«Ամսական Դրութեամբ 120-150 Հազար Սուրիացի Տեղահանուածներ Տունդարձ Կը Կատարեն» Շեշտեց Պու Հապիպ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած «Սուրիոյ եւ շրջանի ապագային օժանդակելու» յատուկ խորհրդաժողովին իր մասնակցութեան շրջագիծին մէջ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն մէջ ան շեշտեց, թէ Պէյրութ պահանջած է կատարուած միջազգային օժանդակութիւնները ներդրումային կերպով կատարելու եւ ոչ սպառումի համար: «Այս իմաստով Լիբանան եւ Յորդանան եւրոպական եւ արեւմտեան երկիրներուն մօտ ըմբռնում մը շօշափած...



















