Իսրայէլ Հըզպալլան Կը Մեղադրէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Միջազգային Խաղաղապահ Ուժերը Թիրախ Դարձնելու Յանցանքով
Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ շաբաթ, 30 մարտ 2024-ին հարաւային Լիբանանի Ռըմէյշ գիւղաքաղաքին մէջ արձանագրուած պայթումը, որուն պատճառով վիրաւորուած էին ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու շրջուն ջոկատի զինուորները, հետեւանք էր Հըզպալլայի կողմէ լարուած ականի մը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը ականի մը պայթումին պատճառով վիրաւորուած են: ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր...




















