Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պըն Ֆարհան դրուատեց լիբանանեան իշխանութիւններուն արագ եւ ազդու քայլերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ ազատ արձակել Լիբանանի մէջ առեւանգուած սէուտցի քաղաքացին եւ զայն ապահով յանձնել անոր ընտանիքին:
Պու Հապիպ պըն Ֆարհանը հրաւիրեց Լիբանան, որպէսզի անոր այցելութիւնը օրինակ ծառայէ սէուտցի եղբայրներուն` այցելելու իրենց Բ. հայրենիքը` Լիբանան:
Պու Հապիպ շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ, որուն ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ լիբանանցիները դուրս բերել Սուտանէն:
Պու Հապիպ բարձր գնահատեց նաեւ արաբական կեցուածքին կարեւորութիւնը` Սուրիոյ տագնապին առումով, եւ ընդգծեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման անհրաժեշտութիւնը:
Այս առումով պըն Ֆարհան յայտնեց, որ Ռիատ պէտք եղած ճիգերը ի գործ կը դնէ եւրոպացիներուն հետ` փարատելու համար լիբանանցիներուն մտավախութիւնները:


