Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 4, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն, պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան Ֆիթրի առաջին եւ երկրորդ օրուան ընթացքին: Հրամանագիրին մէջ նշուեցաւ, որ Ֆիթրի տօնին առաջին օրուան մասին կը յայտարարեն Տար Ֆաթուան եւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդը: «Եթէ պատահի, որ Ֆիթրի տօնին առաջին օրը նոյն օրուան զուգադիպի, ապա պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան միայն երկու օր», կը նշէ հրամանագիրը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի հետ` ցաւակցութիւն յայտնելով Դամասկոսի իրանեան դեսպանատան վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառած զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն: Պու Հապիպ վերահաստատեց Լիբանանի կողմէ այդ դէպքին դատապարտումը` հաստատելով, որ անիկա բացայայտ խախտում է դիւանագիտական յարաբերութիւններուն վերաբերող Վիեննայի համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ վտանգաւոր մագլցում մըն է, որ կը սպառնայ շրջանային ապահովութեան եւ խաղաղութեան:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ հանգստեան կոչուածներուն ամսական աշխատավարձերը պատրաստ են արդէն, եւ իւրաքանչիւրը իր համապատասխան դրամատունէն կրնայ ստանալ իր աշխատավարձը` ուրբաթ, 5 ապրիլ 2024-էն սկսեալ: Նախարարութիւնը նշեց նաեւ, որ զինուորականներն ու բանակայինները երկու օր առաջ արդէն իսկ ստացած են իրենց աշխատավարձերը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց, որ սեւ շուկան հակակշիռի տակ առնելուն եւ լիբանանեան դրամանիշին փոխարժէքը կայուն պահելուն հիմնական պատճառը տոլարացումն է:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման. «Կ՛ակնկալենք, որ Հըզպալլա Իրանէն պահանջէ, որ զինք չներքաշէ Իրանի դէմ տրուելիք պատասխանին մէջ»:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները երրորդ անգամ ըլլալով յետաձգելը վտանգաւոր է եւ կարելի չէ անմիջապէս որդեգրել այդ որոշումը: «Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ կազմ ու պատրաստ է այդ ընտրութիւնները կատարելու, հետեւաբար եթէ մօտիկ ապագային զինադուլ հաստատուի եւ զինուորական գործողութիւնները դադրին, ապա կարելի է այդ ընտրութիւնները կատարել», ըսաւ ան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց երեսփոխան Ատիպ Ապտել Մեսիհը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Անոնք հաստատեցին, որ գերիշխան եւ բարեկարգումներ գործելու պատրաստ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` Կազայի պատերազմն ու հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական մագլցումները: Ներկաները քննարկեցին նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց երեսփոխան Իհապ Մաթարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Պլինքըն Եւ Մաքրոն Կազայի Պատերազմի Ընդլայնման Կանխարգիլման Եւ Լիբանանի Մէջ Մագլցումէ Խուսափելուն Կարեւորութիւնը Կը Շեշտեն

Յաջորդը

Քանաան Ճոնսընի Հետ Քննարկեց Քաղաքական Եւ Ելեւմտական Տագնապները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.