Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 10, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 24.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 24.000 լ. ոսկիով, մազութը` 13.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 3000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.645.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.687.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.396.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 850.000 լ. ոսկի:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութիւնը կը յայտարարէ, թէ պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձերը, հատուցումներն ու յաւելումները պիտի չկարենայ ապահովել Ատհայի տօնէն առաջ, որ կը զուգադիպի 28 յունիս 2023-ին, որովհետեւ մինչեւ այդ թուականը անոր մօտ գումարներ գոյացած չեն ըլլար:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Իրաքի ազգային անվտանգութեան նախարար Հմայէտ Շաթրին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան միացեալ շարք մը հարցեր: Միւս կողմէ, Մաուլաուի շնորհաւորեց Ներքին ապահովութեան ուժերը անոնց հիմնադրութեան 162-ամեակին առիթով` հաստատելով, որ այդ ուժերուն անդամները կը մնան հերոսներ:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ զուիցերիական դատական պատուիրակութիւն մը մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Լիբանան` շարունակելու համար Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի կապուած հետաքննութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ, դեսպան Ռալֆ Թարաֆի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական բեմերը յուզող իրադարձութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ Ապտել Մեսիհ յայտնեց, որ չորեքշաբթի օրուան նախագահական ընտրութեան նիստին ընթացքին կարելի է հանրապետութեան նախագահ ընտրել, եթէ դիմադրութեան ուժերը խորհրդարանի Բ. նիստին ընթացքին օրինաթիւ ապահովեն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Ռահման Պըզրի հաստատեց, որ կայ երեսփոխաններու համախմբում մը, որ հանրապետութեան նախագահութեան իմաստով երրորդ ընտրանքի մը շուրջ կը կեդրոնանայ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան իմաստով ընդհարումի հորիզոնները փակ են` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը անկարելի է յաջողցնել առանց համախոհութեան եւ իրարու հանդէպ բացուելու քաղաքականութեան:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ մաղթեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման նախաձեռնէ արաբական միացեալ շուկայ մը հիմնելու քայլին, ինչպէս նաեւ արաբներու կողմէ Սէուտական Արաբիա կատարուելիք այցելութեան պարագային ջնջէ անոնց համար ճշդուած վիզայի դրութիւնը:

Նախորդը

Էրտողան Կին Մը Թուրքիոյ Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչ Նշանակեց

Յաջորդը

Պու Հապիպ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սէուտցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.