Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պքերքէի Մէջ. «Խորհրդարանը Սահմանադրութիւնը Կը Խախտէ Եւ Դիտմամբ Լիբանանը Կը Զրկէ Հանրապետութեան Նախագահէ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

April 3, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ս. Զատկուան տօնին առիթով Պքերքէի մէջ նախագահած Ս. պատարագին ընթացքին շեշտեց, որ իրենց մշակոյթն է խաղաղութիւն կերտել եւ ոչ թէ պատերազմ հրահրել:

Ան կոչ ուղղեց բանակցութիւններու` վերջ տալով տարակարծութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել, որպէսզի Լիբանանը իր հարաւային եւ այլ շրջաններով պատերազմի մէջ չներքաշուի:

«Պէտք չէ հարաւային Լիբանանը վերածել  այլոց պատերազմի բառարաններուն մէջ գտնուող բացիկի մը», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ խորհրդարանը` յանձին իր նախագահին ու անդամներուն, սահմանադրութեան գործադրութիւնը կը խախտէ եւ դիտմամբ ու առանց օրինական պատճառաբանութեան Լիբանանը հանրապետութեան նախագահէ կը զրկէ:

Ան հաստատեց, որ իրենք Լիբանանի համար դրական չէզոքութիւն կը պահանջեն, որովհետեւ անիկա կը դրսեւորէ Լիբանանի իսկական ինքնութիւնը:

Ս. Զատկուան առիթով մատուցուած պատարագէն առաջ Ռայի պատրիարքը դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ արդարութեան, հաղորդակցութեան միջոցներու, զբօսաշրջութեան եւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատարներ Հանրի Խուրիի, Ճոնի Քըրըմի, Ուալիտ Նասսարի եւ Զիատ Մքերիի հետ:

Քննարկուեցան երկիրը յուզող հարցերը:

Միւս կողմէ, օր մը առաջ Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնին վերաբերող իր պատգամին մէջ Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ խաղաղութիւնը, որ Լիբանանին պատգամն է, միայն պատերազմին աւարտ մը դնել չի նշանակեր, այլ նաեւ` քաղաքական եւ տնտեսական խաղաղութիւն կը նշանակէ:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, որ շնորհաւորելէ ետք պատրիարքը յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են ամէն ինչի` պաշտպանելու համար իրենց գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ պատրաստ են ներելու եւ հաշտուելու, ինչքան ալ անիրաւութեան եւ ցաւի ենթարկուած ըլլան:

«Մենք միայն Պքերքէի հրաւէրին չենք ընդառաջեր, այլ նաեւ կը ջանանք կեցուածքը միասնականացնել», ըսաւ ան:

Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով խօսք առաւ նախկին նախարար Մէյ Շիտիաք, որ կոչ ուղղեց ընտրելու բարեկարգումները գործադրելու ատակ, գերիշխան հանրապետութեան նախագահ մը:

Շիտիաք ընդգծեց, որ Լիբանան յարութեան պիտի չհասնի, եթէ կարելի չըլլայ զայն ազատագրել նախագահական ընտրութիւնը խանգարող արգելքներէն:

Նախորդը

Պու Սաապ Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Շրջանային Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Միքաթի Կը Մտածէ Կառավարութիւնը Հրաւիրել Ժողովի Մը

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.