Լիբանանեան

Նախագահական Ընտրութեան Նիստի Նախօրեակին  Նոր Նախագահ Մը Ունենալու  Անհաւանականութիւնը Կը Մնայ Տիրական

Նախագահական Ընտրութեան Նիստի Նախօրեակին Նոր Նախագահ Մը Ունենալու Անհաւանականութիւնը Կը Մնայ Տիրական

Չորեքշաբթի, 14 յունիս 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանին գումարելիք նախագահական ընտրութեան նիստը կը մնայ առկայ, իսկ անոր զուգահեռ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ունենալու անհաւանականութիւնը կը մնայ տիրական: Նախագահական ընտրութեան նիստին քաղաքական ուժերու եւ երեսփոխանական պլոքներու քուէներու վերացական հաշուարկը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրին ընտրելիք թեկնածուին մասին պրպտումներն ու յստակացումները կը շարունակուին` ընտրական մթնոլորտը վառ պահելով: Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի...

Միքաթի Վերահաստատեց Ապահովութեան  Խորհուրդի Թիւ 1701 Բանաձեւին Կառչած  Մնալու Լիբանանի Յանձնառութիւնը

Միքաթի Վերահաստատեց Ապահովութեան Խորհուրդի Թիւ 1701 Բանաձեւին Կառչած Մնալու Լիբանանի Յանձնառութիւնը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոն` ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի: Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի վերահաստատեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին կառչած մնալու Լիբանանի յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու քայլերէն անշեղ...

Ռիատի Մէջ.   Սալամ Լիբանանը Ներկայացուց  Արաբական-Չինական Գործարարներու  Խորհրդաժողովին

Ռիատի Մէջ. Սալամ Լիբանանը Ներկայացուց Արաբական-Չինական Գործարարներու Խորհրդաժողովին

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ Ռիատի մէջ Լիբանանը ներկայացուց արաբական-չինական գործարարներու խորհրդաժողովին, որ հովանաւորուած էր Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի կողմէ: Խորհրդաժողովին նպատակն էր արաբական աշխարհին եւ Չինաստանի միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական, ինչպէս նաեւ ներդրումային յարաբերութիւնները ընդարձակել: Սալամ հանդիպումներ ունեցաւ արաբ եւ չինացի գործարարներու, ինչպէս նաեւ ներդրողներու հետ:    

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Պէյրութի ընտանիքներու համախմբումին նոր վարչութիւնը: Հանդիպումին անհրաժեշտ նկատուեցաւ միասնաբար գործակցիլը: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պիելոռուսիոյ դեսպան Եուրա Սլուքան, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական համագործակցութիւնը...

«Էհտենի Սպանդին Օրը Անոնք Եկան, Երբ Քնացած Էինք,  Իսկ Այսօր Արթուն Ենք. 13 Յունիսին  Պատահածը 14 Յունիսին Պիտի Չպատահի»  Շեշտեց Սլէյման Ֆրենժիէ

«Էհտենի Սպանդին Օրը Անոնք Եկան, Երբ Քնացած Էինք, Իսկ Այսօր Արթուն Ենք. 13 Յունիսին Պատահածը 14 Յունիսին Պիտի Չպատահի» Շեշտեց Սլէյման Ֆրենժիէ

Կազմակերպութեամբ Մարատա հոսանքին, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի պալատին մէջ նշուեցաւ Էհտենի սպանդին 45-ամեակը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, անոր ընտանիքը, սպանդի նահատակներուն ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, հակառակ անոր որ պաշտօնական հրաւէրներ չէին ուղղուած: Էհտենի սպանդին ընթացքին զոհուածներու յիշատակին մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ նախագահական ընտրութեան թեկնածու Սլէյման Ֆրենժիէ: Ան...

Ռիատի Մէջ.   Պու Հապիպ Մասնակցեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ  Պայքարի Խորհրդաժողովին

Ռիատի Մէջ. Պու Հապիպ Մասնակցեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Խորհրդաժողովին

Ընդառաջելով Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հրաւէրին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Ռիատի մէջ մասնակցեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի խորհրդաժողովին: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պու Հապիպ բարձր գնահատեց այս խորհրդաժողովը կազմակերպելու ջանքերը, որոնք պիտի կեդրոնանան ՏԱՀԵՇ-ին եւ մեր երկիրներուն, հասարակութիւններուն,...

«Ժողովուրդը Հանրապետութեան Նախագահի  Ընտրութեան Կը Սպասէ, Իսկ Պաշտօնական  Կեցուածքները Կ՛անդրադառնան Օրինաթիւ  Չգոյացնելու Հաւանականութեան»   Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

«Ժողովուրդը Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութեան Կը Սպասէ, Իսկ Պաշտօնական Կեցուածքները Կ՛անդրադառնան Օրինաթիւ Չգոյացնելու Հաւանականութեան» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին ան իր քարոզին մէջ շեշտեց, թէ երկրին քաղաքական պատասխանատուները պէտք է լաւ իմանան, թէ չեն կրնար մարդ արարածին բարօրութիւնը ապահովելու Աստուծոյ կամքը անտեսել` շարունակելով իրենց միջեւ կռիւներն ու տագնապները, որոնք կը միտին ապահովել իրենց անձնական շահերը: «Լիբանանցի ժողովուրդը չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանի նիստին ընթացքին հանրապետութեան նախագահի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Լիբանանի մէջ քոլերայի համաճարակը իր աւարտին հասած է: ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 13 յունիս 2023-ին, քննարկելու համար սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը: ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երեքշաբթի, 13 յունիս...

Քֆարշուպայի Մէջ Զգուշաւոր  Հանդարտութիւն Կը Տիրէ

Քֆարշուպայի Մէջ Զգուշաւոր Հանդարտութիւն Կը Տիրէ

Քֆարշուպայի մէջ լիբանանցի քաղաքացի Իսմայէլ Նասերի կողմէ իսրայէլեան պուլտոզըրի մը աշխատանքներուն դէմ դնելը, այլ խօսքով` հողը հերկելու ընթացքին իսրայէլեան կողմի գործած սահմանային խախտումն ու ոտնձգութիւնը արգիլելու Նասերի քայլը, որ գնահատուած էր իբրեւ քաջագործութիւն, առիթ հանդիսացաւ, որ երէկ այլ քաղաքացիներ եւս նոյն շրջանին մէջ ընդդիմանան իսրայէլեան ուժերուն կողմէ փշաթելերու զետեղումին: Լիբանանեան բանակը անմիջապէս փութաց Քֆարշուպայի սահմանային շրջանը, ուր կը հսկեն նաեւ...

14 Յունիսի Նախագահական Ընտրութեան  Խորհրդարանի Նիստը Կը Մնայ Ի Զօրու

14 Յունիսի Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Նիստը Կը Մնայ Ի Զօրու

Նախագահական ընտրութեան նպատակով խորհրդարանին գումարելիք 14 յունիսի նիստը ցարդ կը մնայ ի զօրու: Քաղաքական ուժերն ու երեսփոխանական պլոքները, ինչպէս նաեւ անկախ երեսփոխանները կը շարունակեն իրենց կեցուածքները արտայայտել նիստին ընթացքին իրենց կատարելիք քուէարկութեան մասին: Միւս կողմէ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պէյրութի եւ Սայտայի ու Տէյր Քամարի մարոնի համայնքի առաջնորդներ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսը եւ Մարուն Ամմար եպիսկոպոսը գործուղեց խորհրդարանի նախագահ...

Պու Հապիպ Հանդիպում Մը Ունեցաւ  Սէուտցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

Պու Հապիպ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սէուտցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըն Ֆարհան դրուատեց լիբանանեան իշխանութիւններուն արագ եւ ազդու քայլերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ ազատ արձակել Լիբանանի մէջ առեւանգուած սէուտցի քաղաքացին եւ զայն ապահով յանձնել անոր ընտանիքին: Պու Հապիպ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 24.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 24.000 լ. ոսկիով, մազութը` 13.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 3000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.645.000 լ....

Լը Տըրիան` Լիբանանի Հարցով  Ֆրանսացի Յատուկ Պատուիրակ

Լը Տըրիան` Լիբանանի Հարցով Ֆրանսացի Յատուկ Պատուիրակ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, որ Լիբանանը պիտի ներկայացնէ Պրիւքսելի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապին նուիրուած խորհրդաժողովին, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի հետ: Հանդիպումէն ետք Քոլոնա ընդգծեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն համար Ֆրանսա յատուկ թեկնածու մը չունի` աւելցնելով, որ Փարիզի համար կարեւորը այն է, որ Լիբանան հանրապետութեան նախագահ մը ունենայ,...

Քֆարշուպայի Մէջ.  Իսմայէլ Նասեր Կը Պաշտպանէ Իր Հողը

Քֆարշուպայի Մէջ. Իսմայէլ Նասեր Կը Պաշտպանէ Իր Հողը

Լիբանանցի քաղաքացի Իսմայէլ Նասեր նախանցեալ օր Քֆարշուպայի մէջ դէմ դրաւ իսրայէլեան պուլտոզըրի մը, որ հողը հերկելու ընթացքին խախտած էր սահմանը եւ ոտնձգութիւն գործած լիբանանեան հողերուն դէմ: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Նասերի հետ` բարձր գնահատելով թշնամիին դէմ անոր ցուցաբերած խիզախութիւնը` իր հողը պաշտպանելու եւ իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ պայքարելու առումով: «Այն ժողովուրդը, որ նման հզօր կամքի տէր է,...

«Ձեր Երդումին Կառչած Մնացէ՛ք Եւ Ժողովուրդին  Փաստեցէ՛ք, Որ Անոր Կը Վստահիք` Օրէնքն  Ու Ապահովութիւնը Պարտադրելու Համար»  Շեշտեց Իմատ Օսման

«Ձեր Երդումին Կառչած Մնացէ՛ք Եւ Ժողովուրդին Փաստեցէ՛ք, Որ Անոր Կը Վստահիք` Օրէնքն Ու Ապահովութիւնը Պարտադրելու Համար» Շեշտեց Իմատ Օսման

Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան 162-Ամեակ. Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 162-ամեակին առիթով, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման հրապարակեց օրուան հրահանգը, որուն մէջ հաստատեց, որ այդ ուժերը, իրենց սպաներով եւ ոստիկաններով, իրենց նուիրումով եւ զոհողութիւններով, կը շարունակեն մնալ ժողովուրդին յոյսն ու  վստահութիւնը եւ ապահովութիւնը կը պահեն բոլոր մարտահրաւէրներուն դէմ, որքան ալ դժուար ըլլան անոնք: Օսման Ներքին ապահովութեան ուժերու բոլոր...

Շարաֆէտտին. «Սուրիացի Տեղահանուածներու  Տունդարձը Դանդաղ Կերպով Կ՛ընթանայ»

Շարաֆէտտին. «Կառավարութիւնը Երեքշաբթի Օր Պիտի Գումարէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Նիստ Մը»

Գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապը կը շարունակէ մնալ Լիբանանն ու լիբանանցիները յուզող հիմնահարցը: Շարաֆէտտին յայտնեց, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ երեքշաբթի օր պիտի գումարէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող նիստ մը` յոյս յայտնելով, որ նախարարաց խորհուրդին մօտ օրինաթիւ մը գոյանայ, որպէսզի կարելի ըլլայ նիստ գումարել: Շարաֆէտտին նշեց, որ ինք Սուրիա պիտի այցելէ` նախապատրաստելու համար...

Ապպուտ. «2023-ի Սկիզբէն Ի Վեր 400 Հազար  Զբօսաշրջիկ Մուտք Գործած Են Լիբանան»

Ապպուտ. «2023-ի Սկիզբէն Ի Վեր 400 Հազար Զբօսաշրջիկ Մուտք Գործած Են Լիբանան»

Ճամբորդական գրասենեակներու եւ զբօսաշրջական մարզի հաստատութիւններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ժան Ապպուտ յայտնեց, որ յունիսի կէսէն ի վեր Լիբանան հասնող օդանաւերը համեմատաբար աւելի լեցուն պիտի ըլլան` աւելցնելով, որ Լիբանան ժամանող զբօսաշրջիկներուն 32 առ հարիւրը արաբներ են: Ապպուտ նշեց նաեւ, որ 2023-ի սկիզբէն ի վեր 400 հազար զբօսաշրջիկներ մուտք գործած են Լիբանան` աւելցնելով, որ «Ահլա պհալթալլէ» արշաւը դրական էր եւ Լիբանանը զետեղեց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց ամերիկեան պատուիրակութիւն մը, որուն ընկերակցեցան ամերիկեան դեսպանատան անձնակազմէն անդամներ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան մարդկային իրաւունքներու եւ երեխաներու վերաբերող շարք մը հարցեր: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ սպաներու աստիճանի բարձրացման որոշումի ստորագրուելէն շաբաթ...

14 Յունիսի Նիստին Ընդառաջ.   Երեսփոխանական Պլոքներն ու Քաղաքական  Ուժերը Կը Կատարեն Նախապատրաստական  Իրենց Աշխատանքները

14 Յունիսի Նիստին Ընդառաջ. Երեսփոխանական Պլոքներն ու Քաղաքական Ուժերը Կը Կատարեն Նախապատրաստական Իրենց Աշխատանքները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ չորեքշաբթի, 14 յունիս 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան նիստի հրաւիրելէ ետք Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլայի միջեւ սկիզբ առին աշխատանքը համադրելու որոշ քայլեր, որոնք կը միտին արգելակել Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ընտրութիւնը ձախողցնելու փորձերը: Կը նախատեսուի, որ շիի երկեակին կողմէ այս համադրումը ընդարձակուի եւ վերածուի եռակողմանի հանդիպումներու` ներառելով նաեւ Մարատայի պատասխանատուներ: Շիի...

Միքաթի Պու Հապիպը Գործուղեց  Պրիւքսել` Ներկայացնելու Լիբանանը

Միքաթի Պու Հապիպը Գործուղեց Պրիւքսել` Ներկայացնելու Լիբանանը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն յայտնեց, թէ ան Լիբանանը պիտի ներկայացնէ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին, որ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներուն: Խորհրդաժողովի ընթացքին Պու Հապիպ Լիբանանի կառավարութեան անունով խօսք մը պիտի արտասանէ: Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, յայտնեց, որ ինք կը ջանայ լուծել...

Page 267 of 987 1 … 266 267 268 … 987

Արխիւներ