ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 93.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.200 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց ամերիկեան պատուիրակութիւն մը, որուն ընկերակցեցան ամերիկեան դեսպանատան անձնակազմէն անդամներ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան մարդկային իրաւունքներու եւ երեխաներու վերաբերող շարք մը հարցեր:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ սպաներու աստիճանի բարձրացման որոշումի ստորագրուելէն շաբաթ մը ետք շրջանառութեան մէջ դրուած են տեղեկութիւններ, թէ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կը մերժէ զայն հրապարակել: Պու Սաապ շեշտեց, որ սպաներու աստիճանի բարձրացման վաւերացումը կարեւոր է, եւ զինուորականները արժանի են անոր` աւելցնելով, որ այս թղթածրարը պէտք չէ քաղաքականացնել` պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի վրայ ճնշում բանեցնելու նպատակով: «Բանակը իր խօսքը ունի, եւ սպաներուն նկատմամբ պէտք է արդար ըլլալ», հաստատեց ան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-սէուտական բարեկամական միութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ հնչած վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները կը ներկայացնեն բողոքի ցոյց կազմակերպած ցուցարարներուն անվայել կեցուածքը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ինք կը նախատեսէ, որ 14 յունիս 2023-ի նախագահական ընտրութիւնը շատ աւելի վատ բեմագրութեամբ պատրաստուի, քան` նախկին նիստերը: Ան մտավախութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ արձանագրուելիք ապահովական կարգ մը դէպքերու հաւանականութեան մասին:
ԺԵԶԶԻՆԻ մէջ քաղաքացի մը կրակ բացաւ իր կնոջ եւ անոր մօր վրայ ու սպաննեց զանոնք եւ ապա անձնասպան եղաւ:
ՔՖԱՐԹԸՊՆԻԹԻ աղբանոցը դատական որոշումի մը հիման վրայ փակուեցաւ կարմիր մոմով: