Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան 162-Ամեակ.
Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 162-ամեակին առիթով, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման հրապարակեց օրուան հրահանգը, որուն մէջ հաստատեց, որ այդ ուժերը, իրենց սպաներով եւ ոստիկաններով, իրենց նուիրումով եւ զոհողութիւններով, կը շարունակեն մնալ ժողովուրդին յոյսն ու վստահութիւնը եւ ապահովութիւնը կը պահեն բոլոր մարտահրաւէրներուն դէմ, որքան ալ դժուար ըլլան անոնք:
Օսման Ներքին ապահովութեան ուժերու բոլոր աստիճանաւորներուն եւ զոյգ սեռերուն ուղղելով իր խօսքը յայտնեց, որ ապահովութիւնը երկրին կայունութեան հաստատուն չափանիշն է` աւելցնելով, որ անապահով կացութեան մէջ կարելի չէ զարգացում եւ բարգաւաճում իրականացնել:
Օսման շեշտեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց դերակատարութեան քաջածանօթ են, յատկապէս տնտեսական եւ ելեւմտական այս ծանր տագնապին ընթացքին:
«Անոնք փաստած են եւ կը շարունակեն փաստել, թէ կը մնան գիտակից իրենց պատասխանատուութեան եւ արհեստավարժութեան, հակառակ իրենց առօրեայ տառապանքներուն, որոնք բացայայտ են բոլորին համար:
Ձեր երդումին կառչած մնացէ՛ք եւ ժողովուրդին փաստեցէ՛ք, որ անոր կը վստահիք օրէնքն ու ապահովութիւնը պարտադրելու համար», յայտնեց Օսման:
Ան հաստատեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերուն համար յստակ է, թէ շատեր կը փորձեն լիբանանեան պետութեան դէմ գործել` հարուածելով անոր սահմանադրական հաստատութիւնները: «Նման իւրաքանչիւր առիթի ես կը յիշեցնեմ ձեզի, թէ ձեր ազգային զգացումներով եւ պատկանելիութեամբ ամրապնդէք ձեր դիրքերը եւ պետութեան չարիք ցանկացողներուն, ինչպէս նաեւ երկիրը քաոսի մատնելու վրայ գրաւ դնողներուն փաստէք, թէ երկրին ապահովական կայունութիւնը սակարկութեան ենթակայ չէ», շեշտեց Օսման:
Ան հաստատեց, որ ինք միշտ աշխատած է Ներքին ապահովութեան ուժերուն պայմանները բարելաւել` աւելցնելով, որ նոյն թափով պիտի շարունակէ ճիգեր ի գործ դնել:
Միւս կողմէ, Օսման Ներքին ապահովութեան ուժերու գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին որդեգրուեցաւ ապահովական ամբողջական ծրագիր մը, որ պիտի գործադրուի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, ամրան ընթացքին:
Նիստին ընթացքին Օսման ընդգծեց երկրին կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ պէտք է բոլոր միջոցառումները որդեգրուին` պահպանելու համար երկրին ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն եւ արաբ ու օտար զբօսաշրջիկներուն անվտանգութիւնը:


