Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նախագահական Ընտրութեան Նիստի Մը, Որ Պիտի Գումարուի 14 Յունիսին

Յունիս 6, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 14 յունիս 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Նախագահական ընտրութեան առումով քաղաքական գործիչներու կեցուածքները կը շարունակուին հնչել եւ շատ անգամ հակասական դուրս գալ եւ շատ անգամ ալ անորոշութիւնը աւելի եւս ամրագրել:

Այս շրջագիծին մէջ, երեսփոխան Մոհամետ Խաուաժա յայտնեց, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը կառչած կը մնայ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր բարեկարգումի տեսլական եւ կարողութիւններ չունի:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ մարտահրաւէրի եւ մրցակցութեան նպատակով առաջադրուած նախագահական նոր թեկնածուն Պաապտա պիտի չհասնի` աւելցնելով, որ թեկնածուն եւ զայն առաջադրող ուժերը անյոյս են, իսկ անոնց խաղը բացայայտուած է:

Փոփոխութեան երեսփոխան Մարք Տաու յայտնեց, որ 14 յունիսին նախագահական ընտրութիւն պիտի կատարուի` աւելցնելով, որ երեսփոխանական իւրաքանչիւր պլոքի նախագահի եւ երեսփոխանի պատասխանատուութիւնն է զինք ընտրող քաղաքացիները տեղեակ պահել իր ընտրութեան եւ այդ ընտրանքը կատարելու պատճառներուն մասին:

Տաու շեշտեց, որ իրենք այդ պատասխանատուութիւնը վերցուցած են եւ յայտարարած, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի եւ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի միջեւ կ՛ընտրեն Ազուրը:

Իր կարգին, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ պլոքը իր նիստը պիտի գումարէ այս շաբթուան ընթացքին, երբ Ուալիտ եւ Թէյմուր Ժոմպլաթ վերադառնան Լիբանան: Ան հաստատեց, որ հինգ ամիս առաջ, երբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Ժիհատ Ազուրի անունը առաջարկեց, ատիկա պատահական քայլ չէր եւ ոչ ալ խուսանաւում:

Ապուլ Հասան ընդգծեց, որ Ազուր մարտահրաւէրի թեկնածու չէ` կոչ ուղղելով ընդարձակելու Ազուրի թեկնածութեան զօրակցելու շրջանակը:

Միւս կողմէ, երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող յարանուանական մրցակցութիւնը լիբանանցիներուն ձգտումները չի կրնար իրագործել:

Ան նկատել տուաւ, որ իրենք չեն փափաքիր մէկ կողմէ շիի երկեակին եւ միւս կողմէ քրիստոնեայ մեծամասնութեան զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն միջեւ ընտրապայքար վկայել:

Երեսփոխան Իհապ Մաթար կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու նախագահական ընտրութեան եւ ընտրելու յարմար թեկնածուն` հեռու մնալով սպիտակ քուէներէն:

Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ շրջանին մէջ քաղաքական զարգացումները ընթերցողները քաջ գիտեն, թէ ներքին լիբանանեան իմաստով տիրող յամառութիւնը ապարդիւն է:

«Նահժ» շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող այս փուլը հանրապետութեան նախագահ պիտի չկարենայ արտադրել` աւելցնելով, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ եւ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր Պաապտա պիտի չկարենան հասնիլ:

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ հակառակ անոր որ ինք անձնական առումով մեծ սէր ու յարգանք ունի նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի նկատմամբ, սակայն համոզուած է, որ հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու իմաստով ան մեծ առիթներ չունի:

Նախորդը

Միքաթի. «Թող Բոլորը Մասնակցին Անհրաժեշտ Եւ Պահանջուած Բարեկարգումներուն Գործադրութեան` Փրկելու Համար Հայրենիքը»

Յաջորդը

Պայրամով Յառաջիկային Ուաշինկթընի Մէջ Յաւելեալ Հանդիպումի Մը Մասին Կը Յայտարարէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?