Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 12, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.300 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Լիբանանի մէջ քոլերայի համաճարակը իր աւարտին հասած է:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 13 յունիս 2023-ին, քննարկելու համար սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երեքշաբթի, 13 յունիս 2023-ի երեկոյեան, Հզօր Լիբանան համախմբումի գումարելիք նիստէն ետք կարեւոր յայտարարութիւններ պիտի կատարէ` անդրադառնալով յաջորդ օր տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան: Միւս կողմէ, Պասիլ երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը, որուն մէջ նշեց. «Էհտենի սպանդը մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ խոր յուշ, որ կը մարմնաւորէ քաղաքական բռնարարքներ գործելու տրամադրութիւնը»:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի շաբաթավերջին մեկնեցաւ Ռիատ` խորհրդակցութեան նպատակով:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ երեսփոխանները վերադառնան իրենց խիղճին եւ յանգին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, որպէսզի այդ ընտրութիւնը իր կարգին դառնայ երկրի փրկութեան նախաքայլը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս հաստատեց, որ ներկայիս ընդհարումը հիմնական երկու ուղղութիւններու վրայ կը կեդրոնանայ` աւելցնելով, որ միջին դերակատարութեան կառչած մնացողները կա՛մ պատեհապաշտ են, կա՛մ երկչոտ են եւ կա՛մ դաւադիր:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան իրենց թեկնածուին` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէին կը զօրակցին, որովհետեւ զայն յարմար կը նկատեն այս փուլին, որովհետեւ Ֆրենժիէ ժողովուրդին իրագործած յաղթանակները չի հարուածեր:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ ինք, երեսփոխաններ Ուսամա Սաատ եւ Շարպել Մասաատ, փոփոխութեան կարգ մը երեսփոխաններ եւ Ազգային չափաւորականութիւն պլոքի կարգ մը երեսփոխաններ, չորեքշաբթի օրուան նախագահական ընտրութեան նիստին ընթացքին պիտի քուէարկեն իրենց թեկնածուին, որ երրորդ թեկնածու մըն է եւ բոլորին կողմէ կրնայ ընտրուիլ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ արտերկրի մէջ ապրող լիբանանցիներուն զգուշ վարուելու եւ երկրին քանդումը պատճառող անխոհեմութիւններէն հեռու մնալու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ այցելեց Քֆարշուպայի մէջ իսրայէլեան պուլտոզըրին իր մարմինով դիմադրած լիբանանցի քաղաքացի Իսմայէլ Նասերի բնակարանը եւ բարձր գնահատեց անոր քաջութիւնը: Ֆայեատ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ է պաշտպանելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ հորիզոնին վրայ հանրապետութեան նոր նախագահ մը չ՛երեւիր` աւելցնելով, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի դէմ Ժիհատ Ազուրի թեկնածութիւնը առաջադրողը կը միտի դէպի Պաապտա Ֆրենժիէի ուղին խոչընդոտել:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ քաղաքական իրենց խմբաւորումը բնականոն կերպով պիտի քուէարկէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէին, որ իրենց առաջադրած թեկնածուն է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը եւ արժանապատիւ կեանք մը ունենալու կարելիութիւնը կարմիր գիծեր են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ չորեքշաբթի, 14 յունիս 2023-ին գումարուելիք նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը պիտի ըլլայ անկիւնադարձային: Ան նկատել տուաւ, որ այդ նիստին ընթացքին սպիտակ քուէներու եւ կարգախօսներու վրայ հիմնուող քաղաքական կողմը պիտի նպաստէ նախագահական ընտրութիւնը ձախողեցնելու միտող դիմադրութեան առանցքին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան չորեքշաբթի օրուան նիստին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը ի նպաստ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի պիտի քուէարկէ: Ան աւելցուց, որ Ֆրենժիէ ամերիկեան ցուցմունքներուն ենթակայ չէ եւ Դիմադրութեան կռնակէն չի հարուածեր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ հանդիպում մը ունեցաւ կարգ մը անկախ եւ փոփոխութեան երեսփոխաններու հետ եւ անոնցմէ խնդրեց, որ նախագահական ընտրութեան ընթացքին ի նպաստ իրեն չքուէարկեն:

 

Նախորդը

Խամենէի. «Հիւլէական Համաձայնութեան Կնքման Մէջ Խնդիր Չկայ»

Յաջորդը

«Ժողովուրդը Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութեան Կը Սպասէ, Իսկ Պաշտօնական Կեցուածքները Կ՛անդրադառնան Օրինաթիւ Չգոյացնելու Հաւանականութեան» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.