Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Վերահաստատեց Ապահովութեան Խորհուրդի Թիւ 1701 Բանաձեւին Կառչած Մնալու Լիբանանի Յանձնառութիւնը

June 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոն` ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի վերահաստատեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին կառչած մնալու Լիբանանի յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու քայլերէն անշեղ մնալու Լիբանանի կեցուածքը` ի խնդիր հարաւային Լիբանանի խաղաղութեան եւ կայունութեան երաշխաւորումին:

Միքաթի ՄԱԿ-էն պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ` կասեցնելու համար սահմանային Կապոյտ գիծին դէմ իր գործած ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ կասեցնելու լիբանանեան հողերուն դէմ իր գործած սահմանային խախտումները, որոնք վտանգաւոր լարուածութիւն պատճառեցին:

Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան կառչած կը մնայ բռնագրաւուած իր հողերը ազատագրելու իր իրաւունքին:

Միքաթի Ֆայեատի Հետ Քննարկեց
Պաղեստինեան Եւ Սուրիական Գաղթակայաններու
Ելեկտրականութեան Թղթածրարը 

Միքաթի ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատը, որուն հետ քննարկեց պաղեստինեան եւ սուրիական գաղթակայաններու ելեկտրականութեան թղթածրարը:

Ֆայեատ նշեց, որ հանդիպումին ներկայ գտնուած են նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու եւ պաղեստինցի գաղթականներու հարցերով զբաղող միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք տեղեակ պահուած են այդ գաղթակայաններուն կողմէ սպառուող ելեկտրական հոսանքին սակը վճարելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ֆայեատ ընդգծեց, որ լիբանանցիներէն չէ պահանջուած պաղեստինեան եւ սուրիական գաղթակայաններուն սպառած  ելեկտրական հոսանքին սակը վճարել:

Ֆայեատ շեշտեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը այսօրուան իր նիստին պիտի քննէ զոյգ թղթածրարները, որովհետեւ մօտիկ ապագային պիտի ճշդուին յունուար եւ փետրուար ամսուան ելեկտրական հոսանքին սակերը, եւ լիբանանցիները պէտք է իմանան, որ իրենցմէ չէ պահանջուած վճարել սուրիացի տեղահանուածներուն սպառած ելեկտրականութեան սակը:

Ֆայեատ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ը եւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն համաձայնութիւն յայտնած են հոգալու ելեկտրականութեան սակը եւ անմիջական  լուծում մը գտնելու այս հարցին:

 

Նախորդը

Ռիատի Մէջ. Սալամ Լիբանանը Ներկայացուց Արաբական-Չինական Գործարարներու Խորհրդաժողովին

Յաջորդը

Նախագահական Ընտրութեան Նիստի Նախօրեակին Նոր Նախագահ Մը Ունենալու Անհաւանականութիւնը Կը Մնայ Տիրական

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.