորհրդարանի նիստին, իսկ երկրորդ նիստին (կայանալու պարագային) պիտի քուէարկէ (ինք եւ իր ընկերակից երեսփոխանները) ի նպաստ Ժիհատ Ազուրի: Մինչ այլ աղբիւրներու համաձայն, Ժոմպլաթ հաւանական է, որ «վերադառնայ» Սլէյման Ֆրենժիէի զօրակցութեան:

Դարձեալ նախագահական ընտրութեան ծիրին մէջ, Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին կոչ ուղղեց զօրակցելու եւ համերաշխօրէն իրագործելու նախագահական ընտրութիւնը: «Այս հարցին միակ լուծումը կը կայանայ համերաշխութեան եւ հասկացողութեան մէջ»,  ընդգծեց Սաֆիէտտին:

Նաեւ` Արտաքին Առումով

Նախագահական ընտրութեան նիստի փութացման գծով տեղական այս «ճնշումներուն» զուգահեռ ուշագրաւ են նաեւ արտաքին «ճնշումներն ու թելադրանքները»,  որոնց նորագոյնը դրսեւորեց Իտալիոյ դեսպանը` իր երկրի անկախութեան տարեդարձին առիթով կազմակերպած ընդունելութեան առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ: «Լիբանան կը գտնուի անկիւնադարձային փուլի մէջ»,  ընդգծեց դեսպանը` թելադրելով պատկան կողմերուն փութացնել նախագահի ընտրութեան սահմանադրական իրագործումը:

Նոյն ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ Իրաք յատուկ պատուիրակ մը առաքած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխանին մօտ` թելադրելով, որ իշխանը Լիբանանի սիւննիները «համոզէ եւ խթանէ» վերացնելու Սլէյման Ֆրենժիէի դէմ դրուող վեթոն:

Նշենք, որ սէուտցի գահաժառանգ իշխանը յառաջիկայ հինգշաբթի կը նախատեսուի, որ տեսակցի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար  Քաթրին  Քոլոնայի հետ: Խիստ հաւանական է, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը արծարծուի անոնց խորհրդակցութեանց ընթացքին:

Արտաքին հարթակի վրայ դարձեալ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Անգարայի մէջ իր կնոջ ընկերակցութեամբ ներկայ գտնուեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երրորդ շրջանի երդմնակալութեան արարողութեան:

Միջին Արեւելքի նոր պատկերացման ձեւաւորման նախապատրաստական քայլերու այս շրջանին նոյնքան ուշագրաւ էր շաբաթավերջին Իրանի բարձրաստիճան մէկ պատասխանատուի այն յայտարարութիւնը, թէ Միջին Արեւելքի մէջ որեւէ փոփոխութիւն կարելի չէ առանց իր երկրի հաւանութեան: Այս ծիրին մէջ դարձեալ լրատուական աղբիւրներու համաձայն, կը նախատեսուի, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը մօտերս այցելէ Թեհրան:

Շրջանային այս «ձիւնհալի» մթնոլորտին մէջ 18 տարբեր համայնքներու համակեցութեան երկիր նկատուող Լիբանան պէտք է փութայ իր կարգին դասաւորել իր ներքին հարցերը`  քայլ պահել կարենալու եւ ի նպաստ Լիբանանին ներդրելու  շրջանային ծաղկումի կարելիութիւնները: Այս առնչութեամբ հետաքրքրական անդրադարձով մը ամերիկացի մեկնաբան Ճոն Ալթըրմեն վերջերս կը նշէր, թէ ներկայ ընթացքով Միջին Արեւելքը հեռու է իր բնականոն հունին վերադառնալու կարելիութենէն` թուելով գլխաւոր ազդակներ, ինչպէս ջուրի նուազումը, ելեկտրական եւ ուժանիւթի հզօրացող պահանջը, արհեստագիտութեան սրընթաց ծաղկումին հետ քայլ պահելու նախանձախնդրութիւնը, եւ աւելին` շրջանի երկիրներու ժողովուրդներու տկարութիւնը, որ հետեւանք է ժողովրդավարութեան տկարութեան:

Այս մարտահրաւէրներու դիմակալման միտումով շրջանային շփումները, յատկապէս` չինական հովանաւորութեամբ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ համաձայնութեան լոյսին տակ, աշխուժ քայլերով լծուած են շրջանային «հարցերու դասաւորման»: Լիբանան առանցքային տեղ կը գրաւէ այդ դասաւորումներուն մէջ, որոնց խոստմնալից քայլերը կրնան արդիւնաւորուիլ մօտիկ ապագային:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Տեղեկատուական Դաշտը Երէկ Եւ Այսօր, Եւ «Ազդակ» Օրաթերթը». Ապագայ Լրագրողներու Հանդիպումը` Շահան Գանտահարեանի Հետ

RelatedPosts

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին  Արեւելեան Սահմանները Զննեց  Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը
Լիբանանեան

Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին Արեւելեան Սահմանները Զննեց Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը

Մայիս 9, 2025
«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը  Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ  Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ
Լիբանանեան

«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?