Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էհտենի Սպանդին Օրը Անոնք Եկան, Երբ Քնացած Էինք, Իսկ Այսօր Արթուն Ենք. 13 Յունիսին Պատահածը 14 Յունիսին Պիտի Չպատահի» Շեշտեց Սլէյման Ֆրենժիէ

Յունիս 12, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Մարատա հոսանքին, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի պալատին մէջ նշուեցաւ Էհտենի սպանդին 45-ամեակը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, անոր ընտանիքը, սպանդի նահատակներուն ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, հակառակ անոր որ պաշտօնական հրաւէրներ չէին ուղղուած:

Էհտենի սպանդին ընթացքին զոհուածներու յիշատակին մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ նախագահական ընտրութեան թեկնածու Սլէյման Ֆրենժիէ:

Ան ըսաւ, որ այս տարի 13 յունիսը կը զուգադիպի նախագահական ընտրութեան` աւելցնելով, որ նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէ կը հաւատար Լիբանանի միասնականութեան եւ արաբականութեան:

«Ոմանք կը փորձեն Էհտենի սպանդին կարեւորութիւնը նսեմացնել եւ վերածել ընտանեկան ու տեղայնական հարցի, սակայն ներկայիս տիրող պայմանները նման են 1978-ին տիրող պայմաններուն», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ հաստատեց, որ քաղաքացիական պատերազմէն ետք հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձանագրուած հաշտութիւնը նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի հետ, հարուած հասցուց բաժանումի ծրագիրներուն եւ միասնականացուց հիւսիսն ու Լիբանանը: «Այդ ժամանակաշրջանին ոմանք նկատեցին, որ նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէ քրիստոնեայ որոշումէն դուրս կը գտնուի, եւ այդ պատճառով գործադրեցին Էհտենի սպանդը: Հաշտութիւնը հարուածեց զիրար ջնջելու բոլոր ծրագիրները, իսկ ներկայիս ոմանց մօտ այդ մտայնութիւնը վերադարձած է, որովհետեւ միջազգային մթնոլորտը անոնց շահերուն չի ծառայեր: Հետեւաբար անոնք կ՛աշխատին համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներ նախապատրաստել: Իսկ ամէնէն ցաւալին այն է, որ ոմանց համար քրիստոնեաները անորոշէն վախցող բազմութիւն մը կը նկատուին», յայտնեց ան:

Ֆրենժիէ դիտել տուաւ, որ 13 յունիսին` Էհտենի սպանդի օրը անոնք եկան, երբ իրենք քնացած էին` աւելցնելով, որ օրին 13 յունիսին պատահածը յառաջիկայ 14 յունիսին պիտի չպատահի, որովհետեւ իրենք արթուն են եւ գիտակից:

«Մենք զաւակներն ենք քաղաքական կեանքին մաս կազմած ընտանիքի մը, որ մէկ դարու կեանք ունի, իսկ մեր հետեւողականութեան պատճառը մեզի հանդէպ ժողովուրդին տածած սէրն է: Ոչ ոք կրնայ յաւելաբանութիւն կատարել մեր քրիստոնեայ ըլլալուն, ազգային ըլլալուն եւ արաբականութեան վրայ», ըսաւ ան` նշելով, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրուած էր նաեւ 2005-ին եւ 2018-ին:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ ժամանակը հասած է քրիստոնեաներուն մտահոգութիւնը փարատելու եւ երաշխաւորելու, որ հայրենիքին մէջ անոնց գործընկերը չ՛ուզեր զանոնք ջնջել: «Ես չեմ ամչնար, որ կը պատկանիմ քաղաքական որոշ ուղեգիծի մը, սակայն իմ դաշնակիցներս ու բարեկամներս լաւ գիտեն, որ եթէ հանրապետութեան նախագահ ընտրուիմ, ապա բոլորին համար բաց պիտի ըլլամ եւ բոլորին նախագահը պիտի դառնամ», հաստատեց ան:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ 2016-ին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ դաշինք մը կնքեց Հըզպալլայի նախագահական թեկնածուին` զօր. Միշել Աունի հետ, «որպէսզի ինծի հակադրուի: Անոնց հարցը նախագահական այն թեկնածուին հետ է, որ երկիրը բացուելու կ՛առաջնորդէ եւ ոչ թէ զայն քանթոնի վերածելու: Այս առումով կ՛ուզեմ ընդգծել, որ ինձմէ բացի ոչ մէկ թեկնածուի հարց տրուեցաւ անոր ծրագիրին մասին` ըլլայ պաշտպանութեան ռազմավարութեան, սուրիացի տեղահանուածներուն, տնտեսութեան եւ այլ հարցերու մասին», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ անոնք առաջադրեցին նախկին նախարար Զիատ Պարուտի անունը, որ պարկեշտ անձնաւորութիւն է, «սակայն փոփոխութեան ենթարկեցին այդ անունը եւ որդեգրեցին Ժիհատ Ազուրի թեկնածութիւնը, որ կը պատկանի փտած իշխանութեան անձնակազմին: Այն անձնակազմին, որմէ Ազգային ազատ հոսանքը հանրապետութեան նախագահ չ՛ուզեր, այն անհատը, որ «Իպրա Մուսթահիլ» հատորին մէջ ամբաստանուած ելեւմուտքի նախարարն է», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ իր խօսքը ուղղեց նաեւ փոփոխութեան երեսփոխաններուն եւ անոնց տուաւ հետեւեալ հարցը. «Ի՞նչ է ձեր բացատրութիւնը բոլոր այն երիտասարդներուն, երբ դուք զօրակցութիւն կը յայտնէք այն անձնաւորութիւններուն, որոնց անձերուն եւ հարստութիւններուն դէմ յեղափոխութիւն իրականացուցիք»:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ իրենց համոզումը երկխօսութիւնն է, եւ այդ համոզումով կը շարունակեն: «Ես ոչ ոքի ինքզինքս կը պարտադրեմ, եւ ոչ մէկ հարց ունիմ համաձայնելու ազգային եւ համախոհութիւն գոյացուցած անձնաւորութեան մը շուրջ», ըսաւ ան:

Ան շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ իր յարաբերութիւնները մտերմիկ եւ շատ հեզասահ են` աւելցնելով, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը գործնական նախաձեռնութիւն է, եւ Ֆրանսա Լիբանանին զօրակցող է ու Լիբանանի համար իրապաշտ լուծում մը կը փնտռէ:

Ֆրենժիէ նշեց, որ չորեքշաբթի օր բոլորը պիտի ուղղուին խորհրդարան` հանրապետութեան նախագահ ընտրելու, «սակայն ես դժուար կը գտնեմ նախագահի ընտրութիւնը», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ բարեկարգումներուն, ինչպէս նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրին եւ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան գործադրութեան: «Իմ բառարանիս մէջ քաղաքական կեանքի արգելակում գոյութիւն չունի, իսկ հզօր նախագահը «մեզի առիթ չի տուին» արտայայտութիւնը չի կրնար գործածել: Եթէ հանրապետութեան նախագահ ընտրուիմ, ապա ամբողջ Լիբանանին եւ բոլոր լիբանանցիներուն նախագահը պիտի դառնամ, եւ հակառակորդ ուժերէն կը խնդրեմ զօրակցիլ մեզի, որպէսզի կարենանք փրկել հայրենիքը եւ ապահովել անոր զարթօնքը», եզրափակեց Ֆրենժիէ:

Նախորդը

Ռիատի Մէջ. Պու Հապիպ Մասնակցեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Խորհրդաժողովին

Յաջորդը

Փարիզի Քաղաքային Խորհուրդը Միաձայն Ընդունած Է Արցախցիներուն Հրատապ Օգնութիւն Տրամադրելու Բանաձեւ Մը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?