Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Ժոզեֆ Աուն. «Հայրենիքը Արժանի Է Մեծագոյն Զոհողութիւններուն»

Յունիս 8, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այցելեց Հարաւային արուարձաններու ապահովութեան գրասենեակը` «Հանրի Շհապ»-ի անուան զօրանոցին մէջ, ներկայութեամբ` բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Թոնի Քահուաժիի:

Այցելութեան ընթացքին զօր. Աուն հանդիպում մը ունեցաւ զօրանոցի սպաներուն եւ բանակայիններուն հետ` անոնցմէ իմանալով իրենց գործունէութիւնն ու անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Բանակի հրամանատարը շնորհաւորեց բանակայինները եւ անոնց զոհողութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց իրականացուցած բացառիկ նուաճումները:

«Դուք ամէնօրեայ դրութեամբ վտանգներ կը դիմագրաւէք` ոճիրներու դէմ պայքարելու պատասխանատուութեան ձեր մարզին մէջ: Մեր նպատակն է Լիբանանն ու լիբանանցիները պաշտպանել, եւ անոնց մէջ կը գտնուին նաեւ Հարաւային արուարձաններու մեր ընտանիքները: Մենք պիտի շարունակենք պատասխանատուութիւն ստանձնել` օրինազանցներուն եւ աւազակախումբերուն դէմ պայքարելով, որովհետեւ հայրենիքը արժանի է մեծագոյն զոհողութիւններուն, իսկ մեր ուխտն է պահել արժանապատուութիւնը, պատրաստ ըլլալ զոհուելու եւ մնալ հաւատարիմ», շեշտեց զօր. Աուն:

Բանակի հրամանատարը բարձր գնահատեց բանակի գաղտնի սպասարկութեան իրագործումը` առեւանգուած սէուտցի քաղաքացի Մշարի Մթէյրին 48 ժամուան ընթացքին ազատ արձակելու առումով:

Զօր. Աուն կոչ ուղղեց զինուորականներուն նուիրումով շարունակելու իրենց առաքելութիւնը` առանց տարաձայնութիւններուն եւ մեղադրանքներուն անսալու, եւ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին հասած օժանդակութիւնները ընթացքի մէջ են եւ պիտի շարունակուին:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Պու Սաապը Եւ Քանաանը

Յաջորդը

Միքաթի Պու Հապիպը Գործուղեց Պրիւքսել` Ներկայացնելու Լիբանանը

RelatedPosts

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ  Ընտրութիւնները Կայացան`  Սահմանափակ Խնդիրներով
Գլխաւոր լուրեր

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ Ընտրութիւնները Կայացան` Սահմանափակ Խնդիրներով

Մայիս 12, 2025
Նախագահ Աուն Քուէյթ Կ՛այցելէ
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Քուէյթ Կ՛այցելէ

Մայիս 12, 2025
Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?