Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Պէյրութի ընտանիքներու համախմբումին նոր վարչութիւնը: Հանդիպումին անհրաժեշտ նկատուեցաւ միասնաբար գործակցիլը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պիելոռուսիոյ դեսպան Եուրա Սլուքան, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական համագործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի վարչակարգը ժողովրդավարական է, եւ սահմանադրութիւնը ազատ կարծիք կ՛ապահովէ: Ան նկատել տուաւ, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ իրաւունք ունի նախագահական թեկնածու ունենալու, եւ անիկա պատճառ պէտք չէ դառնայ, որ մարդիկ զիրար դաւաճան կոչեն կամ նկատեն: «Ուրիշը եւ անոր իրաւունքները յարգելը ազգային միասնականութեան հիմքերը կը կազմեն, իսկ ով որ կը փափաքի հայրենիք մը ունենալ, ապա ան պէտք է յարգէ այս սկզբունքները», հաստատեց ան:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ժամիլ Ապպուտը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական ներկայացուցչութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ այն լուրը, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մերժած է Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթին ժամադրութիւն մը ճշդել: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Պըրրիի հետ յարաբերութիւնը պատմական է, մտերիմ եւ կը շարունակուի` յստակութեան եւ յարգանքի սկզբունքներուն հիման վրայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն համաձայնութիւնը վերացական է` աւելցնելով, որ անոնց իսկական համաձայնութիւնը «Զգո՛ւշ, Ֆրենժիէն չընտրուի» նպատակը կը հետապնդէ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ իրենց մայրաքաղաքին քանդումը վկայած քաղաքացիները իրաւունք ունին իմանալու, թէ Պէյրութի երեսփոխանները նախագահական ո՛ր թեկնածուին պիտի քուէարկեն, հակառակ անոր որ քուէարկութիւնը գաղտնի կերպով պիտի կատարուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ դիմադրութեան առանցքը կը փափաքի հարուածել ժողովրդավարութիւնն ու ազգային համագործակցութիւնը` խորհրդարանին մէջ օրինաթիւ չգոյացնելով կամ այլ միջոցներ որդեգրելով: Ան նշեց, որ դիմադրութեան առանցքը կ՛ուզէ իր թեկնածուն պարտադրել, որովհետեւ իրեն համար մեծ տարբերութիւն մը չէ, եթէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կարելի չըլլայ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի երէկ ընդունեց լիբանանեան-քուէյթեան գործարարներու խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ասաատ Սաքքալի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան խորհրդարանի աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր: Պայսարիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Քրիսթոֆըր Վիվիք, ինչպէս նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին ղեկավար Քերիմ Բագրատունի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլասը, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր:

 

 

Նախորդը

Ուքրանիան Յայտարարած Է Հակայարձակման Առաջին Արդիւնքները

Յաջորդը

Ռիատի Մէջ. Սալամ Լիբանանը Ներկայացուց Արաբական-Չինական Գործարարներու Խորհրդաժողովին

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 31, 2025
Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?