Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական «Սպիտակ Ծուխի» Սպասման Միջոցին` Առնչակից Կողմեր Կը Բացայայտեն Իրենց Խաղաքարտերը

June 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան, ինչպէս նաեւ շրջանային թէ միջազգային կողմերը ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն յուզող առանցքային հարցը` Լիբանանի նախագահական «թնճուկը» կը թուի, թէ տակաւին չէ հարթուած: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ լիբանանեան կողմերու ղեկավարներ թէ «պատգամաւորներ» կը թակեն արտաքին դարպասներ, անդին լիբանանեան առնչակից հակադիր կողմեր քայլ առ քայլ կը բացայայտեն իրենց պահանջները դրսեւորող խաղաքարտերը: Այս ծիրին մէջ, օրինակ, ուշագրաւ էր մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին արտաքին շրջապտոյտը, որուն նորագոյն կանգառը Փարիզն էր: Այս կապակցութեամբ գօտեպնդիչ էին Վատիկանի թէ Էլիզէի պալատի կեցուածքները, որոնք կոչ ուղղեցին փութացնելու Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը: Նոյն հեռանկարով կարելի է մեկնաբանել Լիբանանեան ուժերու, Ազգային ազատ հոսանքի թէ փոփոխութեան երեսփոխաններու ներկայացուցիչներու խորհրդակցութիւնները արտաքին կողմերուն հետ: Սպասելով արտաքին շահագրգռուած այդ կողմերու «հրահրելիք եւ ներշնչելիք սպիտակ ծուխին»` Լիբանանի պատկան կողմերը կը ջանան պատրաստել իրենց թղթածրարները:

Այս իմաստով երէկ կարգ մը կողմեր հարցականներ արծարծեցին առաջադրուող թեկնածուներու «նախագահական ծրագիրին» գծով: Օրինակ, թէ տուեալ թեկնածուն ինչպէ՞ս պիտի դիմակալէ ու լուծէ ցցուող հրատապ հարցերը` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի հարցէն մինչեւ երկրի տնտեսական տագնապն ու զայն օր ըստ օրէ նահանջի մղող սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հրամայականը: Տակաւին, այլ կողմեր նախապայման կը դնեն Լիբանանի աւելի քան 15-ամեայ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին (1975-1990) առեւանգուած թէ անհետացած լիբանանցիներու ճակատագիրին վճռումը: Փոփոխութեան երեսփոխաններու համաձայն, աւելի քան 622 լիբանանցիներու հարցը ցարդ չէ յստակացած: Անոնց մասին փաստարկեալ տուեալներ կան, թէ անոնք տակաւին կը գտնուին սուրիական արգելարաններու մէջ: Նմանապէս, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հետ ցամաքային սահմանագծումի հարցը նշեալ կողմի արծարծած մէկ այլ քաղաքական խաղաքարտն է: Այս եւ այլ  հրատապ հարցեր առանցքը պիտի կազմեն նշեալ կողմին եւ առաջադրուող թեկնածուներէն` նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի հետ այսօր  նախատեսուող հանդիպումի ընթացքին:

Այս ուղղութեամբ դարձեալ լիբանանցիք կը հետեւին Պքերքէի լուրերուն, ուրկէ կրնան պարզուիլ Փարիզի խորհրդակցութեանց լիբանանեան ծալքերը:

Այս գծով երէկ ուշագրաւ էր նաեւ Ռուսիոյ դեսպանի Մաարապ այցելութիւնը, ուր ռուս դիւանագէտը ի միջի այլոց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուց իր երկրի տեսակէտը լիբանանեան նախագահական հարցին գծով:

Մինչ այդ, պետական պաշտօնական շրջանակներ երէկ շարունակեցին  քաղաքացիներու ապրուստի թէ կենցաղային անմիջական կարիքներու հարցերը դասաւորել պատկան պատասխանատուներուն հետ: Այս առնչութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանը յուզող տնտեսական, առողջապահական եւ կրթական հրատապ հարցերու շուրջ: Այս ծիրին մէջ վարչապետարան այցելեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ եւ վարչապետ Միքաթիի հետ քննեց առողջապահական, յատկապէս` դեղորայքի ապահովման ու անոնց սակագիներու կայունացման ու քաղաքացիներու անմիջական անհրաժեշտ դեղերու ներածման քայլերը: Այս առիթով նախարար Ապիատ հերքեց կարգ մը դեղերու բացակայութիւնը: Ան յայտնեց նաեւ, թէ վարչապետին ներկայացուցած է նախարարութեան մշակած ծրագիրները քաղաքացիներու առողջապահական կարիքներու եւ պահանջներու լուծման գծով:

Վարչապետ Միքաթի երէկ խորհրդակցեցաւ առողջապահական ու ապահովագրական հարցերու շուրջ` երեսփոխան Պիլալ Ապտալլայի հետ իր հանդիպումի ընթացքին:

Միւս կողմէ, երէկ վարչապետարան այցելեց նաեւ բարձրագոյն կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի, որ վարչապետին հետ քննեց կրթական տարեշրջանի աւարտի սեմին պետական քննութեանց, յատկապէս` այս գծով անհրաժեշտ պաշտօնական հաստատագիրներու համար պահանջուող դրոշմաթուղթերու հարցը:

Նշենք, որ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսուֆ Խալիլ երէկ յայտարարեց, թէ դրոշմաթուղթերու չգոյութեան պարագային կարելի է զանոնք փոխարինել անոնց սակագինը հատուցելով  ելեւմտական պատկան սնտուկին:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատայի Հայոց Թեմ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.