Գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը դանդաղ կերպով կ՛ընթանայ` աւելցնելով, որ այդ գործընթացը կը կատարուի ըստ տեղահանուածներու փափաքին: «Տեղահանուածներու տունդարձը կամովին կը կատարուի եւ ակամայ վերադառնալու ոչ մէկ պարագայ արձանագրուած է», ըսաւ ան:
Շարաֆէտտին աւելցուց, որ Սուրիան Արաբական լիկա վերադարձնելը կարեւոր եւ աւետող քայլ մըն է, «իսկ սէուտական-իրանեան մերձեցումը պիտի ծառայէ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ շրջանային երկիրներու շահերուն», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Սուրիա կատարելիք իր այցելութեան հաւանականութեան` Շարաֆէտտին յայտնեց, որ այդ այցելութեան նախապատրաստութիւնները կը կատարուին` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը պէտք է կազմակերպուի սկսելով այն գաղթակայաններէն, որոնք 350 հազար տեղահանուած կը ներառեն: