Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ. Քուլիսային Շփումները Կը Շարունակուին` Փութացնելու Ընտրութիւնը Նախքան Ժամկէտի Աւարտը

June 3, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչակից կողմեր վերջին օրերուն սկսան բացայայտօրէն արծարծել նախագահական թեկնածուի գծով իրենց նախապայմանները: Ասիկա կարելի է վերագրել արտաքին աւելի քան ներքին ազդակներու: Փաստօրէն մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին ձեռնարկած «նախագահական շրջապտոյտը» վերջերս արաբական թէ եւրոպական պետութեանց մօտ իր խթանող ազդեցութիւնը սկսաւ ցոլացնել: Խորքին մէջ Ռայի պատրիարքը սկսաւ գործնական քայլերու`  Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը առաքելով լիբանանեան առնչակից կողմերու ղեկավար շրջանակներուն, յատկապէս իսլամ հոգեւոր պետերու մօտ: Այս շփումներու արդիւնքներն ու յարակից մանրամասնութիւնները կը պարզուին յառաջիկայ շաբաթներուն, եթէ ոչ օրերուն:

Նոյն ծիրին մէջ, ընդդիմադիր եւ փոփոխութեան երեսփոխաններ իրենց ձեռնարկած խորհրդակցութեանց հետեւութիւններուն պիտի անդրադառնան յառաջիկայ 48 ժամերուն: Իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը այս գծով իր կեցուածքը պիտի բացայայտէ յառաջիկայ երեքշաբթի օր, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի հերթական նիստի աւարտին:

Դարձեալ նախագահական օրակարգով` երէկ հանդիպում տեղի ունեցած է նաեւ կարգ մը ընդդիմադիր  երեսփոխաններու եւ Ազգային ազատ հոսանքի երեսփոխաններուն,  յատկապէս Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան հակադրուող կողմերուն միջեւ:

Նախագահական այս «մրցավազքի» այլ գրգռիչ խթանները կը նկատուին վերջերս ամերիկեան պատկան պատասխանատուներու «խիստ եւ կարծր» կեցուածքներն ու թելադրանքները, որոնք նախագահական ընտրութեան նիստի հեզասահ իրագործման «արգելակիչ» տարրերը կը զգուշացնէին այս հարցը «լուծել», նախքան յառաջիկայ յուլիս ամսուան աւարտը, երբ նախագահական աթոռի կողքին թափուր կրնայ մնալ նաեւ Կեդրոնական դրամատան աթոռը: Հաւանականութիւն մը, որ իրականանալու պարագային կրնայ անբաղձալի հետեւանքներ ունենալ երկրի տնտեսական եւ յատկապէս ելեւմտական գործարքին վրայ, ինչպէս նաեւ կրնայ «ջրել» պետական մարզի պաշտօնեաներու ամսաթոշակներու հերթական հատուցումը դէպի փողոց բողոքի մղելով առանց այդ ալ ընդվզած պաշտօնեաները:

Այս մթնոլորտին մէջ միջնորդական քուլիսային ճիգերը եւս թափ կ՛առնեն: Նմանապէս, առնչակից դէմքեր, յատկապէս արծարծուող թեկնածուներ կը դանդաղեցնեն իրենց կեցուածքներու եւ ընտրական ծրագիրներու բացայայտումը` սպասելով «քուէարկելու կոչուած» կողմերու յստակացումներուն: Այս առնչութեամբ, օրինակ` նախկին նախարար, նախագահական թեկնածու Ժիհատ Ազուր որոշ ժամանակով յետաձգեց իր «նախագահական» ընտրական ծրագիրի յայտարարութիւնը:

Յառաջիկայ շաբաթները կամ օրերը ուշագրաւ նորութիւններով կրնան լուսարձակի տակ առնել այս հարցը: Յոռեգոյն պարագային, Ֆրենժիէի եւ Ազուրի կողքին երրորդ թեկնածուի մը ներկայացումը խիստ հաւանական կը թուի ըլլալ, ինչպէս նշեցին ընդդիմադիր կողմերու մօտիկ աղբիւրներ: Այս հաւանականութիւնը առաւել եւս կը շեշտուի այն հիմնաւորումով, որ թէ՛ Ֆրանսա, թէ՛ Վատիկան եւ թէ՛ Սէուտական Արաբիա բացայայտօրէն «չեն ճշդած» իրենց բացարձակ զօրակցութիւնը առկայ թեկնածուներու նկատմամբ` լիբանանցիներուն ձգելով «ազատօրէն ու ժողովրդավարական մթնոլորտի մէջ ընտրելու իրենց նախագահը»:

 

Նախորդը

Մոլտովայի Մէջ Զելենսքի-Ալիեւ Հանդիպում

Յաջորդը

Ընդունելով Քաղաքացիական Մնայուն Խաղաղութեան Պատուիրակութիւնը` Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Ընդգծեց Քաղաքապետութեանց Գործունէութիւնը Աշխուժացնող Երկու Օրինագիծերու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.