Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատի Մէջ. Պու Հապիպ Մասնակցեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Խորհրդաժողովին

Յունիս 12, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդառաջելով Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հրաւէրին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Ռիատի մէջ մասնակցեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի խորհրդաժողովին:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պու Հապիպ բարձր գնահատեց այս խորհրդաժողովը կազմակերպելու ջանքերը, որոնք պիտի կեդրոնանան ՏԱՀԵՇ-ին եւ մեր երկիրներուն, հասարակութիւններուն, արժէքներուն, ազատութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարդկային, պատմական ու մշակութային աւանդին դէմ անոր ներկայացուցած ահաբեկչական գոյացութեան վերջ տալու անհրաժեշտութեան վրայ:

Պու Հապիպ ընդգծեց, որ Լիբանան հզօր պայքար մղեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, եւ տառապելով հանդերձ անոր գործադրած պայթումներէն, կրցաւ պայքարիլ անոր դէմ եւ իր ժողովուրդով ու բանակով կրցաւ տապալել ՏԱՀԵՇ-ը, ինչպէս նաեւ բացայայտել ու կազմաքանդել անոր ցանցերն ու դատավարութեան ենթարկել անոր պատասխանատուները` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արձանագրած զինուորական յաղթանակէն ետք:

Պու Հապիպ շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան այս իմաստով որդեգրեց նաեւ օրէնսդրական շարք մը քայլեր` սահմանափակելու համար ահաբեկչական այդ ցանցին ֆինանսաւորումը, ինչպէս նաեւ հզօրացուց սահմանային շրջաններու հսկողութիւնը` արգիլելու համար դէպի լիբանանեան հողեր ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն ներթափանցումը:

«Լիբանան յաջողեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչութիւնը արգիլել երկրին մէջ յաջողութիւն կամ ապահով միջավայր ստեղծելով, յատկապէս գաղթականներու եւ տեղահանուածներու համախմբումի վայրերուն մէջ», յայտնեց ան:

Պու Հապիպ զգուշացուց սակայն, որ արդէն իսկ երկու միլիոն հաշուող սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահելու քաղաքականութիւնը Լիբանանի համար վնասակար կրնայ ըլլալ, որովհետեւ յատկապէս Լիբանանի հիւսիսային եւ արեւելեան շրջաններուն մէջ մարդկային ծանր պայմաններու տակ ապրելու անոնց իրականութիւնը կրնայ ահաբեկչական շարժումներու կողմէ շահագործուիլ եւ զանոնք վերածել լարուած ռումբերու, որոնք իրենց կարգին կրնան սպառնալ Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն երկիրներուն, որոնք զօրակցեցան եւ կ՛օժանդակեն լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ապահովական ուժերուն:

Պու Հապիպ ընդգծեց, որ իրենց միասնականութիւնն ու ահաբեկչութեան դէմ ջանքերու մէկտեղումը, իբրեւ երկիրներ, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային կազմակերպութիւններ ու հասարակութիւններ, հաստատօրէն պիտի ծառայեն շրջանին ապահովական կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանումին:

 

Նախորդը

«Ժողովուրդը Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութեան Կը Սպասէ, Իսկ Պաշտօնական Կեցուածքները Կ՛անդրադառնան Օրինաթիւ Չգոյացնելու Հաւանականութեան» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Յաջորդը

«Էհտենի Սպանդին Օրը Անոնք Եկան, Երբ Քնացած Էինք, Իսկ Այսօր Արթուն Ենք. 13 Յունիսին Պատահածը 14 Յունիսին Պիտի Չպատահի» Շեշտեց Սլէյման Ֆրենժիէ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?