Լիբանանցի քաղաքացի Իսմայէլ Նասեր նախանցեալ օր Քֆարշուպայի մէջ դէմ դրաւ իսրայէլեան պուլտոզըրի մը, որ հողը հերկելու ընթացքին խախտած էր սահմանը եւ ոտնձգութիւն գործած լիբանանեան հողերուն դէմ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Նասերի հետ` բարձր գնահատելով թշնամիին դէմ անոր ցուցաբերած խիզախութիւնը` իր հողը պաշտպանելու եւ իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ պայքարելու առումով:
«Այն ժողովուրդը, որ նման հզօր կամքի տէր է, վստահաբար յաղթական դուրս կու գայ իր պայքարէն, իսկ բռնագրաւումը կ՛ուղղուի դէպի վերացում», շեշտեց Պըրրի:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժեր երէկ յետմիջօրէին փշաթելեր զետեղելու աշխատանք մը կատարեցին Քֆարշուպայի բարձունքներուն վրայ` արգիլելու համար հովիւներու եւ երկրագործներու մուտքն ու ելքը:
Իսրայէլեան ուժերուն կողմէ փշաթելերու զետեղումին ընթացքին լիբանանեան հողերուն վրայ ներկայ գտնուեցաւ լիբանանեան բանակը:
Նշենք, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի, անդրադառնալով Քֆարշուպայի պատահարին, յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը գետնի վրայ կը հսկեն խաղաղութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ կ՛արգիլեն բռնարարքներն ու կ՛օժանդակեն լարուածութիւնը մեղմացնելու առումով:
Ան նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարօ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կը կատարէ տարբեր կողմերուն հետ եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լուծումներու յանգելու իմաստով:
Թինընթի կոչ ուղղեց բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ զգուշանալու սահմանային Կապոյտ գիծին մօտ լարուածութիւններու հրահրումէն:


