Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

14 Յունիսի Նիստին Ընդառաջ. Երեսփոխանական Պլոքներն ու Քաղաքական Ուժերը Կը Կատարեն Նախապատրաստական Իրենց Աշխատանքները

June 8, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ չորեքշաբթի, 14 յունիս 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան նիստի հրաւիրելէ ետք Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլայի միջեւ սկիզբ առին աշխատանքը համադրելու որոշ քայլեր, որոնք կը միտին արգելակել Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ընտրութիւնը ձախողցնելու փորձերը:

Կը նախատեսուի, որ շիի երկեակին կողմէ այս համադրումը ընդարձակուի եւ վերածուի եռակողմանի հանդիպումներու` ներառելով նաեւ Մարատայի պատասխանատուներ:

Շիի երկեակին կողմէ այս բոլոր ջանքերը ի գործ կը դրուին` համոզուելով հանդերձ, որ նախագահական ընտրութեան թեկնածու Ժիհատ Ազուր լուրջ թեկնածու մը չի նկատուիր:

Այս շրջագիծին մէջ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ իրենք կը խորհրդակցին սահմանադրական ընտրանքներուն մասին` աւելցնելով, որ Հըզպալլա Պքերքէի կողմէ գործուղուած առաջնորդ եպիսկոպոսին փոխանցած է իր կեցուածքը` այն առումով, որ իր թեկնածուին կառչած կը մնայ, ինչպէս նաեւ հաստատած, որ այս տագնապը միայն երկխօսութեամբ կարելի է լուծել:

Նշենք նաեւ, որ Ազգային ազատ հոսանքը հաստատեց, որ Ժիհատ Ազուրի ի նպաստ քուէարկութիւնը վերջնական է` իբրեւ մերժողական կեցուածք այն թեկնածուին, որ պիտի պարտադրուի լիբանանցիներուն եւ որմէ կարելի չէ բարեկարգում եւ փոփոխութիւն յուսալ:

Այս շրջագիծին մէջ փոփոխութեան երեսփոխան Ուատտահ Սատեք յայտնեց, որ փոփոխութեան երեսփոխանները Ազգային ազատ հոսանքին կողմէ Ազուրի ի նպաստ 17 քուէի յանձնառութեան խոստում ստացած են` աւելցնելով, որ իրենք մտահոգ են, որ ապահովական կարգ մը դէպքեր կրնան խոչընդոտել նախագահական ընտրութեան նիստը:

Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ իր պլոքն ու անոր դաշնակիցները պիտի քուէարկեն յօգուտ Սլէյման Ֆրենժիէին եւ ոչ թէ սպիտակ քուէով պիտի մասնակցին ընտրութեան:

Ան աւելցուց, որ եթէ անոնք համաձայն գտնուէին երկու անգամ հրաւիրած իր երկխօսութեան, ապա կացութիւնը այս իրավիճակին չէր հասներ:

Այս բոլորին կողքին, կը նախատեսուի, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը այսօր գումարէ իր նիստը եւ յստակացնէ, թէ իբրեւ պլոք ո՛ր թեկնածուին պիտի զօրակցի:

Պէտք է նկատել նաեւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի միջեւ նախանցեալ օր տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին մասին քննարկումը սահմանափակուեցաւ Ասատի կողմէ արտայայտուած այն կեցուածքով, որ ինք համոզուած է, որ լիբանանցիները պիտի կարենան շրջանցել իրենց դիմագրաւած հարցերն ու մարտահրաւէրները եւ վերստին կազմակերպել իրենց ազգային ու սահմանադրական հաստատութիւններուն դերակատարութիւնը:

Նախորդը

Միքաթի Պու Հապիպը Գործուղեց Պրիւքսել` Ներկայացնելու Լիբանանը

Յաջորդը

Միրզոյեան Հոկընի Հետ Զրոյցի Ընթացքին Ընդգծած Է Սահմանազատման Հոլովոյթին Մէջ 1975-ի Քարտէսի Շուրջ Յանձնառութեան Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 30, 2026
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.