Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Հաժ Հասան Սուրիացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

June 7, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց սուրիացի իր պաշտօնակից Մոհամետ Հասսան Քաթնան, որ կը գլխաւորէր Սուրիոյ երկրագործութեան նախարարութեան եւ Լիբանանի մէջ սուրիական դեսպանատան անձնակազմերէն բաղկացող պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երկրագործութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուիս Լահուտ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Անոնք շեշտեցին արաբական երկիրներուն երկրագործական քաղաքականութիւններն ու գործառնութիւնները մէկտեղելու եւ միասնականացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարենան պահպանել իրենց սննդագիտական անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ մեղմացնել պարտադրուած սահմանային տուրքերը:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Հաժ Հասան յայտնեց, որ երկրագործական առումով շրջանը զարգացում կը վկայէ:

Ան նկատել տուաւ, որ քառակողմ ժողովները պիտի ընդարձակուին` ներառելու համար նաեւ այլ երկիրներ` աւելցնելով, որ քանի մը օր ետք շատ կարեւոր ժողովի մը մասին յայտարարութիւն պիտի կատարուի:

Հաժ Հասան ընդգծեց, որ երկրագործութեան մարզին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ դրսեւորուած գործընկերութիւնը արաբական բոլոր երկիրներուն հետ նման յարաբերութիւններ ստեղծելու սկիզբ մը կը նկատուի:

Ան հաստատեց, որ շրջանին մէջ տիրող դրական մթնոլորտը պէտք է օգտագործել ճիշդ ձեւով:

«Երկրագործութեան մարզի մակարդակով լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները հոյակապ փուլէ մը կ՛անցնին, եւ կը մաղթենք, որ այդ իրականութիւնը համակէ նաեւ այլ մարզեր, որպէսզի ներածումի, արտածումի եւ տարանցումի գործառնութիւնները հեզասահ ընթանան: Լիբանանի համար Սուրիա միակ անցքն է դէպի արաբական աշխարհ եւ Ծոցի երկիրներ», շեշտեց Հաժ Հասան:

Իր կարգին, Քաթնա նշեց, որ երկրագործութեան մարզին մէջ քառակողմանի գործակցութեան իմաստով ստորագրուած փոխըմբռնումի յուշագիրը արաբական աշխարհին մէջ առաջին համաձայնութիւնը կը նկատուի` չորս դրացի երկիրներու միջեւ գործակցութեան առումով:

«Երբ երկրագործութեան մակարդակի իմաստով համախոհութիւն կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել, ապա ճամբան կը հարթուի դէպի տնտեսական համախոհութիւն, հետեւաբար մենք պիտի ջանանք արաբական աշխարհի մակարդակով տնտեսական ուժ մը հաստատել», շեշտեց Քաթնա:

 

 

Նախորդը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալած Են Թմրեցուցիչ Վաճառող Աւազակախումբ Մը

Յաջորդը

Միքաթի Նախագահեց Ելեկտրականութեան Սակին Վերաբերող Ժողովի Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.