Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 2, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ուժեր երէկ զօրաշարժի մատնուած` խտացեալ շարքերով տեղակայուեցան հարաւային Լիբանանի Լիթանի գետին մերձակայքը, Մազարեհ Շեպաայի մօտ: Նշենք, որ շրջանին մէջ անցնող օրերուն զինուորական վրանի մը դիրքին գծով լարուած մթնոլորտ տիրած էր, երբ իսրայէլեան ուժեր փորձած էին վերացնել նշեալ դիրքի սարքերը` առարկելով, թէ այդ շրջանը իրենց հակակշիռին տակ է:

ՈՒՇԱԳՐԱՒ քայլով մը Զինուորական ատեանի դատախազ Ֆատի Սաուան երէկ հինգ անձերու դէմ ձերբակալման հրամանագիր հրապարակեց վերջերս հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի իրլանտական ջոկատին դէմ կատարուած զինարձակման միջադէպին գծով, որուն զոհ գացած էր իրլանտացի զինուոր մը: Ըստ լրատուական աղբիւրներու, նշեալ հինգ կասկածելիները Հըզպալլայի անդամ են:

«ՕԺԵՐՕ» ընկերութեան անդամներ երէկ բողոքի նստացոյց մը կատարեցին` պահանջելով քննել իրենց աշխատավարձերու սրբագրութեան հարցը: Այս ծիրին մէջ համացանցի պատասխանատուներ զգուշացուցին, թէ մազութի բացակայութեան պատճառով Լիբանան կրնայ ամբողջովին զրկուիլ համացանցային հաղորդակցութեան կարելիութիւններէն: Իսկ խորհրդարանական մամլոյ եւ հաղորդակցութեանց յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի երէկ «աւետեց», թէ կարելի եղած է գէթ առժամաբար ապահովել մազութի հայթայթման անհրաժեշտ պիւտճէն, հետեւաբար Լիբանան պիտի չզրկուի համացանցի ծառայութենէն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իպրահիմ Քանաան յայտարարեց, որ յառաջիկայ տասը օրերուն ընթացքին «Գերիշխան սնտուկ»-ի օրինագիծը պիտի դրուի խորհրդարանական ելեւմուտքի յանձնախումբի օրակարգին վրայ:

ԵՐՐՈՐԴ օրն ըլլալով երէկ լիբանանցիք զրկուեցան դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մուտքի արտօնութեան ստացման կարելիութենէն: Կարգ մը աղբիւրներ պատճառը քաղաքականի կողքին վերագրեցին նաեւ ապահովական ազդակներու,  յատկապէս` սէուտցի քաղաքացիի մը առեւանգման (բանակին կողմէ ազատուած) դէպքէն ետք: Այս գծով Արաբական Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ թելադրեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց դէմ յերիւրածոյ լուրեր չհրապարակել:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստին մէջ 4 օգոստոս 2020-ին պատահած պայթումի երրորդ տարելիցի սեմին, զոհերու ընտանեկան պարագաներ երէկ ցոյց մը կազմակերպեցին Արդարադատութեան պալատի մուտքին: Անոնք պահանջեցին յստակացնել դատախազ Պիթարի պարագան եւ վերակենդանացնել այս հարցով յանցագործներու հետապնդման դատական գործընթացը: Անոնք ապառնացին իրենց պահանջներու անտեսման պարագային սաստկացնել իրենց բողոքի քայլերը:

ԽՈՒՄԲ մը ցուցարարներ երէկ նաւահանգիստի մայրուղին փակեցին հրկիզուած   անիւներով:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ պատկան ուժեր վերջերս ձերբակալած են «վոլվօ» տիպի ինքնաշարժով զէնք ու յարակից սարքեր փոխադրող կասկածելի մը, որ խոստովանած է, թէ դրամի փոխարէն կատարած իր այս գործողութիւնը երկրորդն է: Կասկած ստեղծելէ խուսափելու նպատակով անոր կ՛ընկերանար իր մայրը, որ նոյնպէս խոստովանած է, թէ տեղեակ ու մեղսակից էր իր զաւկին ապօրինի արարքին:

 

 

Նախորդը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Հեռացան Միացեալ Նահանգներու Գլխաւորած Միացեալ Ծովային Ուժերէն

Յաջորդը

Արտաքին Կոչերու Կարծրացման Լոյսին Տակ. Նախագահի Ընտրութեան Գծով Շփումները Թափ Կ՛առնեն Լիբանանեան Հարթակին Վրայ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.